Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն. Ֆրանչիսկոս Պապ. «Իրաքին ու աշխարհին մարտարհրաւէրը եղբաղրութիւնն է»

Իրաքի մէջ արմաւենիները, երկրին խորհրդանիշը և անոր յոյսը, կը շարունակեն աճիլ և պտուղներ տալ: Այսպէս է նաեւ եղբայրութեան համար, ան անաղմուկ է, բայց բերքատու է և մեզ կ՛աճեցնէ: Աստուած, որ խաղաղութիւն է, եղբայրութեան ապագայ պարգևէ Իրաքին, Մերձաւոր Արևելքին և ամբողջ աշխարհին:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 10 մարտ 2021-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին առաքելական պալատի մատենադարանէն ուղիղ եթերով գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան առանցքը կազմեց Անոր անցեալ շաբաթավերջին  Իրաք կատարած պատմական այցելութիւնը։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ծրագիրը

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս. Անցեալ օրերուն Տէրը ինծի առիթ շնորհեց այցելելու Իրաքը, իրականացնելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ծրագիրը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տալով խորհրդածութեան դիտել տալով որ «Երբեք Հռոմի Պապ մը չէր եղած էր Աբրահամի  երկրին մէջ» ու թէ «Նախախնամութիւնը կամեցաւ, որ այդ մէկը պատահի այժմ, որպէս նշան յոյսի, պատերազմի եւ ահաբեկութեան տարիներէ ետք եւ դաժան համաճարակի ժամանակ»։

Սիրտս լի է երախտագիտութեամբ

«Այս այցելութեան աւարտին սիրտս լի է երախտագիտութեամբ։ Երախտագիտութիւն Աստուծոյ ու բոլոր անոնց, որոնք կարելի դարձուցին ճամբորդութիւնը» ըսաւ ապա Քահանայապետը երախտագիտութիւն յայտնելով Իրաքի նախագահին ու կառավարութեան, երկրի Պատրիարքներուն, եպիսկոպոսներուն կղերական դասին եւ հաւատացեալներուն, Կրօնական իշխանութիւններուն սկսեալ Աւագ Հոգեւոր առաջնորդ Ալ Սիսթանիէն, «որուն հետ, ըսաւ Սրբազան Պապը, անմոռանալի հանդիպում մը ունեցայ, անոր Նաժաֆի բնակարանին մէջ»։

Ապաշխարողի ուխտագնացութիւնը մարտիրոս եկեղեցւոյ

Զօրեղ զգացի այս ուխտագնացութեան ապաշխարութեան իմաստը, չէի կարող մօտենալ այդ մարտիրոս ժողովուրդին, այդ մարտիրոս Եկեղեցւոյ, առանց իմ վրաս առնելու, յանուն Կաթողիկէ ընդհանրական Եկեղեցւոյ, խաչը՝ որ անոնք կը կրեն երկար տարիներէ ի վեր։ Հսկայական խաչ մը, նման Քարաքոշ քաղաքի մուտքին կանգնեցուած խաչին։  Այս մէկը զգացի յատկապէս տեսնելով կործանումներու տակաւին բաց վէրքերը եւ առ աւելիով հանդիպելով եւ ունկնդրելով բռնութիւններէ, հալածանքներէ եւ աքսորէ վերապրած վկաները։

Քրիստոսի պատգամաւորը ընկալելու ուրախութիւնը

Միեւնոյն ատեն իմ շուրջս տեսայ Քրիստոսի պատգամաւորը ընկալելու ուրախութիւնը։ Տեսայ յոյսը, որ բացուեցաւ խաղաղութեան եւ եղբայրութեան հորիզոնին, ամփոփուած Յիսուսին խօսքերուն մէջ, որոնք այցելութեան նշանաբանն էին «Դուք բոլորդ եղբայրներ էք» (Մատթ. 23,8)։ Այդ յոյսը նկատեցի հանրապետութեան նախագահի ճառին մէջ, ու զայն վերագտայ բազմաթիւ ողջոյնի խօսքերուն ու վկայութիւններուն մէջ, երգերուն ու մարդոց վերաբերմունքներուն մէջ։ Զայն կարդացի նաեւ երիտասարդներու պայծառ դէմքերուն վրայ ու տարեցներու աշխուժ աչքերուն մէջ։

