Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Քրիստոսի հետ յոյսի կրակ վառել յուսահատ, լքուած տխուր անձերու մէջ։»

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց քաղաքական եղբայրութեան եւ Chemin Neuf ընկերակցութեան անդամները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 30 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Պապ, Վատիկանի մէջ ընդունեց քաղաքական եղբայրութեան եւ Chemin Neuf ընկերակցութեան անդամները։ Ողջոյնի խօսքին սկիզբը սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց հասարակութեան անդամներուն տուած այցելութեան համար հակառակ համաճարակի դժուարութիւններուն, գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ, որ իր Սուրբ Հոգիին միջոցաւ կը յայտնուի հասարակութեան անդամներուն հոգեւոր ուղեւորութեան մէջ՝ աղքատներուն բարիքի ծառայութեան մէջ, ծառայութիւն ուղղուած արդար եւ եղբայրական աշխարհի մը համար։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը մաղթեց, որ ընկերակցութեան անդամներուն ծառայութիւնն ու աշխատանքները՝ բնորոշուած աւետարանի ուժով, վերադարձնեն կեանքի համն ու յոյսը անթիւ անձերուն մէջ, յատուկէն երիտասարդներուն։

Կամուրջներ կառուցել անձերուն ու ժողովուրդներու միջեւ

Քաջալերեց չվախնալ եւ ընթանալ եղբայրութեան ուղիներու վրայէն եւ կամուրջներ կառուցել անձերու, ժողովուրդներու միջեւ, աշխարհի մը մէջ ուր կը բարձրացուին շատ մը պատնէշներ՝ ուրիշներու վախին պատճառաւ։ Ան յորդորեց որ ընկերակցութեան նախաձեռնութիւններուն եւ ծրագիրներու միջոցաւ տեսանելի դառնայ աղքատ եկեղեցի մը աղքատներու հետ, դուրս եկող եկեղեցի մը որ կը մօտենայ տառապանքի, մեկուսացումի մէջ գտնուող անձերուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ համաճարակի տագնապի մասին նշելով որ համաճարակը բոլորիս սորվեցուց, թէ կը գտնուինք միեւնոյն նաւուն մէջ,, դժուարութիւններուն պիտի կարենանք յաղթահարել, լոկ եթէ ընդունինք միասնաբար աշխատիլը։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ Եւրոպայի մէջ գաղթականներու ներկայութեան, նկատել տալով որ երբ կը խօսուի գաղթականներու մասին, ստէպ կը կանգնինք թիւերու վրայ ։ Գաղթականները թիւեր չեն այլ անձերը։ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւեցնելով ,որ գաղթականներու հետ հանդիպումով կը ճանչնանք անոնց վիճակն ու պատմութիւնները։

Յոյսի կրակը վառել յուսալքուած, տխուր անձերու մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց հաստատ մնալ համոզումներու ու հաւատքի մէջ։ Երբեք չմոռնալ, որ Քրիստոս կենդանի է ու կը հրաւիրէ իր կողքին ընթանալու։ Մաղթեց, որ Քրիստոսի հետ յոյսի կրակը վառել յուսալքուած, տխուր երիտասարդներուն սիրտին մէջ ։

Ֆրանչիսկոս Պապ խրախուսեց մշակել բարեկամութեան կապեր, եղբայրութեան կապակցութիւն, աւելի լաւ աշխարհի համար նկատել տալով Քրիստոս կը վստահի երիտասարդներուն քաջութեան ու խանդավառութեան վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր պատգամը յանձնելով ընկերակցութեան անդամները ու երիտասարդներն սուրբ Կոյսի Մարիամի բարեխօսութեան ու Սուրբ Իգնատիոսի պաշտպանութեան։ Շնորհելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց ,որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2021, 12:00