Քահանայապետին քարոզը` աւագ հինգշաբթի օրուան միւռոնօրհնէքի պատարագին։

Խաչը ողջագուրելը այնպէս ինչպէս ըրաւ Յիսուս մեզի թոյլ կու տայ զատորոշել եւ ընտրել ու ետ մղել գայթակղութեան թոյնը, որուն միջոցաւ սատանան կ՛ուզէ մեզ թունաւորել այն ժամանակ երբ անսպասուած կերպով խաչ մը կ՛երեւնայ մեր կեանքին մէջ ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի մէկ ապրիլ 2021-ին, աւագ հինգշաբթի օրուան առիթով, առաւօտեան ժամը 10-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ գլխաւորեց Աւագ հինգշաբթի օրուայ միւռոնօրհնէքի պատարագը, որ կը յիշատակէ նաեւ Եկեղեցւոյ միութիւնը ու կղերական դասին հաղորդութիւնը եպիսկոպոսին հետ։

Այս առթիւ սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Պապը մեկնաբանեց օրուան Աւետարանը, որուն սկիզբը մատնանշեց Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած Յիսուսի մասին սոյն արտայայտութեան «Ասիկա միթէ Յովսէփի որդին չէ» (Ղուկ. 4, 22)։

Երկիմաստ նախադասութիւն

«Այս նախադասութիւնը մաս է այն երկիմաստ նախադասութիւններուն ու կարելի է զայն գործածել ուրախութեամբ. «Որքան գեղեցիկ է, որ համեստ ծագումով մէկ մը խօսի իշխանութեամբ» եւ կամ արհամարհանքով. «Այս անձը ո՞վ կը կարծէ ինքզինք» նշեց Քահանայապետը դիտել տալով. «Տէրը որ ընդհանրապէս լուռ կը մնար որոշ արտայայտութիւններու առջեւ այս անգամ չի հրաժարեցաւ զայն մեկնաբանելէն դիմակազերծելով չարին տրամաբանութիւնը որ թաքնուած է հասարակ բամբասանքի մը ետին»։

«Անշուշտ պիտի ըսէք ինծի այս առածը. «բժիշկ դուն քեզ բժշկէ»։ Ինչ որ լսեցինք որ ըրեր ես Կափառնաում, նոյնը հոս ըրէ, քու հայրենիքիդ մէջ» կ՛ըլլայ Յիսուսին պատասխանը։

Յիսուսին խօսքը իլոյս կ՛ընծայէ մեր սրտին մէջ թաքուն բաները

«Տէրը երկխօսութիւն չի հաստատեր չար ոգիին հետ, կը պատասխանէ միայն գրութեամբ։ Եղիա եւ Եսայի մարգարէներն ալ չէին ընդունուած իրենց հայրենակիցներէն սակայն անոնք ընդունուեցան Սարերթայի այրիէն Սիդոնի մէջ եւ Նէեման Ասորիէն, երկու օտարներ եւ այլ կրօնի պատկան անձեր» դիտել տուաւ հուսկ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ Յիսուսի խօսքը իշխանութիւն ունի ի լոյս ընծայելու այն ինչ որ մարդ կը պահէ սրտին մէջ, որ ընդհանրապէս խառնուածոյ մըն է նման ցորենին ու ցեցին։

«Արդարեւ ականատես ըլլալով Տիրոջ ողորմութեան արարքներուն եւ ունկնդրելով Անոր երանութիւնները եւ Աւետարանի «վայ» երը մենք ստիպուած ենք զատորոշում մը կատարելու» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը նշելով` որ «Աւետարանին հռչակումը մշտական կերպով կապուած է շօշափելի Խաչի մը ողջագուրումին։ Խօսքը յստակութիւն կը ներշնչէ անոր տրամադիր սրտերուն մէջ եւ մերժում անոնց մէջ, որոնք տրամադիր չեն»։

Հալածանք ու խաչ 

«Աւետարանին մէջ տարբեր պատմուածքներ մեզի ցոյց կու տան որ Բարի Լուրին աւետիսը խորհրդաւոր կերպով կապուած է հալածանքին եւ Խաչին» վերահաստատեց Քահանայապետը ներկայացնելով այս առընչութեամբ աւետարանական օրինակներ ապա առաջարկեց երկու խորհրդածութեան նիւթեր։

