Ատուծոյ ծառայ Խոսէ Հերնանտեզ Ատուծոյ ծառայ Խոսէ Հերնանտեզ 

Աստուծոյ ծառայ Խոսէ Հերնանտեզ Լատերանեան համալսարանի խաղաղութեան գիտութեան բաժանմունքի համապաշտպանը։

ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը հինգշաբթի, 29 ապրիլին, ձեռագիր նամակով մը Աստուծոյ ծառայ Խոսէ Կրէկորիոնյ հռչակեց Լատերանեան համալսարանի Խաղաղութեան գիտութեան բաժանմունքի համապաշտանը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Աստուծոյ ծառայ Խօսէ Կրէկորիօ Հերնանտեսի երանացման արարողութեան շուքին ներքոյ,  ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, հինգշաբթի, 29 ապրիլին, ձեռագիր նամակով մը Աստուծոյ ծառայ Խոսէ Կրէկորիոն հռչակեց Լատերանեան համալսարանի Խաղաղութեան գիտութեան բաժանմունքի համապաշտանը։

Նշեալ համալսարանի խաղաղութեան գիտութեան բաժանմունքի առաջին պաշտպանը նշանակուած է երանելի Ժովաննի Տէելլա Բաչէ, որ կը պատկանի Ֆրանչիսկեաններու միաբանութեան։ Նշանակումը տեղի ունեցած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ 2018 թուականին։

Նշենք, որ աղքատներու բժիշկ Աստուծոյ ծառայ խօսէ Կրէկորիօ Հերնանետսի երանացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 30 ապրիլին, նախագահութեամբ Վենեզուելլայի մէջ Պապական նուրիակ, Արքեպիսկոպոս Ալտօ Ժորտանոյին։

Իսկ կիրակի 2 մայիսին, Հռոմի Սանթա Մարիա Այ Մոնթի տաճարէն ներս գոհաբանական սուրբ Պատարագ պիտի մատուցէ Վատիկանի Պետական ենթաքարտուղար Արքեպիսկոպոս Էտկար Փառան։ Սուրբ Պատարագին իրենց մասնակցութիւն պիտի բերեն Հռոմի մէջ հաստատուած Վենեզուելլացիները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2021, 15:50