Հինգ տարիներ առաջ Քահանայապետին այցը Լեզվոս կղզի եւ Մորիայի գաղթականներուն ողջագուրումը։

Այսօր կը յիշատակուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատմական եւ յուզիչ այցը Լեզվոս կղզի ու անոր հանդիպումը այնտեղ ապաստան գտած գաղթականներուն հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

16 ապրիլ 2016-ին Սրբազան Քահանայապետը ընկերակցութեամբ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա եւ Աթէնքի ու համայն Յունաստանի օրթոտոքս Եկեղեցւոյ առաջնորդ Հիերոնիմոս Արքեպիսկոպոսին, զօրակցութեան ու եղբայրութեան այց կատարեցին Յունաստանի Լեզվոս կղզի, հանդիպելով այնտեղ ապաստան գտած բազմահազար գաղթականներուն։

Տխրութեամբ յատկանշուած այց

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին համար այդ այցելութիւնը յատկանշուած էր տխրութեամբ ինչպէս յայտնած էր ան իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն Մորիայի գաղթավայրին դերակատարներուն իրականութիւնը նկատելով «Բ համաշխարհային պատերազմէն ետք, մեծագոյն մարդկային աղէտը»։

«Մենք կ՛երթանք տառապանքի մէջ ապրող բազմաթիւ մարդոց մօտ…Պիտի այցելենք նաեւ գերեզման մը` ծովը։ Բազմաթիւ մարդիկ այնտեղ խեղդամահ եղան։ Այս բաները կ՛ըսեմ ոչ թէ ձեզ նեղացնելու համար, այլ որպէսզի ձեր այսօրուայ աշխատանքը եւս կարողանայ մամուլին հաղորդել հոգեվիճակը որով կը կատարեմ այս ճամբորդութիւնը» ըսած էր Սրբազան Պապը լրագրողներուն։

Գաղթականները միայն թիւ չեն, դիմագիծ, անուն եւ պատմութիւն են

Երեք կրօնապետերը միասնաբար քալեցին այդ ողբերգութիւնը ապրող անձանց միջեւ, ողջագուրեցին անոնց վէրքերը. հաւաստիացուցին իրենց մօտիկութիւնը ու աշխարհին կոչ ուղղեցին աչք չի փակելու այսքան մեծ տառապանքին դիմաց ու այդ մարդիկը չի նկատելու լոկ թիւեր, այլ դիմագիծեր, որոնք ունին անուն ու պատմութիւն։

«Համաշխարհային կարծիքը չի կրնար անտեսել այս մարդկայնական տագնապը, որ սկիզբ առաւ պատերազմի, բռնութեան, կրօնաւոր ու ցեղային փոքրամասնութիւններու հալածանքի եւ ընտանիքներու տեղահանութեան ու մարդկային իրաւունքներու, ինչպէս նաեւ մարդու հիմնական ազատութեան եւ իրաւունքի խախտումի բերումով» յայտնեցին երեք հովուապետերը այդ առթիւ հրապարակած իրենց միասնական յայտարարութեան մէջ, կոչ ուղղելով միջազգային հասարակութեան, ''մարդկային կեանքի պաշտպանութիւնը նկատել` որպէս առաջնահերթութիւն» եւ որպէսզի քաջութեամբ համապատասխանէ այս համամարդկային տագնապին, ու դիմագրաւէ` զայն յառաջացնող պատճառները, դիւանագիտական, քաղաքական եւ բարեսիրական միջոցներով, ըլլայ Միջին Արեւելքի, ըլլայ Եւրոպայի մէջ։

Չի կորսնցնել յոյսը

Այս հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, Նորին Սրբութիւնը, հանդիպեցաւ ''Mòria Refugee Camp” գաղթավայրի գաղթական հիւրերուն հետ- խրախուսելով զանոնք չի կորսնցնելու յոյսը։

«Կ՝ուզեմ ձեզի ըսել` որ մինակ չէք… Ձեր մօտ եկայ ընկերակցութեամբ իմ եղբայրներուս` Բարթողոմէոս Պատրիարքի ու Հիերոնիմոս Արքեպիսկոպոսին, պարզապէս ձեր մօտ գտնուելու եւ ձեր պատմութիւնները ունկնդրելու համար։ Հոս եկանք, աշխարհի ուշադրութեան յանձնելու համար սոյն մարդկային տագնապը եւ հայցելու անոնցմէ լուծում մը» ըսաւ ի մէջ այլոց այդ առթիւ Սրբազան Պապը գնահատելով նաեւ Յոյն ժողովուրդին վեհանձն վերաբերմունքը։

