Ջուրի կենսական միջոց Ջուրի կենսական միջոց 

Ջուրի միջազգային օր. Քահանայապետը կը խրախուսէ չի մսխել եւ ոչ ալ ապականել ջուրը։

Ջուրի միջազգային օրուան առթիւ, Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամով մը` ուղղուած ՖԱՕ-ի եւ ՅՈՒՆԵՍՔՕ-ի ղեկավարներուն, Ֆրանչիսկոս Պապ կը վերահաստատէ այդ կենսական բարիքին արժէքը ու հրատապ կը նկատէ այդ ուղղութեամբ ապրելաոճի փոփոխութիւնը, պաշտպանելու համար ջուրը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Պատասխանատուութիւն եւ ջուրին ուղղուած խնամք» այս է` Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող Ֆրանչիսկոս Պապին ՖԱՕ-ի եւ ՅՈՒՆԵՍՔՕ-ի ղեկավարներուն ուղղած պատգամին կորիզը, ջուրի միջազգային օրուան առթիւ, որուն այս տարուայ բնաբանն է «Արժեւորել ջուրը»։

Ջուրը կենսական բարիք

«Այս կենսական բարիքը սակայն պէտք եղածին պէս չէ խնամուած ու անոր չէ վերապահուած պէտք եղած ուշադրութիւնը» կը գրէ Կարդինալ Փարոլինը պատգամին մէջ, հաստատելով` որ «զայն մսխելը, անտեսելը կամ ապականելը, մեծ սխալ մըն է, որ կը շարունակուի կրկնուիլ մինչեւ օրս»։

Մարդկային իրաւունք

Վատիկանի Պետական Քարտուղարը կ՛ակնարկէ ապա ջուրին հայող զանազան հարցերուն, յատկապէս 21-րդ դարու` «արուեստգիտութեան զարգացումներու» դարաշրջանին մէջ, որուն հանդերձ ջուրը տակաւին հասանելի չէ բոլորին։ «Այս մէկը պայման է միւս մարդկային իրաւունքներու երաշխաւորման համար», կը յայտնէ Ծիրանաւորը ընդգծելով, որ ան բարիք մըն է, «որուն իրաւունք ունին բոլոր մարդ արարածները. որպէսզի կարենան ապրիլ արժանավայել կեանք մը։»

Կլիմայական փոփոխութիւններու ազդեցութիւնները 

Կարդինալ Փարոլին կ՛ակնարկէ կլիմայի փոփոխութեան վնասակար հետևանքներուն, «ջրհեղեղներուն յառաջացուցած երաշտներուն և ստորերկրեայ ջուրերու սպառումին», այս բոլորը որակելով երեւոյթներ` որոնք կը վտանգեն ջուրի որակը և արգելք են խաղաղ և բեղմնաւոր կեանքի ու արդիւնք «մնացորդացի մշակոյթին» եւ «անտարբերութեան»:

Ան ապա կը մատնանշէ համաճարակին, որ շատ աւելիով սրացուց անհաւասարութիւնները, ըլլան անոնք ընկերային կամ տնտեսական գետնի վրայ ու ի յայտ դրաւ ջրային ծառայութիւններուն արդիւնաւէտութեան պակասը։

Վերջ տալ ջուրերու ապականումի գործունէութեան

Այս ուղղութեամբ Կարդինալ Փարոլինը կը խրախուսէ վերջ տալ ջուրերու ապականումի գործունէութեան ու մտածել հասարակաց բարիքին, դիմելով նաեւ կրթական համակարգի մը` որ փոխէ կեանքին ապրելաոճը։

«Ապրիլ չափաւորութեամբ ու զօրակցութիւնը ընտրել որպէս չափանիշերու կեդրոն, ջուրը գործածելով բաւարարութեամբ, առանց զայն անիմաստ կերպով սպառելու ու զայն կիսելով անոնց հետ, որոնք կարիքն ունին անոր» կը յանձնարարէ Վատիկանի Պետքարտուղարը անգամ մը եւս շեշտելով ջուրին կարեւորութիւնը ու անոր սերտ կապը կեանքի եւ առողջութեան հետ։

Գործել անյապաղ, որպէսզի ջուրը հասանելի ըլլայ բոլորին 

Պատգամի աւարտին Կարդինալ Փարոլին հրաւէր կ՛ուղղէ գործել անյապաղ, որպէսզի ջուրը հասանելի ըլլայ բոլորին, հաւասար կերպով, ու դադրինք զայն մսխելէ, ապականելէ ու շահոյթի միջոց դարձնելէ։

Ասոր համար պէտք Պետութիւններու միջեւ համագործակցութիւն ինչպէս նաեւ իրաւական համակարգ, աշխարհի մէջ բոլորին երաշխաւորելու համար հաւասար որակով և քանակով ջուր։

Ուղղել մեր կենսակերը

«Շտապենք ուրեմն ջուր տալու ծարաւին: Ուղղելու մեր կենսակերպը ՝ չվատնելու եւ չապականելու համար ջուրը: Դառնանք այդ բարութեան գլխաւոր հերոսները, որ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզիացին մղեց ջուրը նկարագրելու որպէս «քոյր», որ «շատ խոնարհ, թանկ և մաքուր» է» կը գրէ Վատիկանի Պետքարտուղարը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/03/2021, 14:00