Որոնել

 Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ

Մարեմեան աղօթք։ Քահանայապետին մօտիկութիւնն ու կոչերը:

«130 գաղթականներ մահացան ծովուն մէջ» ըսաւ Քահանայապետը. «Անոնք մարդկային կեանքեր են ու երկու օրուայ երկարութեամբ ի զուր օգնութիւններ հայցեցին»։ «Օգնութիւն որ չի հասաւ» դիտել տուաւ Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց մենք մեզ հարցաքննենք այս կրկնուող ողբերգութեան մասին, հաստատելով թէ սա պահն է ամաչկոտութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 25 ապրիլ 2021-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակ ժամանած ուխտաւորները նախ յիշեց անցեալ ուրբաթ օր Կուաթեմալայի մէջ Երանելի հռչակուած նահատակները, որոնք ըսաւ Ան, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դէմ մղուած հալածանքներու ժամանակ, 1980 – 1991 տարիներուն, սպաննուեցան, դառնալով արդարութեան ու սիրոյ հերոս վկաներ։

Մօտիկութիւն Սէն Վէնսէն եւ Կրէնալտինի կղզիներու բնակչութեան եւ Պաղտատի հիւանդանոցի հրդեհի զոհերուն։

«Անոնց օրինակը մեզ դարձնէ աւելի վեհանձն ու քաջ Աւետարանը ապրելու մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը, հուսկ մօտիկութիւն արտայայտեց Սէն Վէնսէն եւ Կրէնալտինի կղզիներու բնակչութեան ուր հրաբուխը պատճառած է ահաւոր վնասեր եւ անհանգստութիւններ։ «Աղօթքներս կը վստահեցնեմ բոլորին ու կ՛օրհնեմ անոնք որոնք շտապ օգնութիւն կը մատուցեն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա մօտիկութիւն արտայայտեց նաեւ Պաղտատի մէջ Քովիտի հիւանդները խնամող մէկ հիւանդանոցի մէջ բռնկած հրդեհի զոհերուն, հրաւիրելով աղօթել անոնց համար։

Աղօթք Միջերկրականի մէջ խեղդամահ 130 գաղթականներուն համար

Նորին Սրբութիւնը ապա իր տխրութիւնը արտայայտեց անցեալ օրերուն միջերկրական ծովուն մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեան համար։ «130 գաղթականներ մահացան ծովուն մէջ» ըսաւ Քահանայապետը. «Անոնք մարդկային կեանքեր են ու երկու օրուայ երկարութեամբ ի զուր օգնութիւններ հայցեցին»։ «Օգնութիւն որ չի հասաւ» դիտել տուաւ Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց մենք մեզ հարցաքննենք այս կրկնուող ողբերգութեան մասին, հաստատելով թէ սա պահն է ամաչկոտութեան։

Աղօթք անոնց համար որոնք անտարբեր են

«Աղօթենք մեր այդ եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար ու բազմաթիւ այն անձերուն, որոնք կը շարունակեն մեռնիլ այդ ողբերգական ճանապարհորդութիւններու ընթացքին եւ աղօթենք նաեւ անոնց համար, որոնք կարող են օգնութիւն մատուցել բայց կը նախընտրեն իրենց հայեացքը ուղղել այլուր» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Կոչումներու համաշխարհային օր

Ան ապա յիշեց թէ այսօր կը նշուի Կոչումներու համար համաշխարհային աղօթքի օրը ու գոհաբանութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ կը շարունակէ Եկեղեցւոյ մէջ յառաջացնել անձեր` որոնք իր սիրոյն համար կը նուիրուին` քարոզելու համար Աւետարանը եւ իրենք զիրենք դնելու իրենց եղբայրներու ծառայութեան տակ։

«Այսօր յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնենք նոր քահանաներուն համար, զոր քիչ առաջ ձեռնադրեցի Սուրբ Պետրոսի մէջ», ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով նաեւ «Տիրոջմէ հայցել, որ բարի մշակներ ղրկէ իր այգիին համար ու կրկնապատկէ նաեւ նուիրեալ կեանքի կոչումները»։

Սրբազան Պապը խօսքը աւարտեց ողջունելով հրապարակ ժամանած ուխտաւորները անոնց մաղթելով բարի կիրակի եւ խնդրելով, որ բարեհաճին չի մոռնալ աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2021, 12:49