Քահանայապետին քարոզը Սուրբ Զատկուայ հսկումի պատարագին։

«Մի վախնաք, Յարութիւն առաւ. Ան, մեզ կը սպասէ Գալիլեայի մէջ։ Քու սպասումներդ անաւարտ պիտի չի մնան. Քու արցունքներդ պիտի չորնան քու վախերդ պիտի յաղթուին յոյսէն, որովհետեւ Տէրը մեզ կը կանխէ, մեր առջեւէն կը քալէ եւ անոր հետ կեանքը դարձեալ կը վերսկսի»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 3 ապրիլ 2021-ի երեկոյեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ գլխաւորեց Սուրբ Զատկուայ հսկումի պատարագը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին կղերական դասն ու շատ սահմանափակ թիւով հաւատացեալներու խումբ  մը։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած յաւուր պատշաճի քարոզին մէջ Քահանայապետը մեկնաբանեց Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած եւ օրուան խորհուրդին հայող դրուագը՝ «Յիսուսին հրաշափառ Յարութեան Աւետիսը» կիներուն։

«Երբ շաբաթը անցաւ, Մարիամ Մագդաղենացին, Մարիամը` Յակոբի մայրը, եւ Սողոմէն, գացին խունկեր գնեցին, որպէսզի գան եւ օծեն մարմինը… Եւ ներսը, գերեզման մտնելով` տեսան երիտասարդ մը, որ սպիտակ պատմուճան հագած` նստած էր աջ կողմը. Եւ սաստիկ վախցան։ «Մի՛ վախնաք, ըսաւ անոնց, խաչուած Նազովրեցի Յիսո՞ւսը կը փնտռէք. Յարութիւն առաւ, հոս չէ՛, ահա՛ւասիկ տեղը ուր դրուած էր։  Բայց գացէ՛ք, ըսէ՛ք անոր աշակերտներուն եւ Պետրոսի` թէ ահա ձեզմէ առաջ Գալիլեա կ՛երթայ. Հո՛ն պիտի տեսնէք զինքը, ինչպէս որ ձեզի ըսած էր»։

Գալիլեա երթալու նշանակութիւնը

«Ի՞նչ կը նշանակէ Գալիլեա երթալ»,  հարց տուաւ Սրբազան Պապը ու պատասխանեց.«Գալիլեա երթալ նախ եւ առաջ կը նշանակէ վերսկսիլ։ Աշակերտներուն համար այդ մէկը կը նշանակէր վերադառնալ այն վայրը ուր առաջին անգամ հանդիպեցան Տիրոջ հետ, ուր Ան զիրենք կոչեց իրեն հետեւելու։ Առաջին հանդիպումի, առաջին սիրոյ վայրն է»,  ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով, որ հակառակ որ աշակերտները Յիսուսին հետեւեցան սակայն լաւապէս չի հասկցան զինք ու խաչին դիմաց  փախուստ տուին։

Հակառակ այս ձախողութեան Յարուցեալ Տէրը դարձեալ կը ներկայանայ, որպէս Ան որ անոնցմէ առաջ Գալիլեա կ՜երթայ։ Կը կանխէ զանոնք այսինքն անոնց առջեւէն կը քալէ ու զանոնք դարձեալ կը կոչէ հետեւելու իրեն։

«Յարուցեալը անոնց կ՛ըսէ. «եկէք վերսկսինք այնտեղէն որտեղէն սկսած էինք» յարեց Քահանայապետը ու նշեց թէ Սուրբ Զատկուայ առաջին աւետիսը այն է՝ թէ «միշտ կարելի է վերսկսիլ,  որովհետեւ Աստուած կարող է մեզի նոր կեանք պարգեւել, հակառակ մեր ձախողութիւններուն»։