Առաջինը մեզ չի զարմացներ նկատել թէ ինչպէս Խաչը ներկայ է Յիսուսին կեանքին մէջ անոր առաքելութեան սկիզբէն ի վեր, նոյնիսկ Անոր ծնունդէն առաջ։ Ներկայ է Մարիամի վրդովմունքին մէջ, Սուրբ Յովսէփի տատամսումին մէջ, Հերովդէսին հալածանքին մէջ ու Սուրբ Ընտանիքին ապրած անհանգստութիւններուն մէջ, որոնք նոյն եւ նման են այն բոլոր ընտանիքներու անհանգստութիւններուն, որոնք ստիպուած են դիմելու գաղթականութեան ճանապարհին։

Այս մէկը մեզի հասկցնել կու տայ թէ Խաչը պատահական իրականութիւն մը չէ եւ ոչ ալ դաւադրութեան արդիւնք։ Յիսուս ողջագուրեց Խաչը իր ամբողջութեամբ. Ան ընդունեցաւ իր բարեկամներուն դաւաճանութիւնը, ընդունեց անարդար կալանաւորումը եւ ընդհանրական դատաստանը, անհամաչափ դատավճիռը, ապտակներու ու թուքերու անհիմն չարութիւնը ... «Ան ողջագուրեց Խաչը. որովհետեւ անոր մէջ երկմտութիւն չկայ։ Խաչին հետ զիջում չկայ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Երկրորդ խորհրդածութեան որպէս նիւթ Քահանայապետը ակնարկեց սատանային եւ օձի խայթին։ Խայթ, ըսաւ Սրբազան Պապը, որ կ՛ուզէ ապարդիւն դարձնել որեւէ ծառայութիւն եւ ուրիշներու համար սիրոյ զոհաբերութիւնը։ Անիկայ չարին թոյնն է, որ կը շարունակէ պնդել «դուն քեզ բժշկէ»։ Այդ խայթին մէջ ի յայտ կու գայ Աստուծոյ յաղթանակը։ «Սատանան խածնելով Յիսուսին մարմինը զայն չթունաւորեց, ընդհակառակը այդ մէկը դարձաւ սատանային համար թոյն ու մեզի համար հակաթոյն, որ կը չէզոքացնէ չարին ուժը» յարեց Սրբազան Պապը հրաւիրելով Տիրոջմէ հայցել շնորհքը, որպէսզի դաս քաղենք Աւետարանի ուսուցումներէն ու հասկնանք, որ Աւետարանի Խաչը փրկարար խաչ է։ Խաչ` որ ունի Քրիստոսի յաղթութեան ուժը, որ տապալեց չարը ու մեզ ազատեց Սատանայէն։

Զատորոշել եւ ընտրել խաչի միջոցաւ

Խաչը ողջագուրելը այնպէս ինչպէս ըրաւ Յիսուս մեզի թոյլ կու տայ զատորոշել եւ ընտրել ու ետ մղել գայթակղութեան թոյնը, որուն միջոցաւ սատանան կ՛ուզէ մեզ թունաւորել այն ժամանակ երբ անսպասուած կերպով խաչ մը կ՛երեւնայ մեր կեանքին մէջ ։

«Աւետարանը քարոզելով մեր Խաչը ողջագուրելու ձեւէն երկու բան ի յայտ կու գան. Թէ Աւետարանին միջոցաւ մեզի պատճառուած տառապանքները մերը չեն, այլ Քրիստոսին տառապանքնփրն են, որոնք մեր մէջ են, ու թէ մենք չենք հռչակեր մենք զմեզ այլ Քրիստոսը` Յիսուս, Տէրը։ Մենք միայն ծառաներ ենք շնորհիւ Յիսուսին» յարեց Սրբազան Պապը ու քարոզը աւարտեց ներկայացնելով իրեն պատահած դրուագ մը, «երբ, ըսաւ Ան, կեանքիս խաւար պահի մը ընթացքին մայրապետի մը խոստովանքի պահուն անորմէ խնդրեցի, որ աղօթէ ինծի համար, որովհետեւ կարիքը ունէի շնորհքի մը։ Մայրապետը ինծի պատասխանեց. «Տէրը քեզի այդ շնորհքը պիտի տայ, մի մտահոգուիր, սակայն զայն պիտի պարգեւ իր աստուածային ձեւով»։ «Այս խօսքը ինծի մեծ բարիք ու դաս եղաւ» ըսաւ Քահանայապետը, «զգալ, որ Տէրը մեր խնդրանքներուն կը համապատասխանէ միշտ, բայց զայն կ՛ընէ իր աստուածային ձեւով։ Ոչ թէ մազոխիզմէն մղուած, այլ սիրոյ համար, սէր մինչեւ վերջ ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/04/2021, 10:41