Որոնել

«Աղօթքը եւ Սուրբ Երրորդութիւնը». Քահանայապետին 17 Մարտի հրապարակային ունկնդրութիւնը:

«Եթէ զիս կը սիրէք` պատուիրաններս պահեցէք։ Ես ալ պիտի աղաչեմ Հօր` որ ուրիշ Մխիթարիչ մը տայ ձեզի, որ ձեզի հետ բնակի յաւիտեան. ճշմարտութեան Հոգին, զոր աշխարհ չի կրնար ընդունիլ, վասնզի չի տեսներ զայն, եւ ոչ ալ կը ճանչնայ. բայց դուք կը ճանչնաք, վասնզի ձեր մօտ կը բնակի եւ ձեր մէջ»….Այս բաները խօսեցայ ձեզի քանի տակաւին ձեր քով եմ. իսկ Մխիթարիչը, Սուրբ Հոգին, զոր Հայրը իմ անունովս պիտի ղրկէ, ան ձեզի պիտի սորվեցնէ ամէն բան եւ պիտի յիշեցնէ բոլոր ըսածներս։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 17 մարտ 2021-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի մատենադարանէն ուղիղ եթերով գլխաւորեց  հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան  առանցքը կազմեց աղօթքը՝ յատկապէս Սուրբ Հոգւոյն հետ յարաբերութեան մէջ աղօթքը։

Սուրբ Հոգին մեր սիրտը կը բանայ Աստուծոյ ներկայութեան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, բարի լոյս, այսօր կ՛ամբողջացնենք աղօթքի մասին խորհրդածութիւնները՝ որպէս Սուրբ Երրորդութեան հետ յարաբերութիւն ու յատկապէս Սուրբ Հոգւոյն հետ յարաբերութիւն», ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «իւրաքանչիւր Քրիստոնեայի գոյութեան առաջին պարգեւը Սուրբ Հոգիին է։ Ան հիմնական պարգեւն է։ Առանց Սուրբ Հոգիին չկայ յարաբերութիւն ոչ Քրիստոսի հետ եւ ոչ ալ Աստուծոյ հետ։ Որովհետեւ Սուրբ Հոգին մեր սիրտը կը բանայ Աստուծոյ ներկայութեան ու զայն կը ներքաշէ այն սիրոյ «յորձանուտին» մէջ, որ նոյնինքն Աստուծոյ սիրտն է։ Ան մեզ կը դարձնէ հիւրեր եւ ուխտաւորներ Սուրբ Երրորդութեան խորհուրդին մէջ»։

Սուրբ Հոգին մեզի փորձարկել կու տայ Աստուծմէ սիրուած ըլլալու ուրախութիւնը

«Նման ենք Աբրահամին, որ օր մը, իր վրանին տակ ընկալելով երեք ճամբորդներ, հանդիպեցաւ Աստուծոյ» յարեց Սրբազան Պապը ու աւելցուց.«Սուրբ Հոգին մեզի փորձարկել կու տայ Աստուծմէ սիրուած ըլլալու ուրախութիւնը, որպէս իսկական զաւակներ։ Քրիստոնէականը ասոր մասին կը յայտնէ, թէ ամէն անգամ որ սկսինք Յիսուսին աղօթել Սուրբ Հոգին է, որ իր շնորհքով մեզ կը քաշէ աղօթքի ճանապարհին վրայ։ Ասոր համար է, որ Եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ ամէն օր դիմելու Սուրբ Հոգիին մասնաւորապէս ամէն մէկ կարեւոր գործունէութեան սկիզբին ու անոր աւարտին։ Ան արդարեւ մեզի ներկայ կը դարձնէ Յիսուսը, որպէսզի ան չի նկատուի լոկ անցեալի անձնաւորութիւն մը, այսպէսով բոլոր ժամանակներու եւ վայրերու քրիստոնեաներուն կարելիութիւն տալով հանդիպելու Քրիստոսին։

Աղօթքի մարդոց հետ հանդիպիլը շնորհք է

«Այս է փորձառութիւնը զոր ապրեցան բազմաթիւ աղօթողներ, մարդիկ եւ կիներ զոր Սուրբ Հոգին կազմաւորեց Քրիստոսի «չափերու» համաձայն, ողորմութեան, ծառայութեան եւ աղօթքի մէջ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով, որ «մեզի համար շնորհք է հանդիպիլ այդպիսի մարդոց հետ» որովհետեւ,  «այնտեղ կ՛անդրադառնանք թէ անոնց մէջ կեանքը տարբեր զարկ ունի, անոնց հայեացքը կը նայի աւելի անդին»։

