Քահանայապետին քաջալերանքը Քարաքոշի քրիստոնեայ հասարակութեան. «Մի կորսնցնէք յոյսը, ներումը բանալի բառ է»։

«Մենք կը հաւատանք, որ Աստուած կարող է խաղաղութիւնը բերել այս երկիրն։ Մենք Անոր կը վստահինք ու բոլոր բարի կամք ունեցող անձերուն հետ միասին ոչ կ՛ըսենք ահաբեկչութեան եւ կրօնի շահագործումին»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քարաքոշը Իրաքի ասորական քաղաք մըն է եւ նկատուած է երկրի քրիստոնեայ գլխաւոր քաղաքը։ 2014-ին Տահեշի ծայրայեղականները ներխուժելով քաղաքին վրայ քարուքանդ ըրին զայն, ստիպելով, որ տասնեակ հազարաւոր քրիստոնեաներ դիմեն փախուստի եւ գաղթականութեան։ Քաղաքը ազատագրուեցաւ 2016ին եւ այսօր բազմաթիւ քրիստոնեայ բարեգործական միջազգային հաստատութիւններ կը ջանան վերակառուցել քաղաքը, որուն արդիւնքով բնակչութեան գրեթէ 46 առ հարիւրը կարողացած է վերադառնալ եւ դարձեալ բնակութիւն հաստատել այնտեղ։

Անարատ Յղութեան Աթոռանիստ Եկեղեցին։

Քարաքոշ ժամանելուն Սրբազան Քահանայապետը  ուղղուեցաւ տեղական Անարատ Յղութեան անուամբ աթոռանիստ  եկեղեցի, որուն կառուցումը վերսկսած էր 2020ին եւ այսօր կը ներկայանայ իր նոր տեսքով։ Ան կը նկատուի Իրաքի ամենամեծ եկեղեցին։

Հաւատացեալներուն անսահման ուրախութիւնը

Սրբազան Քահանայապետի ներկայութիւնը մեծ ուրախութեան եւ հրճուանքի առիթ էր քրիստոնեայ այդ պատերազմի ու տանջանքներու զոհ հասարակութեան համար եւ այս մէկը ի յայտ կու գար անոնց դէմքերէն, որոնք մի քանի ժամերու համար մոռցան անցեալը, ցաւերը, դժուարինութիւնները, հիւրընկալելու համար Սուրբ Պետրոսին յաջորդը, որ եկած է իրենց մօտ իր հետ բրելով եղբայրութեան եւ յոյսի պատգամ մը։

Անհամբեր սպասեցի այս պահուն

Քարաքոշի Եկեղեցւոյ մուտքին Նորին Սրբութիւնը  դիմաւորուեցաւ Կաթողիկէ Ասորիներու պատրիարք Գերերջանիկ Ինքնատիոս Գ Եունանի կողմէ ու տեղւոյն եպիսկոպոսին եւ եկեղեցւոյ ժողովրդապետին կողմէ ապա բոլորը միասին մուտք գործեցին եկեղեցի ուր Պատրիարքի բարի գաղուստի խօսքէն ու աշխարհականի մը եւ քահանայի մը ներկայացուցած վկայութիւններէն ետք Սրբազան Պապը ներկաներուն ուղղեց իր սրտին խօսքը, որուն մէջ Ան նախ գոհութիւն յայտնեց Տիրոջ, որ իրեն առիթ ընծայեց այստեղ գտնուելուն համար ապա հաստատեց թէ ինք անհամբեր սպասած է այս պահը։

