Որոնել

Դէպի Աբրահամի ծննդավայր եւ միաստուածեան երեք կրօններու օրրան:

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Իրաքի առաքելական ճամբորդութեան երկորդ օրը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետին Իրաք ճամբորդութեան երկրորդ օրուան՝ 6 մարտին յայտագիրը սկիզբ առաւ տեղական ժամով առաւօտեան 4,50 անց (Հռոմի ժամով 6.50) երբ Նորին Սրբութիւնը Պաղտատի առաքելական պալատէն փոխադրուեցաւ Պաղտատի օդակայան, որտեղէն մեկնեցաւ դէպի Իրաքի հարաւային շրջանի մէջ գտնուող Նաժաֆ քաղաք, որ կը գտնուի  Պաղտատէն 160 քմ հեռաւորութեան վրայ եւ Պիպլիական Ուր քաղաքի հիւսիսային շրջանի 400 քմ հեռաւորութեան վրայ։

Նաժաֆ քաղաքը

Քաղաքը հիմնադրուած է 791 թուականին Հարուն Էլ Ռաշիտ խալիֆայի կողմէ։ Ան Իրաքի Շիիթ համայնքի կրօնական կեդրոնն է ուր կը տպահանուի նաեւ Մոհամմատ մարգարէին զարմիկ եւ Իսլամ կրօնի դարձի եկող առաջին անձ Ալի Իմամին դամբանը, որ է նաեւ Շիիթ Իսլամներու առաջին Իմամը։ Շիիթներուն համար Նաժաֆ քաղաքը նկատուած է սուրբ քաղաք, Նաժաֆ քաղաքի մէջ թաղուիլը կ՛ապահովէ երկինք մուտքը։


Աւագ Այաթոլլահ Սայիտ Ալ Սիսթանիի այցելութիւն

Քահանայապետին Նաժաֆ քաղաք այցելութեան նպատակն է քաղաքավարական այցելութիւն տալ Աւագ Այաթոլլահ Սայիտ Ալի Ալ Հուսայնի Ալ Սիսթանիին, որ Իրաքի Շիիթներու կրօնական հոգեւոր գերագոյն առաջնորդն է եւ Նաժաֆի Իսլամ նորընծայարանի տնօրէնը։  Անոր հեղինակութիւնը ճանչցուած է բոլորին կողմէ ու նկատուած է իմաստուն եւ համերաշխութիւնը սիրող մարդ մը։ Արդարեւ 2019-ի կեանքի սղութեան պատճառաւ տեղի ունեցած  ցոյցերու ընթացքին Ան հրաւէր ուղղած էր քաղաքացիներուն եւ ոստիկանութեան ուշադիր ըլլալու եւ չի դիմելու բռնութեան։ Ան պահանջած էր նաեւ կառավարութեան հրաժարականը եւ ընտրական օրէնսդրութեան բարեփոխումը եւ այս պահանջի հիման վրայ է, որ այդ ժամանակուայ Վարչապետը կը հրաժարի մինչ ազգային ժողովը կը վաւերացնէ նոր օրէնսդրութիւն, որոնք կը հանգեցնեն 2020 տարուայ նոր ընտրութիւններուն։

Նաժաֆի Աւագ Այաթոլլահի բնակավայր ժամանումին Սրբազան Պապը կը դիմաւորուի նոյնինքն Աւագ Իմամի ու անոր զաւակ Մոհամմատ Ռիտայի կողմէ ու միասնաբար մուտք կը գործեն բնակարան ուր տեղի ունեցաւ առանձնական հանդիպում։

Քաղդէացիներու Ուր քաղաքը

Իրաքի աւագ Իմամին տուած այցելութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը  Նաժաֆը թողելով օդանաւով կ՛ուղղուի Նասսիրիա օդակայան, որտեղէն ապա ինքնաշարժով կը փոխադրուի Քաղդէացիներու Ուր քաղաք, որ կը գտնուի Նասսիրիայէն 24 քմ հեռաւորութեան վրայ։

Ուր քաղաքի ծագումը վերագրուած է Քրիստոսէ առաջ չորրորդ դարուն։ Ան քաղաքն է ուր Աբրահամ նախահայրը առաջին անգամ ըլլալով խօսեցաւ Աստուծոյ հետ։ Քաղաքն է որ ծնունդ տուաւ Հրեաներու, Քրիստոնեաներու եւ Իսլամներու նախահայր Աբրահամին։ Այնտեղ է, որ Աստուած Աբրահամէն կը խնդրէ թողուլ իր հայրենիքը եւ իր բոլոր ինչքերը ու մեկնիլ դէպի  Քանանացիներու երկիր։

Ուր քաղաքին մէջ նախատեսուած է  միջկրօնական հանդիպում, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Իրաքի բոլոր կրօններու ներկայացուցիչները, Իսլամ, քրիստոնեայ, կաթողիկէ եւ օրթոտոքս, հրեայ եւ նոյնիսկ այլ փոքրամաս կրօններու ներկայացուցիչներ։

Ուրի մէջ կայացած միջկրօնական երկխօսութեան հանդիպումը կը նախատեսէ նեաւ Քահանայապետին «Աբրահամի զաւակներուն աղօթքը» խորագիրով յատուկ մէկ աղօթքը։

Քաղդէական ծէսով Սուրբ Պատարագ

Ֆրանչիսկոս Պապ աղօթքի աւարտին  իր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան հետ միասին վերադարձ կատարեց Պաղտատ ուր երեկոյեան՝  Պաղտատի Սուրբ Յովսէփ անուամբ քաղդէացիներու աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի կ՛ունենայ Քաղդէական ծէսով Սուրբ  Պատարագ, Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2021, 07:52