Իրաքը քաղաքակրթութեան օրրան

Իրաքի ժողովուրդը իրաւունք ունի ապրելու խաղաղութեամբ, իրաւունք ունի վերագտնելու իրեն պատկանող արժանապատուութիւնը։ Անոր կրօնական եւ մշակութային արմատները կու գան հազարաւոր տարիներէ. Միջագետքը քաղաքակրթութեան օրրան է. Պատմութեան ընթացքին Պաղտատը առաջնային կարեւորութեամբ քաղաք մը եղաւ, որ դարեր  շարունակ պահպանեց աշխարհի ամենահարուստ գրադարանը: «Եւ ի՞նչն է, որ զայն ոչնչացուց» հարց տուաւ Սրբազան Պապը ու պատասխանեց. «Պատերազմը»։

Պատերազմին պատասխանը եղբայրութիւնն է

Պատերազմը միշտ այն հրէշն է, որ դարերու յեղաշրջումով, ինք եւս կը փոխակերպուի եւ  կը շարունակէ յօշոտել մարդկութիւնը:

“Բայց պատերազմի պատասխանը այլ պատերազմ չէ, զէնքի դէմ պատասխանը այլ զէնք չէ: Պատասխանը եղբայրութիւնն է:”

«Ես հարց կու տամ ո՞վ էր զէնք վաճառողը ահաբեկիչներուն։ Ո՞վ այսօր զէնք կը վաճառէ ահաբեկչիներուն, որոնք կը շարունակեն կոտորածներ իրագործել այլ վայրերուն մէջ, ինչպէս Ափրիկէին մէջ։ Կը փափաքիմ պատասխան ունենալ այս հարցումիս» ըսաւ Սրբազան Պապը ու դարձեալ հաստատեց. Պատասխանը պատերազմը չէ։ Պատասխանը եղբայրութիւնն է։

«Այս է Իրաքին մարտահրաւէրը, եւ ոչ միայն իրաքինը։ Ասիկա մարտահրաւէրն է հակամարտութեան մէջ բազմաթիւ շրջաններուն և, ի վերջոյ, ամբողջ աշխարհին» աւելցուց Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով, որ «ասոր համար է, որ մենք հանդիպեցանք եւ աղօթեցինք՝ քրիստոնեայ եւ իսլամներ միւս բոլոր կրօններու ներկայացուցիչներուն հետ,  Ուր քաղաքի մէջ, քաղաքը ուր Աբրահամը ընդուեցաւ Աստուծոյ կոչը գրեթէ չորս հազար տարիներ առաջ։

Աստուած կ՛առաջնորդէ խաաղաղութեան քայլերը

Աբրահամը հաւատքի մէջ հայր է, որովհետեւ ունկնդրեց Աստուծոյ ձայնը, որ անոր սերունդ մը խոստացաւ, եւ Ան լքեց ամէն ինչ ու ճամբայ ելաւ։

Աստուած հաւատարիմ է իր խոստումներուն եւ այսօր եւս ան կ՛առաջնորդէ մեր խաղաղութեան քայլերը, կ՛ուղղէ քայլերը անոր՝ որ կը քալէ երկրի վրայ իր հայեացքը սեւեռելով դէպի Երկինք։ Եւ Ուրի մէջ, բոլորս միասին կանգնելով լուսաւոր այդ երկնքի տակ, նոյն երկինքը, որուն մէջ մեր հայր Աբրահամը տեսաւ մեզ, իր ժառանգութիւնը, մեզի թուաց թէ անգամ մը եւս մեր սրտերուն մէջ հնչեց այդ նախադասութիւնը. «Դուք բոլորդ եղբայրներ էք»

Եղբայրութեան պատգամներ

Եղբայրութեան պատգամ մը հասաւ նաեւ եկեղեցական հանդիպումէն, Պաղտատի Ասորի Կաթողիկէներու աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, ուր 2010 ին պատարագի ընթացքին, սպաննուեցան 48 անձեր, որոնց շարքին երկու քահանաներ։