Վերջին խօսքը կը պատկանի Աստուծոյ

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց Եունան Պատրիարքին եւ վկայութիւններ ներկայացնող Տիկ Տոհա Սապահ Ապտալլային եւ Հայր Ամմար Եաքոյին ու ընդգծեց Քարաքոշի մշակութային եւ կրօնական բազմազանութեան գեղեցկութիւնը, թէեւ ըսաւ Քահանայապետը «միեւնոյն ատեն մեծ տխրութեամբ կը նայինք մեր շուրջ եւ կը տեսնենք այլ նշաններ՝ բռնութեան կործանարար զօրութեան նշանները, նշանները ատելութեան ու պատերազմի» ըսաւ Սրբազան Պապը. հաստատելով, որ «այսօրուան հանդիպումը ցոյց կու տայ. որ ահաբեկութիւնն ու մահը վերջին խօսքը չունին։ Վերջին խօսքը կը պատկանի Աստուծոյ ու անոր Որդոյն, որ յաղթեց մեղքին ու մահուան։

Հաւատքի ժառանգութիւնը ձեր ուժն է

«Նոյնիսկ պատերազմի եւ ահաբեկութեան աւերածութիւններուն մէջ կարող ենք հաւատքի աչքերով տեսնել կեանքի յաղթանակը մահուան վրայ» ըսաւ ապա Քահանայապետը ակնարկելով հայրերու եւ մայրերու հաւատքին ու անոնց թողած հոգեւոր ժառանգութեան, որ կը շարունակուի գոյատեւել ներկաներուն մէջ։

«Այս ժառանգութիւնը ձեր ուժն է։ Այժմ պահն է վերստին սկսելու, վերակառուցելու յանձնուելով Աստուծոյ շնորհքին, որ կ՛առաջնորդէ իւրաքանչիւր մարդու եւ բոլոր ժողովուրդներուն ճակատագիրը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն հաւաստիացնելով, որ մինակ չեն, համայն Եկեղեցին անոնց կողքին է, աղօթքով եւ շօշափելի բարեգործութիւններով։

Պահն է վերանորոգելու նաեւ մարդկային կապերը

Սրբազան Հայրը նշեց ապա՝ թէ այս պահը պահ է նաեւ վերանորոգելու ոչ միայն շէնքերը այլ նախ եւ առաջ կապերը՝ որոնք կը միացնեն հասարակութիւն եւ ընտանիք, երիտասարդներ եւ տարեցներ։ Ան ապա մէջբերեց Յովնան մարգարէին խօսքերը «Քու զաւակներդ պիտի մարգարէանան եւ քու տարեցներդ պիտի երազեն եւ քու երիտասարդներդ տեսիլքներ պիտի ունենան» եւ ասոր հիման վրայ հաստատեց, թէ երբ տարեցներն ու երիտասարդները միանան կը պահպանուին եւ կը փոխանցուին Աստուծոյ պարգեւած շնորհքները։

Սրբազան Քահանայապետը առ այդ քաջալերեց ներկաները չի մոռնալու թէ որտեղէն կու գան եւ ովքեր են։ Պաշտպանելու զիրենք միասին պահպանող կապերը եւ պահպանելու իրենց արմատները։

Յիշեցէք որ Յիսուս ձեր կողքին է՝ մի կորսնցնէք յոյսը

Վստահաբար, ըսաւ Սրբազան Պապը, կան պահեր երբ հաւաքը կարող է թուլանալ, երբ կը թուի թէ Աստուած չի տեսներ եւ չի միջամտեր։  Ասիկա ձեզի համար իրական դարձաւ պատերազմի ամենախաւար օրերուն եւ իրական է նաեւ այս օրերուն առողջապահական ծանր ճգնաժամի պատճառաւ։ Այդ պահերուն յիշեցէք, որ Յիսուս ձեզի մօտ է։

«Մի յանձնուիք, մի կորսնցնէք յոյսը» յանձնարարեց Քահանայապետը ու հրաւիրեց խնդրել Երկնքի սուրբերուն բարեխօսութիւնը, որոնք կը հսկեն անոնց վրայ։

