Լորեթոյի սրբավայրը Լորեթոյի սրբավայրը 

Աշխարհի բոլոր սրբավայրերը մայիս ամսուան ընթացքին պիտի աղօթեն համաճարակի աւարտի դիտաւորութեան։

Քահանայապետական նոր աւետարանումի խթանման խորհուրդի հաղորդագրութիւնը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քահանայապետական նոր աւետարնումի խթանման խորհուրդի հրապարակած հաղորդագրութեան նշուած է ֆրանչիսկոս Պապին փափաքին համաձայն, մայիս ամիսը պիտի նուիրուի աղօթքի մրցումին ունենալով իբրեւ նիւթ ամբողջ «եկեղեցիէն աղօթք կը բարձրանար Աստուծոյ »։

Ունկնդրէ լուրը

Աղօթքի նախաձեռնութեան հրաւիրուած են յատուկէն աշխարհի բոլոր սրբավայրերը, խթանելու համար բոլոր հաւատացեալները, քրիստոնեաները, հասարակութիւնները վարդարանը աղօթելու, համաճարակի աւարտին դիտաւորութեամբ։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է որ, աշխարհի մէջ տարածուած երեսուն սրբավայրերը պիտի առաջնորդեն Մարեմեան աղօթքը, որ ուղիղ եթերով պիտի սփռուի Սուրբ Աթոռի պաշտօնական կայքերէն, ամէն օր Հռոմի ժամով երեկոյեան ժամը 6ին։

Ֆրանչիսկոս Պապ աղօթքի բացումը պիտի կատարէ մէկ մայիսին ու անոր փակման արարողութեան պիտի նախագահէ 31 մայիսին։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/04/2021, 10:51