Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն

«Խաչը նշան է յոյսի». Քահանայապետին ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան առանցքը կազմեց Աւագ Շաբաթը։

Տառապանքի բազմաթիւ իրադարձութիւններուն մէջ, յատկապէս երբ ցաւ կրողները անձեր,ընտանիքներ ու ժողովուրդներ են, որոնք արդէն կը տառապին աղքատութեան, աղէտներու եւ հակամարտութիւններու պատճառաւ, Քրիստոսի Խաչը նման է փարոսի մը` որ ալեկոծ ծովուն մէջ նաւերուն ցոյց կու տայ նաւահանգիստը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 31 մարտ 2021-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի մատենադարանէն ուղիղ եթերի միջոցաւ ներկայացուց չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը, որուն առանցքը կազմեց Աւագ Շաբաթը ու յատկապէս Սուրբ Զատկուայ տօնը կանխող այդ շաբթուան երեք վերջին օրերը։

«Վաղուընէ եւ մինչեւ կիրակի պիտի ապրինք ծիսական տարւոյն կեդրոնական օրերը, Տիրոջ չարչարանքի, մահուան ու յարութեան խորհուրդներու արարողութիւններով» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Վերջին ընթրիքը եւ սիրոյ կտակը

«Աւագ հինգշաբթի օրուայ երեկոյեան, պիտի յիշատակենք վերջին ընթրիքը։ Գիշերը երբ Քրիստոս իր աշակերտներուն փոխանցեց իր սիրոյ կտակը Սուրբ Հաղորդութեան մէջ, ոչ որպէս լոկ յիշատակ այլ որպէս իր մշտական ներկայութիւնը։ Այդ այն գիշերն է, որուն ընթացքին Ան մեզմէ կը խնդրէ իրար սիրել դառնալով մէկը միւսին ծառան, ինչպէս ինք ըրաւ, լուալով իր աշակերտներուն ոտքերը» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, թէ անիկայ «արարք մըն է, որ կը կանխէ Անոր խաչին վրայ նուիրումը»։

Ապաշխարութեան, ծոմապահութեան եւ աղօթքի Օրը

«Աւագ ուրբաթ օրը, օրն է ապաշխարութեան, ծոմապահութեան եւ աղօթքի։ Այդ օրը մենք կը յիշատակենք Յիսուսին փրկարար չարչարանքն ու մահը։ Խաչին երկրպագելով պիտի վերապրինք մեր փրկութեան համար զոհաբերուած անմեղ Գառնուկին ճանապարհորդութիւնը։ Մեր մտքին ու սրտին մէջ պիտի կրենք այս աշխարհի հիւանդներուն, աղքատներուն եւ անտեսուածներուն տառապանքները, պիտի յիշենք «զոհաբերուած գառնուկները» որոնք զոհ են պատերազմներու, բռնատիրութիւններու, առօրեայի բռնութիւններու եւ վիժումներու։ Եւ խաչուած Աստուծոյ պատկերին առջեւ, աղօթքի միջոցաւ, այնտեղ պիտի տանինք, այսօրուայ շատ ու բազմաթիւ խաչեալները, զոր կարող են մխիթարութիւն եւ իրենց ցաւերուն իմաստ գնել միայն Անոր մէջ» հաստատեց հուսկ Սրբազան Պապը դիտել տալով, թէ «Այն օրէն երբ Յիսուս իր վրայ առաւ մարդկութեան վէրքերն ու նոյնինքն մահը, Աստուծոյ սէրը ոռոգեց մեր անապատները, լուսաւորեց մեր խաւարը...»