Այս երկիրը ունի բազմաթիւ սուրբեր՝ վստահեցէք անոնց

Քահանայապետը ակնարկելով ապա երկրի վրայ ապրող սուրբերուն հրաւէր ուղղեց թոյլ տալու, որ «անոնք առաջնորդեն մեզ դէպի աւելի լաւ ապագայ մը՝ դէպի յոյսի ապագայ», ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը շետը դնելով ներում բարի վրայ հաստատելով, որ այդ մէկը բանալի բառ է։ Ներումը, ըսաւ Ան, անհրաժեշտ է, որպէսզի մնանք սիրոյ մէջ, որպէսզի մնանք քրիստոնեայ։

«Մենք կը հաւատանք, որ Աստուած կարող է խաղաղութիւն բերել այս երկրին։ Մենք Անոր կը վստահինք ու բոլոր բարի կամք ունեցող անձերուն հետ միասին ոչ կ՛ըսենք ահաբեկչութեան եւ կրօնի շահագործումին» յարեց Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով ամէն մէկ վայրկեան գոհութիւն մատուցելու Աստուծոյ մեզի շնորհած պարգեւներուն համար ու Անորմէ խնդրելու խաղաղութեան պարգեւը, ներում եւ եղբայրութիւն այս երկրին եւ անոր բնակչութեան համար»։

Աղօթեցէք սրտերու դարձին համար

Երբեք չի յոգնինք աղօթելէ սրտերու դարձին համար եւ կեանքի մշակոյթին յաղթանակին համար, հաշտութեան,տարբերութիւններու յարգանքով  եղբայրական սիրոյ համար, ըսաւ ի մէջ այլոց Նորին Սրբութիւնը, «Եղբայրական սէր մը՝ որ ճանչնայ մեր միասնական մարդկայնութեան հիմնական արժէքները, արժէքներ յանուն որոնց պէտք ենք ու պարտական ենք գործել, կառուցել- երկխօսել, ներել եւ աճիլ» աւելցուց  Ֆրանչիսկոս Պապը, որ ապա մատնանշեց թէ ինքնաթիռով ժամանելու պահուն տեսաւ՝ Անարատ Յղութեան Եկեղեցւոյ վրայ  Սուրբ Կոյս Մարիամին արձանը ու անոր վստահեցաւ այս քաղաքին վերակառուցումը։

Ապաւինիլ Աստուածամօր

Տիրամայրը մեզ կը պաշտպանէ ոչ միայն բարձունքէն այլ իր մայրական քնքշութեամբ կու գայ մեր մօտ։ Անոր դիմանկարը ոտնակոխ եղաւ վիրաւորուեցաւ բայց Աստուծոյ Մօր դիմագիծը կը շարունակէ մեզի նայիլ քնքշութեամբ, որովհետեւ մայրերը այսպէս են անոնք կը մխիթարեն, կը քաջալերեն, կեանք կը պարգեւեն հաստատեց Քահանայապետը ու յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Իրաքի բոլոր մայրերուն, զանոնք որակելով արի կիներ, որոնք կը շարունակեն կեանք պարգեւել հակառակ ամէն ինչի։

Պաշտպանել եւ յարգել Իրաքի կիները

«Թող որ կիները յարգուին եւ պաշտպանուին։ Թող անոնց տրուի հնարաւորութիւններ եւ ուշադրութիւն» կոչ ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու ներկաները հրաւիրեց աշխարհի բոլոր հաւատացեալներուն հետ միասին աղօթելու Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը հայցելով Անոր բարեխօսութիւնը եւ բոլոր ներկաները յանձնեց Անոր հովանիին։

“Քարաքոշի Անարատ Յղութեան ոսկեմատեանին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կատարեց հետեւեալ գրառումը։ Այս կործանուած եւ վերակառուցուած եկեղեցիէն, Քարաքոշի ու համայն իրաքի յոյսի խորհրդանիշ, Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ, Աստուծմէ կը հայցեմ խաղաղութեան պարգեւը։”

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2021, 11:11