Հայր Քարլասսար Հայր Քարլասսար 

Քահանայապետին աղօթքը Հայր Քարլասսարի համար։

Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛աղօթէ Հարաւային Սուտանի մէջ վիրաւորուած իտալացի միսիոնար Հայր Քարլասսարէի համար, որ այժմ կը գտնուի Քենիայի մէկ հիւանդանոցին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի կը տեղեկացնէ թէ Սրբազան Պապը կ՛աղօթէ Հայր Քրիստեան Քարլասսարի համար, 43 ամեայ միսիոնարը, որ վիրաւորուեցաւ Հարաւային Սուտանի մէջ տեղի ունեցած զինեալ յարձակումի մը հետեւանքով, եւ զոր նոյնինքն Սրբազան Քահանայապետը անցեալ 8 մարտին ընտրած էր որպէս Ռումպէք Թեմին եպիսկոպոս ուր Հայր Քարլասսարի ընկալուեցաւ մեծ ուրախութեամբ անցեալ 16 ապրիլին։

Քոմպոնեան միաբանութեան անդամ իտալացի միսիոնարը այժմ կը գտնուի Նայրոպիի հիւանդանոցին մէջ երկու օր առաջ իր բնակավայրին վրայ յարձակում կատարող երկու զինեալ անձերու կողմէ վիրաւորուելէն ետք։ 

Հարաւային Սուտանի նախագահ Սալվա Քիիր տեղական իշխանութիւններէն խնդրած է քրէական հարց յարուցել ու ձերբակալել յանցաւորները։

 «Իշխանութիւններըը թոյլ պիտի չտան, որ մի քանի ոճրագործներու արարքը պայմանաւորէ Եկեղեցւոյ ծրագիրները» ըսած է յս առթիւ Նախագահ Սալվա Քիիրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/04/2021, 09:25