«Կու գամ որպէս խաղաղութեան, յոյսի եւ եղբայրութեան ուխտաւոր» Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը իրաքցիներուն։

Ձեզի կ՛ուզեմ բերել համայն Եկեղեցւոյ սիրալիր շոյանքը, որ ձեզի մօտիկ է ու մօտիկ է մարտիրոս Միջին Արեւելքին ու ձեզ կը քաջալերէ յառաջ ընթանալու։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապը կը պատրաստուի մեկնիլ Իրաք եւ սովորութեան համաձայն  մեկնումէն առաջ՝ լսատեսողական պատգամով մը  երկրին բնակչութեան ուղղեց իր սրտին խօսքը.

Կու գամ որպէս ուխտաւոր

Իրաքի մէջ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Ասսալամ  լաքոմ, խաղաղութիւն ձեզի։

Մի քանի օրէն վերջապէս ձեր հետ պիտի ըլլամ։ Շատ կը փափաքիմ ձեզի հանդիպիլ, տեսնել ձեր դէմքերը, այցելել ձեր երկիրը, քաղաքակրթութեան հին ու արտակարգ օրրան։ Կու գամ որպէս ուխտաւոր, որպէս ապաշխարող ուխտաւոր, հայցելու համար Տիրոջ ներումը եւ հաշտութիւնը, ահաբեկչութեան ու պատերազմի շատ մը տարիներ ետք, Աստուծմէ հայցելու համար սրտերու մխիթարութիւն եւ վէրքերու ապաքինում։

խաղաղութեան ուխտաւոր

Ձեր մօտ կու գամ որպէս խաղաղութեան ուխտաւոր, կրկնելու համար «Դուք բոլորդ եղբայրներ էք» (Մատթ, 23, 8)։ Այո կու գամ որպէս խաղաղութեան ուխտաւոր, որ եղբայրութիւն կ՛որոնէ, խրախուսուած միասին աղօթելու իղձէն ու միասին քալելու, նաեւ այլ կրօնական աւանդութիւններու եղբայրներու եւ քոյրերու հետ, Հօր Աբրահամի նշանին տակ, որ որպէս մէկ ընտանիք կը միացնէ իսլամները, հրեաները եւ քրիստոնեաները։

Սիրելի քրիստոնեայ եղբայրներ եւ քոյրեր, որ Յիսուսին հաւատքը վկայեցիք ծանր փորձանքներու մէջ, անհամբեր կը սպասեմ ձեզ տեսնել։

Շնորհակալութիւն ձեր վկայութեան համար

Պատիւ է ինծի հանդիպիլ մարտիրոս Եկեղեցւոյ մը, շնորհակալութիւն ձեր վկայութեան համար։ Բազմաթիւ ու անթիւ մարտիրոսները՝ զոր դուք  ճանչցաք, մեզ օգնեն յարատևելու հեզ սիրոյ զօրութեամբ։ Դուք ձեր աչքերուն առջեւ տակաւին ունիք կործանուած տուներուն եւ պղծուած եկեղեցիներուն պատկերները, ու ձեր սրտերուն մէջ ունիք ձեր ետին թողած սիրելիներուն ու լքուած բնակարաններուն վէրքերը։

Հետեւիլ Աբրահամին

Ձեզի կ՛ուզեմ բերել համայն  Եկեղեցւոյ սիրալիր շոյանքը, որ ձեզի մօտիկ է ու մօտիկ է մարտիրոս Միջին Արեւելքին ու ձեզ կը քաջալերէ յառաջ ընթանալու։ Թոյլ չտանք, որ ինձ այնքան  ցաւցնող ձեր ապրած սարսափելի տառապանքները, գերակշռեն: Չի յանձնուինք չարի տարածումին դիմաց. Ձեր երկրին իմաստութեան  հինաւուրց ակնաղբիւրները մեզ կ՛ուղղեն այլուր, Աբրահամի նման, որ հակառակ, որ թողուց ամէն բան, երբեք չի կորսնցուց յոյսը (Հռոմ, 4,18), եւ վստահելով Աստուծոյ կեանք տուաւ երկնքի աստերու նման անհամար սերունդի մը։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, դիտենք աստղերը. այնտեղ է մեր խոստումը։

Եզտիները՝ եղբայրներ

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ես շատ մտածեցի ձեզի այս տարիներու ընթացքին, ձեզի որ շատ տառապեցաք, բայց երբեք չընկճուեցաք։ Ձեզի քրիստոնեաները մահմետականներ, ձեզի ազգեր նման Եզիտի ազգին, եզիտիները որ շատ չարչարուեցան, շատ, բոլորս եղբայրներ բոլորս։

Յոյսի ուխտաւոր

Այժմ կու գամ ձեր օրհնեալ ու վիրաւոր երկիրը, որպէս յոյսի ուխտաւոր։ Ձեր մօտէն, Նինուէի մէջ, հնչեց Յովնան մարգարէութիւնը, որ թոյլ չի տուաւ կործանումը ու նոր յոյս բերաւ, Աստուծոյ յոյսը։  Թոյլ տանք վարակուիլ այդ յոյսէն, որ կը քաջալերէ վերակառուցելու եւ վերսկսելու։ Եւ համաճարակի այս դժուար ժամանակներուն, օգնենք իրար զիրար ամրապնդելու համար եղբայրութիւնը, միասին կերտելու խաղաղութեան ապագայ մը։

Միասին՝  եղբայրներ եւ քոյրեր 

Միասին, եղբայրներ եւ քոյրեր ամէն տեսակ կրօնական աւանդութեան։  Ձեզմէ հազարաւոր տարիներ առաջ, Աբրահամ սկսաւ իր ուղեւորութիւնը։ Այսօր մեզի կ՛իյնայ շարունակել զայն, նոյն ոգիով, միասին կերտելով խաղաղութեան ճանապարհը։ Ասոր համար ձեր բոլորին վրայ կը հայցեմ Ամենակալին խաղաղութիւնը եւ օրհնութիւնը։ Ու ձեզմէ բոլորէդ կը խնդրեմ, որ ընէք Աբրահամի նման. Քալել յոյսի մէջ ու երբեք չի դադրիլ աստղերուն նայելէ։ Բոլորէդ կը խնդրեմ որ բարեհաճիք ինծի ընկերանալ աղօթքով։ Շուքրան – (շնորհակալութիւն)։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/03/2021, 09:53