«Դուք բոլորդ եղբայրներ էք». Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք ճամբորդութեան նշանաբանը «Դուք բոլորդ եղբայրներ էք». Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք ճամբորդութեան նշանաբանը 

«Դուք բոլորդ եղբայրներ էք». Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք ճամբորդութիւնը՝ Աբրահամին ծննդավայրը այցելող առաջին Քահանայապետը ։

Իրաքի մէջ կ՛ապրին քրիստոնեայ զանազան հասարակութիւններ, որոնց շարքին նաեւ Հայերը ըլլան անոնք կաթողիկէ կամ օրթոտոքս։ Քահանայապետին նպատակն է այդ փոքրամաս հասարակութիւններուն տանիլ մօտիկութիւն, մխիթարութիւն եւ զօրակցութիւն ու զանոնք ամրապնդել իրենց հաւատքին մէջ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Մեկնիլ Աբրահամէն

Իրաքի Ուր քաղաքին մէջ կը գտնուի երեք միաստուածեան կրօններու նախահայր Աբրահամի տունը։ Ուր քաղաքը կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք այցելութեան կորիզը եւ անորմէ ներշնչում քաղած է նաեւ առաքելական ճամբորդութեան բնաբանը «Դուք բոլորդ եղբայրներ էք»։

Սուրբ  Յովհաննէս Պօղոս Բ փափաքը

Իրաքի քրիստոնեաները անհամբեր կը սպասեն Ֆրանչիսկոս Պապին ժամանումին։ Այդ սպասումը տեւած է 22 տարիներ։ Արդարեւ 1999-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ փափաք յայտնած  էր 2000 Յոբելենական տարւոյն առթիւ այցելել Իրաքը ու մասնաւորապէս Քաղդէացիներու Ուր քաղաքը՝ որպէս առջին հանգրուան փրկութեան վայրերու յոբելենական ուղեւորութեան։ Ան կը փափաքէր մեկնիլ Աբրահամէն, հրեաներու, քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու միասնական հայրը։ Բայց կարելի չեղաւ այդ ճամբորդութիւնը իրականացնել  այդ ժամանակուայ քաղաքական իրավիճակին բերումով, ու մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներու հակառակութեան պատճառաւ, որ արդեն պատերազմի մէջ էր Իրաքի դէմ ու այդ ժամանակուայ Իրաքի նախագահ՝ Սատտամ Հիւսէյնի դէմ։

Առաջին Քահանայապետը որ Իրաք կ՛այցելէ

Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետին 33-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը սկիզբ պիտի առնէ ուրբաթ 5 Մարտի առաւօտեան կանուխ երբ Ան Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանէն պիտի մեկնի դէպի Իրաքի մանրաքաղաք Պաղտատ։ Ասիկա պիտի ըլլայ պատմութեան մէջ Քահանայապետի մը Իրաք կատարած առաջին ճամբորդութիւնը եւ 2019-էն ետք առաջինը՝ որ կը կատարուի Քովիտ19 ժահրի ժամանակաընթացքին։

Եղբայրութիւն, համերաշխութիւն, համակեցութիւն

Ճամբորդութեան նպատակը ներկայացուցած էր նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը երբ 2019-ի Յունիսի 10-ին, ROACO-ի անդամներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին։ Ան յայտնած էր թէ «յառաջիկայ տարի իղձ ունի այցելել Իրաքը» յոյսով՝ որ երկիրը «կարողանայ նայիլ դէպի առաջ, հասարակաց բարիքի կառուցման ի նպաստ բոլոր բաղադրիչներու խաղաղ ու բաժնեկցուած մասնակցութեան միջոցաւ, նաեւ կրօնական, ու անգամ մը եւս չ՛իյնայ լարուածութեան մէջ, որ յառաջ կու գայ  տարածաշրջանային տէրութիւններու  երբեք չի դադրած հակամարտութիւններէն»։ Այս պատճառներուն հարկաւոր է նաեւ աւելցնել Աբրահամը ու այն եղբայրութեան իղձը՝ զոր Ֆրանչիսկոս Պապը արտայայտեց իր “fratelli tutti» շրջաբերականին մէջ։

Իրաքի քրիստոնեայ հասարակութիւնը եւ ճամբորդութեան հանգրուանները։

Իրաքի մէջ կ՛ապրին քրիստոնեայ զանազան հասարակութիւններ, որոնց շարքին նաեւ Հայերը ըլլան անոնք կաթողիկէ կամ օրթոտոքս։ Քահանայապետին նպատակն է այդ փոքրամաս հասարակութիւններուն տանիլ մօտիկութիւն, մխիթարութիւն եւ զօրակցութիւն ու զանոնք ամրապնդել իրենց հաւատքին մէջ։

Նորին Սրբութեան ճամբորդութիւնը կը նախատեսէ չորս հանգրուաններ Պաղտատ, Ուր, Մոսուլ եւ Էրպիլ ու միջանկեալ նաեւ Քարաքոշ քաղաքը։