Այս ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց չի մտածել միայն վանականներուն, ու մենակեացներուն ընդգծելով, որ այդպիսի մարդիկ կը գտնուին նաեւ հասարակ մարդոց միջեւ, «անձինք՝ որոնք երկխօսութեան երկար պատմութիւն հիւսեցին Աստուծոյ հետ»։

Քրիստոնեաներուն պարտականութիւնն է վառ պահել Աստուծոյ սէրը՝ Սուրբ Հոգին

«Քրիստոնեաներուն առաջին պարտականութիւնը ուրեմն Յիսուսին աշխարհ բերած կրակը վառ պահելն է, այսինքն վառ պահել Աստուծոյ սէրը՝ Սուրբ Հոգին» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը։

Առանց Սուրբ Հոգւոյն կրակին մարգարէութիւնները կը մարին, տխրութիւնը կը փոխարինէ ուրախութիւնը, սովորութիւնը՝ սէրը ու  ծառայութիւնը կը վերածուի ստրկութեան։

Սուրբ Հոգին կը յիշեցնէ այն լապտերը, որ վառած կը մնայ տապանակին մօտ՝ ուր կը պահպանուի Սուրբ Հաղորդութիւնը։ Նոյնիսկ երբ Եկեղեցին դատարկ է, կամ փակ է, այդ լապտերը վառուած կը մնայ եւ կը շարունակէ այրիլ։ Ոչ մէկը զայն կը տեսնէ բայց ան կ՛այրի Տիրոջ առջեւ։

Սուրբ Հոգին քրիստոնէական աղօթքի Վարդապետ

Քրիստոնէականը կը յիշեցնէ նաեւ, որ «Սուրբ Հոգին քրիստոնէական աղօթքի ներքին Վարդապետն է եւ Ան է՝ որ աղօթքը կը դարձնէ Եկեղեցւոյ մէջ աղօթք»։

Շատ անգամ կը պատահի, որ մենք կ'աղօթենք թութակներուն նման միայն բերնով սակայն սիրտը հեռու։ Անիկա պահն է ուր մենք պէտք է Սուրբ Հոգիին ըսենք. «Եկ Սուրբ Հոգի, տաքցուր իմ սիրտը։ Եկուր` ինծի աղօթել սորվեցուր, սորվեցուր նայիլ Հօրը, նայիլ Որդւոյն։ Սորվեցուր ո՞րն է հաւատքի ճամբան ու մասնաւորապէս սորվեցուր ունենալ յոյսի վերաբերմունք» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը։

Սուրբ Հոգին  Եկեղեցւոյ ու աշխարհին պատմութիւնը կը գրէ

Սուրբ Հոգին ապա ան է՝ որ Եկեղեցւոյ ու աշխարհին պատմութիւնը կը գրէ։ Մենք բաց էջեր ենք, պատրաստակամ ընդունելու իր ձեռագիրը։ Ու մեզմէ իւրաքանչիւրիս մէջ Սուրբ Հոգին կ՛իրագործէ իր արտակարգ գործերը, որովհետեւ չկայ քրիստոնեայ մը, որ ամբողջովին նման ըլլայ ուրիշ քրիստոնեայի։

Եկ Սուրբ Հոգի

«Սրբութեան անսահման դաշտին մէջ, միակ Աստուածը ՝ Սիրոյ Երրորդութիւնը, կը ծաղկեցնէ վկաներու բազմազանութիւնը. Բոլորն ալ հաւասար արժանապատւութեամբ, բայց նաև եզակի այն գեղեցկութեամբ, որ Հոգին ցանկացաւ ազատ արձակել անոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ, զոր Աստուծոյ ողորմածութիւնը դարձուց իր զաւակները» ըսաւ ապա ֆրանչիսկոս Պապը հրաւէր ուղղելով դարձեալ ու միշտ դիմելու Սուրբ Հոգիին շատ պարզ աղօթքով մը «Եկ Սուրբ Հոգի»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/03/2021, 09:33

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >