Սուրբ Պետրոսի տաճարը Սուրբ Պետրոսի տաճարը 

Վատիկանի մէջ կաշառակերութեան դէմ նոր օրէնք։

Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնագիր նամակով Վատիկանի աշխատաւորներուն արգիլեց ընդունիլ աւելի քան 40 եւրօ արժողութեամբ նուէրներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 28 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնագիր նամակով մը որդեգրեց Վատիկանի եւ Սուրբ Աթոռի ղեկավարներուն ու պաշտօնեաներու համար, կաշառակերութեան դէմ նոր օրէնք մը։

Ունկնդրէ լուրը

Ինքնագիրին մէջ Սրբազան Հայրը Սուրբ Աթոռի ղեկավարներէն կը խնդրէ, որ յայտարարութիւն մը ստորագրեն հաւաստիացնելով թէ վերջնական դատուածութիւն չեն ունեցած կամ ալ ենթարկուած չեն քրէական դատավարութիւններուն, կաշառակերութեան, դրամի լուացման, անչափահասներուն շահագործումի, տուրքերէն խուսափելու հետաքննութիւններուն։

Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկանի պատասխանատուները յայտարարութեան մէջ պիտի հաւաստիացնեն նաեւ դրամական ներդրումներ չեն կատարած այն երկիրներուն մէջ, որոնք դրամի լուացման կամ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման բարձր վտանգի մէջ են, ինչպէս նաեւ այն ընկերութիւններուն մէջ, որոնք կը գործեն եկեղեցական վարդապետութեան դէմ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնագիր նամակով Վատիկանի աշխատաւորներուն արգիլեց ընդունիլ աւելի քան 40 եւրօ արժողութեամբ նուէրներ։

Նորին Սրբութիւնը որոշեց յօդուածներ աւելցնել Հռոմէական Քուրիայի ընդհանուր կանոնագրութեան մէջ, որոնք կը հային Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկանի պատասխանատուներուն, ստորագրելու յայտարարութիւն մը՝ աշխատանքի ընդունման պահուն ու երկու տարի անգամ մը, հաւաստիացնելով որ դատապարտութիւն չեն ստացած Վատիկանի կամ այլ երկիրներու մէջ ու ենթարկուած չեն քրէական յանցագործութեան կամ քննութեան, ու մաս չեն կազմեր ոճրագործական կազմակերպութիւններուն։

Սուրբ Աթոռի տնտեսութեան քարտուղարութիւնը կարող է քննարկել յայտարարութիւններուն ստուգութիւնը, կեղծ յայտարարութիւններու պարագային կարող է գործազրկել եւ հատուցում խնդրել վնասներուն համար։


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2021, 12:00