Մոսուլը պատերազմի զոհերուն աղօթքի վայր

Ուր քաղաքը ինչպէս ըսինք կարեւոր տեղ կը գրաւէ ճամբորդութեան նպատակներուն մէջ. Բայց եւ այնպէս Մոսուլ քաղաքն ալ ունի իր յատուկ նշանակութիւնը, ուր այսօր չկայ ժամանակի քրիստոնեայ հասարակութիւնը, սակայն Քահանայապետը ուզած է նոյնպէս այցելութիւն տալ քաղաքին այնտեղ աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած խաղաղութեան ու համերաշխութեան համար ու մասնաւորապէս աղօթելու՝ ահռելի պատերազմի բոլոր զոհերուն համար։

Ֆրանչիսկոս Պապին Պաղտատի օդակայան ժամանումը նախատեսուած է տեղական ժամով 14-ին (Հռոմի ժամով 12-ին, տրուած ըլլալով որ երկու ժամուայ տարբերութիւն կայ Հռոմի ու Պաղտատի միջեւ)։  Օդակայանին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը դիմաւորուի Երկրին վարչապետին ու կրօնական եւ եկեղեցական իշխանութիւններէն, որոնց շարքէն բացակայ պիտի ըլլայ Իրաքի մէջ առաքելական նուիրակը, վարակուած ըլլալով Քորոնա ժահրէն։

Հանդիպում Իշխանութիւններուն հետ

Նորին Սրբութիւնը հուսկ կ՛ուղղուի նախագահական պալատ ուր տեղական ժամով 15-ին առանձնական հանդիպում ունենալէ ետք Երկրի Նախագահին հետ, կը հանդիպի երկրին քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ, անոնց ուղղելով իր պատգամը, Պաղտատի նախագահական պալատի  կեդրոնական դահլիճին մէջ։

Մարտիրոսներու յիշատակին

 Նորին Սրբութիւնը հուսկ կը փոխադրուի Պաղտատի Փրկութեան Տիրամայր անուամբ Ասորի Կաթողիկէներու մայր տաճար՝ վայրը ուր 11 տարիներ առաջ, 2010-ի Հոկտեմբերի 31-ին, այնտեղ մատուցուած Սուրբ Պատարագի ընթացքին հինգ իսլամ ահաբեկիչներ յարձակում կատարելով եկեղեցւոյ դէմ սպանեցին 48 քրիստոնեայ հաւատացեալներ որոնց շարքին նաեւ երկու քահանաներ։  Փրկութեան Տիրամայր Եկեղեցին պիտի հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաքի մէջ այցելած առաջին աղօթատեղին, եւ այս ընտրանքը կատարուած է նաեւ մեծարելու համար 2010-ի նահատակներուն յիշատակը։ Այնտեղ Նորին Սրբութիւնը հանդիպում պիտի ունենայ Երկրի եպիսկոպոսներուն, կղերական դասին, նորընծաներուն ու կրօնուսոյցներուն հետ անոնց ուղղելով իր սրտի խօսքը։

Օրուան աւարտին Քահանայապետը կ՛ուղուի Պաղտատի առաքելական պալատ, որ ճամբորդութեան օրերուն պիտի հանդիսանայ Քահանայապետի բնակութեան վայրը։

Աբրահամի զաւակներուն միատեղ համախմբումը եւ աղօթքը

Ճամբորդութեան երկրորդ օրը Նորին Սրբութիւնը օդանաւով կը տեղափոխուի Նաժաֆ, ուր նախ քաղաքավարական այցելութիւն կու տայ Աւագ Այաթոլլահ Սայիտ Ալի Ալ Հուսայնի Ալ Սիսթանիին, որմէ ետք Նաժաֆը թողելով օդանաւով կ՛ուղղուի Նասսիրիայ օդակայան ապա Ուր քաղաք,  ուր նախատեսուած է միջկրօնական հանդիպում, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Իրաքի բոլոր կրօններու ներկայացուցիչները, Իսլամ, քրիստոնեայ, կաթողիկէ եւ օրթոտոքս, հրեայ եւ նոյնիսկ այլ փոքրամաս կրօններու ներկայացուցիչներ։ Ուր քաղաքի հանդիպումը ունի  միջկրօնական երկխօսութեան հանդիպումի հանգամանք,  ուր նախատեսուած է Քահանայապետին յատուկ մէկ աղօթքը, որ պիտի արտասանուի արաբերէնով «Աբրահամի զաւակներուն աղօթքը» խորագիրով։

Քաղդէական ծէսով Սուրբ Պատարագ

Ֆրանչիսկոս Պապ աղօթքի աւարտին  իր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան հետ միասին վերադարձ կը կատարէ Պաղտատ ուր նախատեսուած է քաղդէական ծէսով Սուրբ  Պատարագ Պաղտատի Սուրբ Յովսէփ անուամբ քաղդէացիներու աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ։

