Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ Ուկրանիոյ Վարչապետին հետ Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ Ուկրանիոյ Վարչապետին հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Ուկրանիոյ Վարչապետին

Խօսակցութիւններու ընթացքին յատուկ քննարկման նիւթ հանդիսացաւ Ուկրանիոյ արեւելեան տարածաշրջանի ողբերգական կացութիւնը, որուն ուղղութեամբ մաղթանք յայտնուեցաւ, որ տեղ տտրուի հակամարտութեան խաղաղ լուծումը խթանող արարքներու։

Վատիկան Նիուզ

«Այսօր` հինգշաբթի 25 մարտ 2020-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատէն ներս ընդունեց Տիար Տէնիս Շմիհալը, Ուքրանիոյ Վարչապետը, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ որուն կ՛ընկերանար Վատիկանի Պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Կալլակէր»։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը հրապարակած յատուկ մէկ հաղորդագրութեամբ որուն մէջ կը նշուի նաեւ թէ «Պետական Քարտուղարութեան մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին շեշտը դրուեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Ուկրանիոյ միջեւ տիրող բարի յարաբերութիւններուն վրայ, յատուկ ուշադրութիւն յատկացնելով կողմերը հետաքրքրող ժամանակակից որոշ  հարցերու վրայ, ինչպէս նաեւ Երկրին մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կեանքին հայող հարցերու վրայ։ 

Խօսակցութիւններու ընթացքին յատուկ քննարկման նիւթ հանդիսացաւ նաեւ առողջապահական ճգնաժամը եւ Ուկրանիոյ արեւելեան տարածաշրջանի ողբերգական կացութիւնը, որուն ուղղութեամբ մաղթանք յայտնուեցաւ,  որ վերջին օրերու զինադադարի խախտումները տեղ տան արարքներու` որոնք   հակամարտութեան խաղաղ լուծումը խթանեն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2021, 13:20