Քահանայական ձեռնադրութիւն Սուրբ Պետրոսին մէջ. «Օրինակ առէք ու հրետեցէք Բարի հովիւին». Ֆրանչիսկոս Պապ

«Եթէ դուք ապրիք չորս մօտիկութիւնները, Աստուծոյ, Եպիսկոպոսին, ձեր միջեւ ու Աստուծոյ ժողովուրդին նկատմամբ մօտիկութիւնը, պէտք չէ վախ ունենաք։ Ամէն ինչ լաւ պիտի ընթանայ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 25 ապրիլ 2021-ի, Կոչումներու նուիրած Աղօթքի համաշխարհային օրուան առթիւ, ֆրանչիսկոս Պապը առաւօտեան ժամը 9ին, Սուրբ Պետրոսի մէջ գլխաւորած Սուրբ Պատարագի ընթացքին Քահանայական ձեռնադրութիւն շնորհեց` հռոմի Թեմին պատկան ինը նոր քահանաներու, որոնցմէ վեցն անդամ Հռոմի Աւագ քահանայապետական նորընծայարանին, երկուքը Ռետեմթորիս Մաթեր նորընծայարանին, իսկ այլ սարկաւագ մը Տիվինօ Ամորէ Տիրամօր նուիրուած միաբանութեան անդամ։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Պապը խրախուսեց նորօծ Քահանաները հետեւելու Աւագ Քահանայ Յիսուս Քրիստոս, Բարի Հովիւի օրինակին։

Քահանայաին չորս մօտիկութիւննեը

«Դուք ըսաւ Սրբազան Պապը այս քահանայական ձեռնադրութեան խորհուրդով մաս պիտի կազմէք Քրիստոսի առաքելութեան, միակ Վարդապետը։ Դուք պիտի ըլլաք իրապէս Հովիւներ, անոնք որոնք կ՛առաջնորդեն հօտը։ Կը քալեն անոր առջեւէն» յարեց Սրբազան Պապը խրախուսելով զանոնք իրենց այս առաքելութիւնը կատարելու երեք առանցքային քայլերով. «Մօտիկութիւն, կարեկցութիւն եւ քնքշութիւն» ու հրաւիրեց ըլլալ մօտիկ Աստուծոյ, աղօթքի միջոցաւ, ըլլալ մօտիկ Աստուծոյ Ժողովուրդին, ու նաեւ մօտիկ եպիսկոպոսին, հուսկ «մօտիկ դուք իրար միջեւ» ընդգծեց Սրբազան Պապը խրատելով երբեք չի չարախօսել մէկը միւսին դէմ այլ ըլլալ միացած ու քալել միասին։

Քահանայական ընտրութիւնը

«Ձեզմէ ոչ մին ուսանեցաւ քահանայ դառնալու համար, դուք ընտրուեցաք» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով ժողովուրդին քահանաները ըլլալու կարեւորութեան»։

«Մօտիկութեան ոճը Աստուծոյ ոճ է» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու շեշտը դրաւ նաեւ կարեկցութիւն ցուցաբերելու կարեւորութեան վրայ։ Եղէք ողորմած, կարեկից Աստուծոյ ժողովուրդին նկատմամբ։ Հեռու մնացէք սնապարծութենէն, դրամասիրութենէն, սատանան մուտք կը գործէ գրպաններէն, ջանացէք ըլլալ աղքատ աղքատներուն միջեւ, «աղքատ նաեւ հոգիով» աւելցուց Քահանայապետը զգուշացնելով զանոնք իրենց քահանայութիւնը վերածելէ լոկ աշխատանքի, մոռնալով իրենց ծառայութեան կոչումը։

Մխիթարութիւն փնտռել Յիսուսին ու Տիրամօր մօտ

Յիսուս կը մխիթարէ հովիւները, անոր մէջ փնտռեցէք սփոփանք։ Տիրամօր մօտ եւս գտէք մխիթարութիւնը եւ վախ մի ունենաք որովհետեւ «Եթէ դուք ապրիք չորս մօտիկութիւնները, Աստուծոյ, Եպիսկոպոսին, ձեր միջեւ ու Աստուծոյ ժողովուրդին նկատմամբ մօտիկութիւնը, պէտք չէ վախ ունենաք։ Ամէն ինչ լաւ պիտի ընթանայ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւարտելով իր քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2021, 09:43