7 Մարտը խիտ օրակարգով օր

Ճամբորդութեան երրորդ օրը՝  կիրակի 7 մարտը ունի բաւականին խիտ յայտագիրով օրակարգ, որ կը նախատեսէ Էրպիլ, Մոսուլ, ու Քարաքոշ քաղաքներուն այցելութիւնը։

Մոսուլ՝ աղօթք պատերազմի զոհերուն համար

Սրբազան Պապը առաւօտ կանուխէն Պաղտատէն կը փոխադրուի Էրպիլի օդակայան, ուր կը դիմաւորուի Իրաքեան Քիւրտիստանի տեղական քաղաքական եւ եկեղեցպան իշխանութիւններու կողմէ եւ ուր հանդիպում կ՛ունենայ Ինքնավար Մարզի նախագահին հետ,  որմէ ետք Քահանայապետը ընկերակցութեամբ շատ փոքր թիւով մէկ պատուիրակութեան ինքնաթիռով կը փոխադրուի Մոսուլ եւ քաղաքի «Hosh al-Bieaa»  հրապարակին վրայ աղօթք կը կատարէ պատերազմի բոլոր զոհերու հոգւոյն հանգստեան համար։

Ինչպէս նշեցինք այս մէկը ճամբորդութեան այլ մէկ խորհրդանշական պահերէն մին է, զոր Ֆրանչիսկոս Պապ ուզեց անպայման ներառել ճամբորդութեան ծրագրին մէջ։ Արդարեւ Սրբազան Հայրը Մոսուլը պիտի այցելէ գրեթէ առանձին, առանց իր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան անդամներու մասնակցութեան։

Քարաքոշի հասարակութեան հետ հանդիպում

Աղօթքէն ետք Քահանայապետը դարձեալ ինքնաթիռով կ՛ուղղուի Քարաքոշ, ուր տեղական Անարատ Յղութեան անուամբ եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում կ՛ունենայ Քարաքոշի հասարակութեան անդամներուն հետ անոնց ուղղելով իր սրտի խօսքը։

Քարաքոշի մէջ Նորին Սրբութիւնը կը դիմաւորուի Կաթողիկէ Ասորիներու պատրիարք Գերերջանիկ Ինքնատիոս Գ Եունանի կողմէ ու տեղւոյն եպիսկոպոսին եւ եկեղեցւոյ ժողովրդապետին կողմէ։ Քարաքոշի մէջ Քահանայապետը պիտի արտասանէ նաեւ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։

Եզրափակիչ Սուրբ Պատարագ Էրպիլի մէջ

Քարաքոշի հասարակութեան հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛ուղղուի Էրպիլի “Franso Hariri” մարզադաշտ ուր նախատեսուած է Ճամբորդութեան եզրափակիչ Սուրբ պատարագը։

Վերադրաձ Հռոմ

Երկուշաբթի 8 մարտը կը հանդիսանայ ճամբորդութեան չորրորդ ու վերջին օրը։ Առաւօտեան 9.20 անց Պաղտատի օդակայանին մէջ տեղի ունեցած հրաժեշտի արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը հրաժեշտ առնելով Իրաքէն վերադարձ կը կատարէ դէպի Հռոմ։

 

Հետաքրքրական տեղեկութիւններ

- Իրաքի քահանայապետական այցելութիւնը կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին միջազգային 33-րդ ճամբորդութիւնը։ Ան կը կատարուի քովիտ 19 համաճարակի ժամանակներու ընթացքին։

- Իրաքի Պապական Նուիրակը պիտի չի մասնակցի ճամբորդութեան, որովհետեւ մի քանի օրեր առաջ վարակուեցաւ Քովիտէն։

- Ճամբորդութեան ընթացքին Սրբազան Պապը 7 առիթներով պիտի ներկայացնէ 9 ուղերձ, որոնցմէ  երեքը ճառեր, երկուքը քարոզ, մէկը աղօթք ու երկուքը ողջոյնի խօսքեր ապա Մարեմեան աղօթքը։ Կայ ապա տասներորդ ուղերձ մը, որ սակայն պիտի արտասանուի միայն արաբերէնով։ Քահանայապետին աղօթքը Ուր քաղաքին մէջ։

- Իրաքի մէջ Սրբազան Պապը պիտի դիմաւորեն երկու Արեւելեան Եկեղեցիներու Պատրիարքներ Քաղդէացիներու Պատրիարք՝ Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ եւ Ասորի Կաթողիկէներու Պատրիարք գերերջանիկ Ինքնատիոս Գ Եունանը։

- Առաջին անգամուան համար Քահանայապետը յօժարեցաւ շրջիլ զրահամեքենայով։

- Ճամբորդութեան առթիւ Սրբազան Պապը յատուկէն ու առանձնական կերպով պիտի ողջունէ 150 անձ բացի քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութիւններէն։

- 1964-ին Սուրբ Երկիր կատարած Պօղոս Զ Պապի ճամբորդութենէն ետք այս մէկը կը հանդիսանայ Ալիթալիաի ընկերութեան թռիչքով կատարուած քահանայապետական 180րդ ճամբորդութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/03/2021, 13:04