Իր անուանակոչութեան տօնին օրը Սրբազան Պապը հանդիպեցաւ կարիքաւորներուն։

Հանդիպման աւարտին բոլոր ներկաները միաձայնութեամբ Քահանայապետին ձօնեցին բարի մաղթանքի երգ մը։

Վատիկան Նիուզ

«Այսօր իր անուանակոչութեան տօնին օրը, առաւօտեան ժամը 10.30-ին Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Պօղոս Զ դահլիճի նախասրահը ուր կարիքաւոր անձեր իրենց կարգը կը սպասէին պատուաստը ընդունելու համար» լուրը կը յայտնէ Սուր Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը։

Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց ներկաները ու ապա ողջունեց նաեւ առողջապահական մարզի կամաւորները։

Հանդիպման աւարտին բոլոր ներկաները միաձայնութեամբ Քահանայապետին ձօնեցին բարի մաղթանքի երգ մը։

Նորին Սրբութիւնը Ողորմաբաշխութեան գրասենեակի միջոցաւ երախտագիտական խօսքեր ուղղեց անոնց, որոնք սատարեցին պատուաստը մատչելի դարձնելու աղքատներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապը ժամը 11-ին վերադարձաւ Սանթա Մարթա։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2021, 13:02