Յիսուսին շնորհիւ ոչ մէկը այլեւս մինակ է մահուան խաւարին մէջ

Ան  Խաչին վրայ  իր գերագոյն զոհաբերութեամբ, աւարտին կը հասնեցնէ Հօրմէն իրեն յանձնուած գործը. Կը մտնէ տառապանքի անդունդին մէջ փոխակերպելու եւ բուժելու համար զայն։ Միայն Աստուծոյ սէրը կարող է անիկայ ընել։ Մենք բուժուեցանք անոր վէրքերով եւ անոր մահով վերակենդանացանք։ Իրեն շնորհիւ, լքուած խաչին վրայ, ոչ մէկը այլեւս մինակ է մահուան խաւարին մէջ։

Լռութեան եւ արտասուքի օրը

Աւագ շաբաթ օրը լռութեան օրն է, զոր առաջին աշակերտները ապրեցան լացով եւ մոլորուած իրավիճակի մէջ, ցնցուած Յիսուսին ամօթալի մահէն։ Եւ մինչ Բանը լռած է, մինչ Կեանքը գերեզմանին մէջ է, անոնք, որոնք Անոր վրայ իրենց յոյսը դրած էին այժմ կը գտնուին փորձութեան մէջ, իրենք զիրենք որբ զգալով, որբացած նաեւ Աստուծմէ։

Այդ շաբաթ օրը օրն է նաեւ Մարիամին։ Ան ալ կու լայ սակայն Անոր սիրտը լի է հաւատքով, յոյսով եւ սիրով։

Մարիամ յոյսի Մայրը

Մայրը հետեւած էր իր Զաւկին չարչարանքի ճանապարհին վրայ եւ խոցուած հոգիով կանգնած է խաչին ոտքին։ Ու երբ ամէն ինչ վերջացած կը թուի Ան կը հսկէ, կը հսկէ վստահելով Աստուծոյ խոստումին, որ մեռեալներուն յարութիւն կու տայ։ Այդպէսով է, որ աշխարհի ամէնէ խաւար պահուն ան դարձաւ Մայրը հաւատացեալներուն, Մայրը Եկեղեցւոյ եւ նշանը յոյսին։ Անոր վկայութիւնն ու անոր բարեխօսութիւնը մեզի թիկունք կը կանգնին երբ խաչին բեռը ծանր կը դառնայ մեզի համար։

«Ալէլուիայ»ի ուրախութիւնը

Ի վերջոյ աւագ շաբաթ օրուան խաւարին մէջ կը ներխուժեն ուրախութիւնն ու լոյսը Սուրբ Զատկուայ հսկումի ծիսակատարութեամբ եւ Ալէլուիայի ուրախ շարականով։ Ուրախութիւն որ պիտի շարունակուի Զատիկէն ետք յիսուն օրեր ամբողջ։

Ան որ խաչուած էր յարութիւն առաւ։ Բոլոր հարցերն ու անորոշութիւնները, տատանումները և վախերը ցիր ու ցան կ՛ըլլան այդ յայտնութեամբ։ Յարուցեալը մեզի կը հաւաստիացնէ, որ բարին միշտ կը յաղթէ չարին, թէ կեանքը միշտ կը յաղթէ մահուան ու մեր աւարտը միշտ աւելիով ստորոտ երթալը չէ, այլ դէպի վեր բարձրանալն է։

Քահանայապետը յատուկէն ակնարկեց այն զինուորներուն. որոնք Յիսուսի յարութենէն ետք չի վկայեցին Անոր յարութեան մասին, որովհետեւ կաշարուած էին։ «Աշխարհի վրայ կան երկու տէրեր` Աստուած եւ դրամը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը զգուշացնլով դրամի ստրուկ դառնալու վտանգէն։ 

Յիսուսին խաչը փարոս

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այս տարի եւս Զատկուան արարողութիւնները պիտի ապրինք համաճարակի ոլորտէն ներս։ Տառապանքի բազմաթիւ իրադարձութիւններուն մէջ, յատկապէս երբ ցաւ կրողները անձեր,ընտանիքներ ու ժողովուրդներ են, որոնք արդէն կը տառապին աղքատութեան, աղէտներու եւ հակամարտութիւններու պատճառաւ, Քրիստոսի Խաչը նման է փարոսի մը` որ ալեկոծ ծովուն մէջ նաւերուն ցոյց կու տայ նաւահանգիստը։ Անիկայ նշան է յոյսի որ յուսախաբ չի թողուր ու մեզի կ՛իմացնէ թէ ոչ իսկ մէկ արցունք, ոչ մէկ հառաչանք կը կորսուի Աստուծոյ փրկութեան ծրագրին մէջ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/03/2021, 09:36

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >