Ֆրանչիսկոս Պապ երիտասարդներու հետ Ֆրանչիսկոս Պապ երիտասարդներու հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապ երիտասարդներուն «Աստուած ձեր ծարաւը ունի»։

Ֆրանչիսկոս Պապին նախաբանով կարդինալ Քանդալամեսայի նոր գիրքը եղբայր Փաչիֆիքոյի մասին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լոյս տեսաւ, ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը կրող նախաբանով, Կարդինալ Ռանիերօ Քանդալամեսային նոր գիրքը, ուր կը խօսուի Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիին ընկերոջ մասին, որ բանաստեղծ ու բանասէր մըն էր, եւ կը կոչուէր եղբայր Փաչիֆիքօ։

Աւազանի անունով Կուլիէլմօ Տիվինի բանաստեղծը, Սուրբ Ֆրանչիսկոսին մտերիմ բարեկամներէն մէկն էր , որ դարձի եկած է ապա ապրած է սուրբին կեանքէն ամենէն կարեւոր պահերը։

Նախաբանին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նշած է, թէ նշեալ գիրքը նուիրուած է այն սիրելի երիտասարդներուն, որոնք փնտռտուքի մէջ են, հրաւիրելով կարդալ գիրքը նկատի առնելով հետեւեալ կէտերը։

Հաւատալ Աստուծոյ խոստումներուն բոլոր սրտով։

Նորին Սրբութիւն նշած է, թէ թերեւս բոլորիս պատահած է, որ կարդացած ու ունկնդրած ենք աւետարանի մէջ նշուած Յիսուսի հետեւեալ խօսքը, «խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք եւ պիտի գտնէք, բախեցէք եւ պիտի բացուի ձեզի։» (Մատթ 7, 7)։ Ան ապա նկատել տալով, որ Յիսուսի վերոնշեալ խօսքերը պատասխանատու եւ խոստումնալից են, հարց տուած է ըսելով, որ արդեօք լրջութեամբ նկատի կ՝առնենք Յիսուսի խոստումները։

Նորին Սրբութիւնը հաշուի առնելով երիտասարդներու կասկածները, կը յիշէ Երէմեայ մարգարէին խօսքը, ընդգծելով, որ Տէրը ինքզինք ցոյց կու տայ այն անձերում որոնք բոլոր սրտով կը փնտռեն զայն ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կը հրաւիրէ բանալ աւետարանները եւ կարդալ Յիսուսի հանդիպումները կարգ մը անձերու հետ, որոնց տուած խոտումները իրականացուած են, դիտել տալով որ,  ան որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ՝ եթէ բոլոր սրտով կը որոնէ, եթէ անձին համար Տէրը կեանք է, ինչպէս ջուրը անապատի մէջ։ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ընդգծէ հաւատքի կարեւորութիւնը նկատել տալով, որ հաւատքը կը ներգրաւէ բոլոր անձը, հաւատքը պարգեւ մըն է, որուն համար պէտք է շատ բաղձալ։

Եղբայր Փաչիֆիքօ, հռչակաւոր անձնաւորութիւն մըն էր եւ Յիսուսը գտաւ երկար ու բաղձալի փնտռտուքէ ետք։

Նորին Սրբութիւնը կը քաջալերէ բոլոր սիրտով ու փափաքով որոնել Յիսուսը, աղաչելով եւ խնդրելով Տիրոջմէ, որ ինքզինք ցոյց տայ, այնպէս ինչպէս խոստացած է, նկատել տալով որ բանաստեղծը, եղբայր Փաչիֆիքօ, հռչակաւոր անձնաւորութիւն մըն էր եւ Յիսուսը գտաւ երկար ու փափաքելի փնտռտուքէ ետք։

Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ, որ դուռը բախենք։Ան մեր սիրտի դրան կը մօտենայ նախ քան իր դուռը բախելէ։ Եղբայր Փաչիֆիքոն, Սուրբ ֆրանչիսկոսի հանդիպեցաւ Մարքէ մարզի մէջ գտնուող վանքին մէջ։ Ան տպաւորուեցաւ սուրբին խօսքէն  ու իր սիրտին մէջ բացուեցաւ նոր լոյս մը։ Անոր մէջ պատահեցաւ թերեւս այն ինչ , որ պատահեցաւ սուրբ Պօղոսի մէջ։ Երբ՝ որ Տէրը իր մօտ կը հրաւիրէ արմատական պատասխանի կը սպասէ, Ան չի փափաքիր փոխզիջումներ կամ երկմտանքներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ այդ օրը ծնաւ նոր մարդ մը, ոչ թէ Կուլէլմօ Տա Լիշիան անունով, այլ եղբայր Փաչիֆիքոն, մարդ մը որուն մէջ բնակած է նոր խաղաղութիւն մը, որ անյայտ էր։ Այն օրէն, բանաստեղծը իր անձը նուիրեց Աստուծոյ, դարձաւ Սուրբ ֆրանչիսկոսի մտերիմ բարեկամներէն մէկը, հաւատքի գեղեցկութեան վկայ ։

Աստուած երբեք չդադրիր քեզ հրաւիրելէ

Ֆրանչիսկոս Պապ նախաբանը եզրափակած է նշելով «Իմ շատ սիրելի երիտասարդ, մինչ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Հայր Ռանիերոյին եկեղեցւոյ նուիրած թանկարժէք գիրքի նոր պարգեւին համար, վստահ եմ  որ գիրքը օգտակար պիտի դառնայ, մաղթելով քեզի արդիւնաբեր ընթերցում եւ յիշէ , որ Աստուած երբեք չդադրիր կանչելէ, ընդհակառակը թերեւս այսօր քան երեկ իր ձայնը աւելի կը զգալի կը դարձնէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց նուազեցնել ձայները ու բարձրացնել մեծ փափաքներու ձայները, որպէսզի կարենանք մեր մեր ու մեր շուրջը լսել յստակ ձայնը։ Տէրը երբեք պիտի չյոգնի մեր մօտ գալէ, մեզ որոնելէ իբրեւ հովիւ մը, որ կը փնտռէ կորսուած ոչխարը, իբրեւ հայր մը որ կը որոնէ իր որդիները։ գրած է ֆրանչիսկոս Պապ նախաբանին մէջ խնդրելով, որ չմոռնանք աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/04/2021, 11:48