Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան ժողովին «ոչ մէկը բացառուած» ծրագիրը։

Ծրագիրը պիտի սկսի չորս ապրիլին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան ժողովը պատրաստած է նոր ծրագիր մը, «ոչ մէկը բացառուած» տիտղոսով։ Ծրագիրին նպատակն է ընդառաջել ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրին, որ է տրամադրել ու հայթայթել միջոցներ, հասանելի դարձնելու համար հաւատքի փոխանցումը։ ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց, որ այդ բոլոր միջոցներն ու առիթները տրամադրելի դառնան անվճար բոլոր անոնց որոնք կարիքը ունին արհեստավարժական միջոցներուն, եւ որոնք յոյժ կարեւոր դեր ունեցան համաճարակի ժամանակաշրջանին։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան ժողովին «ոչ մէկը բացառուած» ծրագիրը ծառայութիւն պիտի մատուցանէ, Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան եւ Մարեմեան աղօթքի մասնակցող, հաղորդակցութեան անկարութիւն ունեցող անձերուն, Վատիկանի Նիւզի Եու Թուպի կայանէն սփռուած յատուկ յայտագիրով։ Կայանէն անմիջական ձեւով պիտի մատուցուի նշաններու լեզուով յայտագիրը։

Ծրագիրը պիտի սկսի , կիրակի չորս ապրիլին, Սուրբ Զատկուայ Հռոմի քաղաքի եւ աշխարհի օրհնութեան, ֆրանչիսկոս Պապին պատգամով ։ ծրագիրը պիտի տեւէ մէկ տարի, այն յոյսով որ դառնայ տարբեր լեզուներով սովորական ծառայութիւն։

Սուրբ Աթոռի հաղորդագրութեան մէջ նշուած է որ յառաջիկայ ամիսներուն տրամադրելի պիտի դառնայ ծրագիր մը որուն միջոցաւ տեսողութեան դժուարութիւն ունեցող անձեր պիտի կարենան օգտագործել Վատիկանի հաղորդամիջոցներուն պարունակութիւնները։

Նշաններու լեզուի թարգմանութիւն պիտի վարէ քոյր Վերոնիք Տոնաթելլօ, որ է պատասխանատուն, Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անկարներու հովուական ծառայութեան ազգային ծառայութեան։

Ծրագիրը իրականացուած է շնորհիւ ու համագործակցութեամբ Միլանոյի մէջ համրերու Փիօն հաստատութեան ու CBM ընկերակցութեան։

.

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/03/2021, 15:00