Իրաքի մէջ եկեղեցին նահատակ եկեղեցի է ու այդ տաճարին մէջ, որուն կամարները կը կրեն այդ նահատակներուն յիշատակը, վերահնեչց հանդիպումի ուրախութիւնը, իմ անոնց մէջ գտնուելուս զարմանքս կը միաձուլուէր անոնց իրենց մօտ Պապը ունենալու ուրախութեան հետ։

Եղբայրութեան պատգամ մը ուղղեցինք նաեւ Մոսուլէն եւ Քարաքոշէն, Տիգրիս գետին վրայ, Հնագոյն Նինուէի աւերակներուն մօտ։

Քանդումներէն ետք վերաշինութիւն

Տահեշին տիրապետութիւնը պատճառ դարձաւ հազարաւոր բնակիչներու փախուստին, որոնց շարքին տարբեր դաւանանքներու բազմաթիւ քրիստոնեաներ ու այլ հալածուած փոքրամասնութիւններ, մասնաւորապէս եզտիները։ Քանդուեցաւ այդ քաղաքներու հնագոյն ինքնութիւնը։ Այժմ կը ջանան մեծ դժուարութեամբ վերակառուցել։ Մահմետականները հրաւէր կ՛ուղղեն քրիստոնեաներուն վերադառնալու ու անոնց հետ միասին կը վերաշինեն եկեղեցիներն ու մզկիթները։

Աղօթք Իրաքի մարտիրոս ժողովուրդին համար

«Շարունակենք աղօթել այդքան տառապող մեր այս եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար որպէսզի գտնեն վերսկսելու ուժը» հրաւէր ուղղեց ապա Սրբազան Պապը ու մտաբերելով բազմաթիւ Իրաքցի գաղթականները անոնց ըսաւ. «Դուք Աբրահամի նման լքեցիք ամէն բան, անոր նման պահպանեցէք հաւատքը եւ յոյսը եւ այնտեղ ուր, որ կը գտնուիք, եղէք բարեկամութեան ու եղբայրութեան հիւսողները։ Եւ եթէ կարող էք վերադարձէք»։

Աբրահամին ու անոր սերունդին յոյսը իրականացաւ

«Եղբայրութեան պատգամ մը յառաջ եկաւ նաեւ երկու մատուցուած պատարագներէն, Պաղտատի մէջ քաղդէական ծէսով եւ Էրպիլի մէջ, ուր դիմաւորուեցայ տարածաշրջանի իշխանութիւններու եւ ժողովուրդին կողմէ» աւելցուց Սրբազան Պապը հաստատելով, որ Աբրահամին ու անոր սերունդին յոյսը իրականացաւ մեր մատակարարած խորհուրդին մէջ, Յիսուսին, Որդին որ հայր Աստուած չի խնայեց, այլ պարգեւեց բոլորի փրկութեան համար։ Ան իր մահով ու յարութեամբ, մեզի բացաւ դէպի խոստացուած երկրի անցքը, դէպի նոր կեանք, ուր արցունքները չորցած են, վէրքերը սպիացած ու եղբայրները հաշտուած։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, փառաբանենք Աստուած այս պատմական այցելութեան համար ու շարունակենք աղօթել այդ Երկրին ու Միջին Արեւելքին համար։

Աճիլ եւ պտղաբերել Իրաքի արմաւենիներու նման

Իրաքի մէջ, չնայած ոչնչացման ու զէնքի բղաւումին, արմաւենիները, երկրին խորհրդանիշը և անոր յոյսը,  կը շարունակեն աճիլ և պտուղներ տալ: Այսպէս է նաեւ եղբայրութեան համար, ան անաղմուկ է, բայց բերքատու է և մեզ կ՛աճեցնէ: Աստուած, որ խաղաղութիւն է, եղբայրութեան ապագայ պարգևէ Իրաքին, Մերձաւոր Արևելքին և ամբողջ աշխարհին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/03/2021, 09:33

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >