Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Սրբազան Պապը յիշեց Քազամարիի Երանելիները, աղօթեց Ուքրանիոյ համար ու քաջալերեց Սուրբ Սրտի համալսարանը շարունակելու իր առաքելութիւնը։

Քահանայապետը ողջունելով հրապարակ ժամանած ուխտաւորները գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ «կարելի եղաւ դարձեալ հանդիպիլ աս հրապարակին վրայ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 18 ապրիլ 2021-ի կէսօրին Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն նախ յիշեց երէկ Իտալիոյ Քազամարի Աբբայարանին մէջ Երանելի հռչակուած Սիմէոն Քարտոնն ու անոր կրօնաւոր հինգ մարտիրոս բարեկամները, որոնք 1799-ին երբ Ֆրանսական զօրքերը կը հեռանային Նափոլի քաղաքէն ու կողոպուտի ենթարկեցին եկեղեցիներ ու մենաստանները, իրենց հերոսական քաջութեամբ պաշտպանեցին Սուրբ Հաղորդութիւնը սրբապղծութիւնէն։

Երանելիներու  հաւատարմութեան յանձնառումի օրինակը

«Անոնց օրինակը մեզ մղէ աւելի մեծ հաւատարմութեան յանձնառումի՝ հանդէպ Աստուծոյ, որ կարող է փոխակերպել ընկերութիւնը ու զայն դարձնել աւելի արդար եւ եղբայրական» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը խնդրելով, որ այս լուրը ընդունուի ծափողջոյնով։

Կոչ Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ հաշտութեան համար

Ան ապա  ակնարկեց տխուր մէկ լուրին։ «Մտահոգութեամբ կը հետեւիմ Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ իրադարձութիւններուն ուր վերջին ամիսներուն բազմապատկուեցան զինադադարի խախտումները եւ մտավախութեամբ կը նկատեմ զինեալ գործունէութեան աճումը»  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթելով, որ կողմերը խուսափին լարուածութիւնը աճեցնելէ ու դիմեն արարքներու՝ որոնք կարող ըլլան խթանել փոխադարձ վստահութիւնը, ու յառաջացնեն այնքան անհրաժեշտ ու պահանջուած  հաշտութիւնն ու խաղաղութիւնը։ Այս ուղղութեամբ Սրբազան Քահանայապետը խնդրեց ի միտ ունենալ նաեւ մարդասիրական ծանր տագնապը, որուն թիրախ է բնակչութիւնը, «որուն, ըսաւ Ան, կը յայտնեմ մօտիկութիւն ու կը հրաւիրեմ աղօթել անոնց համար»։

Սուրբ Սրտի կաթողիկէ Համալսարանի ազգային օրը

Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներու հետ միասին Ուքրանիայի բնակչութեան համար «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքը  կատարելէ ետք Սրբազան Պապը յիշեց թէ այսօր Իտալիոյ  մէջ կը յիշատակուի  Սուրբ Սրտի կաթողիկէ Համալսարանի ազգային օրը, որ «100 տարիներէ ի վեր կը կտատարէ կազմաւորումի թանկարժէք գործունէութիւն ի նպաստ նոր սերունդներուն» յարեց Սրբազան Քահանայապետը մաղթելով, որ Ան  կարողանայ շարունակել  իր այս դաստիարակչական  առաքելութիւնը օգնելու համար երիտասարդները դառնալու դերակատարներ «յոյսով հարուստ ապագայի մը»։

Քահանայապետին ուրախութիւնը հրապարակային աղօթքի համար

Ի սրտէ կ՛ օրհնեմ բոլոր անձնակազմը, ուսուցիչները, եւ աշակերտները ըսաւ ապա Քահանայապետը ողջունելով հրապարակ ժամանած ուխտաւորները ու գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ, որ «կարելի եղաւ դարձեալ հանդիպիլ աս հրապարակին վրայ» ըսաւ Ան խոստովանելով թէ իրեն կը պակսի հրապարակի այս ժամադրութիւնը ու շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին իրենց ներկայութեան համար։

Սրբազան Պապը խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ ինչպէս միշտ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2021, 12:57