«Իմ ներկայութիւնս հոս` Բարթողոմէոս պատրիարքի ու Արքեպիսկոպոս Հիերոնիմոսի հետ, վկայութիւն մըն է մեր կամքին, շարունակելու մեր համագործակցութիւնը, որպէսզի այս դարաշրջանային մարտահրաւէրը դառնայ առիթ` ոչ բախումի այլ քաղաքակրթութեան ու սիրոյ մէջ աճումին» աւելցուցած էր Սրբազան Պապը որ ապա յայտնած էր թէ իր պատգամն է «չի կորսնցնել յոյսը»։

Ամենէ մեծ պարգեւը սէրն է

«Ամենէն մեծ պարգեւը որ կրնանք ընծայել մէկը միւսին, սէրն է, ողորմածութեամբ լի հայեացքն է, քաջալերանքի խօսքը, ինչպէս նաեւ աղօթքն է» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով Բարի Սամարացիի առակին, որ, ըսաւ Ան ,«կոչ մըն է՝ ցոյց տալու Աստուծոյ ողորմածութիւնը կարիքաւոր անձերուն։ Կոչ մըն է, որպէսզի բարի Սամարացիին նման, այս ցամաքամասի բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը այստեղ ժամանեն` ձեզի օգնութեան հասնելու, եղբայրական, զօրակցութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան յարգանքի հոգիով» ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, Բարթողոմէոս Ա-ի եւ Հիերոնիմոս Արքեպիսկոպոսին, այցը վերջ գտաւ նաւաբեկութիւններու պատճառաւ իրենց կեանքը կորսնցուցած գաղթականներուն ի յիշատակ, ծովուն ջուրերուն մէջ զետեղած ծաղկեփունջերով։

Ֆրանչիսկոս Պապին Լեզւոս կղզիին մէջ արտասանած աղօթքը։

Ողորմութեան Աստուած, Քեզի կ՛աղօթենք բոլոր այն մարդոց, կիներուն ու մանուկներուն համար, որոնք մեռան, իրենց հողերը լքելէն ետք, աւելի լաւ կեանքի մը փնտռտուքի ընթացքին։

Թէեւ անոնց շատերու շիրիմներու վրայ նոյնիսկ անուն մը չկայ, անոնցմէ ամէն մին Քեզմէ ճանչցուած, սիրուած ու նախասիրուած է։

Թող երբեք մեզմէ չմոռցուին, այլ մեծարենք անոնց զոհաբերումը, գործերով` աւելի քան խօսքերով։

Քեզի կը յանձնենք բոլոր անոնք որոնք այս ճամբորդութիւնը կատարեցին, վախ, անապահովութիւն եւ նուաստացումներ հանդուրժելով, հասնելու նպատակով ապահով եւ յոյսի վայր մը։

Այնպէս ինչպէս Դուն Քու Զաւակդ չի լքեցիր, երբ Մարիամն ու Յովսէփն զայն առաջնորդեցին ապահով վայր, այժմ եւս մօտիկ եղիր այս քու մանչերուդ եւ դուստրներուդ, մեր քնքշութեան եւ պաշտպանութեան միջոցաւ։

Այնպէս ըրէ որ հոգ տանելով անոնց, կարենանք կառուցել աշխարհ մը , ուր ոչ մէկը պարտի թողուլ իր սեփական տունը, եւ ուր բոլորը կարենան ապրիլ ազատութեամբ, արժանապատուութեամբ ու խաղաղութեամբ։

Ողորմութեան Աստուած ու բոլորին Հայր. արթնցուր մեզ անտարբերութեան քունէն, բաց մեր աչքերը անոնց տառապանքին, եւ ազատէ մեզ անզգամութենէն, որ է պտուղը աշխարհիկ բարեկեցութեան ու անձնասիրութեան։

Մեզ բոլորս` ազգեր, հասարակութիւններ եւ անհատներ, ներշնչէ` որպէսզի գիտակցինք թէ անոնք որոնք մեր ծովափերը կը հասնին, մեր եղբայրներն ու քոյրերն են։

Օգնէ մեզի` անոնց հետ բաժնեկցելու օրհնութիւնները, որ ընկալեցինք քու ձեռքերէդ, եւ ընդունիլ որ միասնաբար, մէկ մարդկային ընտանիքի նման,

մենք բոլորս գաղթականներ ենք, յոյսի ճանապարհորդներ, ընթացող դէպի Քեզ,

որ մեր իսկական տունն ես, այն վայրը ուր ամէն մէկ արցունք պիտի սրբուի, եւ ուր պիտի ապրինք խաղաղ եւ ապահով, քու բազուկներուդ մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2021, 09:14