Վերսկսիլ ու երբեք յոյսը չի կորսնցնել

«Համաճարակի այս խաւար ամիսներուն ընթացքին լսենք յարուցեալ Տէրը, որ մեզ կը հրաւիրէ վերսկսելու ու երբեք յոյսը չի կորսնցնելու» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով «Գալիլեա Երթալ» խօսքին այլ իմաստի մը, այսինքն քալել նոր արահետներու վրայ։ Ընթանալ գերեզմանի հակառակ ուղղութեամբ։ Կիները Յիսուսը կը փնտռեն գերեզմանին մէջ։ Անոնք կ՛երթան այնտեղ յիշատակ կատարելու իրականութեան մը, որ գեղեցիկ էր բայց աւարտին հասաւ։ «Ասիկա յիշատակներու հաւատք է» դիտել տուաւ Սրբազան Պապը։ Սովորութիւններու հաւատք…մինչ Գալիլեա Երթալ կը նշանակէ ապրիլ հաւատքը՝ որպէսզի ան կենդանի ըլլայ, դարձեալ ճամբայ ելլել, վերակենդանացել առաջին հանդիպումի զարմանքը ապա խոնարհութեամբ ապաւինիլ Աստուծոյ ճանապարհներուն։

Գալիլեա երթալ կը նշանակէ նաեւ երթալ դէպի ծայրամասերը

«Գալիլեա երթանք բացայայտելու համար, որ Աստուած չի կրնար ըլլալ միայն մեր մանկութեան յիշատակը ան կենդանի է, միշտ կը զարմացնէ, Յարութիւն առաւ։ Յիսուս անցեալի անձնաւորութիւն մը չէ, Ան կենդանի է կ՛ապրի այստեղ եւ հիմա։ Ան մեր հետ կը քալէ ամէն օր։ Նոր ճանապարհներ կը բանայ ու մեզ կը մղէ յառաջ ընթանալու հակահոսանք…նոյնիսկ եթէ ամէն բան կորսուած թուայ, բացուինք նորութեան. Ան մեզ պիտի զարմացնէ», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա նշեց, թէ «Գալիլեա երթալ կը նշանակէ նաեւ երթալ դէպի ծայրամասերը»։

«Գալիլեան արդարեւ Երուսաղեմէն հեռու վայր մըն էր եւ Յիսուս ճիշտ այնտեղէն սկիզբ տուաւ իր առաքելութեան։ Եւ ահա ան այսօր դարձեալ կը խնդրէ այնտեղ վերադառնալ։ Այդ առօրեայ կեանքի վայրին ուր ինք մեզ կը կանխէ։ Գալիլեայի մէջ սորվինք Յարուցեալին դիմագիծը վերագտնել եղբայրներու դիմագիծին մէջ, անոնց ժպիտներուն  եւ արցունքներուն մէջ թելադրեց Սրբազան Պապը ու մատնանշեց երրորդ Աւետիսին, «Յիսուս Յարուցեալը մեզ կը սիրէ անսահման կերպով ու ամէն օր կ՛ապրի մեր կեանքի իրադարձութիւնները։ Ճանչնանք զանոնք մեր Գալիլեաներուն մէջ։ Մերօրեայ կեանքին մէջ։ Անոր հետ կեանքը պիտի փոխուի քանի որ բոլոր պարտութիւններէն, չարիքներէն և բռնութիւններէն անդին, բոլոր տառապանքներէն և մահէն անդին, Յարուցեալը կ՛ապրի եւ պատմութիւնը կ՛առաջնորդէ» հաստատեց  Ֆրանչիսկոս Պապը ու քարոզը աւարտեց հրաւիրելով մեր սիրտը բանալ Սուրբ Զատկուայ զարմանքին։  «Մի վախնաք, Յարութիւն առաւ» ըսաւ Ան, «Մեզ կը սպասէ Գալիլեայի մէջ»։ Քու սպասումներդ անաւարտ պիտի չի մնան. Քու արցունքներդ պիտի չորնան քու վախերդ պիտի յաղթուին յոյսէն, որովհետեւ Տէրը մեզ կը կանխէ, մեր առջեւէն կը քալէ եւ անոր հետ կեանքը դարձեալ կը վերսկսի»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/04/2021, 20:44