Քահանայապետական տան քարոզիչ կարդինալ Քանթալամեսա Քահանայապետական տան քարոզիչ կարդինալ Քանթալամեսա 

Քառասնորդաց շրջանի քահանայապետական տան քարոզիչին երրորդ քարոզը «դուք ո՞վ կը կարծէք որ ես ըլլամ» (Մատթ 16,15)

Յովհաննէս աւետարանիչը աւետարանը կը փակէ գրելով «ասոնք նշաններ են որ գրուեցան, որպէսզի հաւատաք, Յիսուս Քրիստոս է , Աստուծոյ Որդին է, եւ որպէսզի հաւատալով կեանք ունենանք իր անունով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 12 մարտին, քահանայապետական տան քարոզիչ, կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսա, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ներկայացուց քառասնորդաց շրջանի երրորդ քարոզը, որուն նիւթը եղաւ Յիսուսի հարցումը «դուք ով կը կարծէք որ ես ըլլամ»։(Մատթ 16,15)։ 

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին ներկայութեամբ քարասնորդաց քարոզին մասնակցեցան, կարդինալներ, Սուրբ Աթոռի անդամներն ու կղերականները։

Հայր Քանդալամեսա քարոզին մէջ ընդհանուր ակնարկ կատարեց Աստուածաբանական նիւթէն ներս Քրիստոսի աստուածութեան վարդապետութեան, որ քրիստոս ճշմարիտ մարդ է,  Քրիստոս ճշմարիտ Աստուած է ու  մէկ անձ է։

 «Եւ դուք ո՞վ կը կարծէք որ ես ըլլամ»։ (Մատթ 16,15) 

Հայր Քանդալամեսա նշեց թէ  այսօր եւս, Յիսուս երբեք չհետաքրքրուիր, թէ ժողովուրդը ինչ կ՝ըսէ իր մասին,  սակայն կը հետաքրքրուի թէ ինչ կը մտածեն իր առաքեալները։  Այս հարցումին մասին պիտի փնտռենք պատասխանել այս մտածականին մէջ։ ըսաւ քահանայապետական տան քարոզիչը աւելցնելով որ Մատթէոս , Մարկոս եւ Ղուկաս աւետարիչներուն մէջ Քրիստոսի աստուածութիւնը երբեք բացայայտօրէն չէ յայտարարուած սակայն շարունակաբար հասկցուած է։ 

Յատկապէս Յովհաննէս առաքեալն է, որ Քրիստոսի Աստուածութիւնը դարձուց իր աւետարանի առաջին նպատակը։ Ան աւետարանը կը փակէ գրելով «ասոնք նշաններ են որ գրուեցան որպէսզի հաւատաք,  Յիսուս  Քրիստոս է , Աստուծոյ որդին է, եւ որպէսզի հաւատալով կեանք ունենանք իր անունով։

Հաւատքը աստուածութեան նկատմամբ, հրամայական է յատկապէս աւետարանումի ի տես։ Կան կառոյցներ, կամ նիւթական կառոյցներ որոնցմէ քար մը դուրս հանելով, ամբողջ կառոյցը փուլ կու գայ։ Քրսիտոնէական հաւատքի այն կառոյցն է, որուն անկիւնաքարը քրիստոսի աստուածութիւնն է։ Դուրս հանելով այդ անկիւնաքարը ամէն ինչ կը քանդուի, սկսելով երրորդութեան հաւատքէն։ 

Յիսուս ըսաւ, ես աշխարհին լոյսն եմ, ով  որ ինծի հետեւի, խաւարին մէջ երբեք պիտի չքալէ։ Ով որ Յիսուսի հաւատայ, կարողութիւնը պիտի ուեննայ դիմանալու մեծ փորձութեան որ է կեանքի անիմաստութիւնը, որ անձնասպանութեան կը տանի։ Ով որ Յիսուսին կը հաւատայ գիտէ ուրկէ կու գայ եւ ուր կ՝երթայ։ Գիտէ որ սիրուած է մէկէ մը, այս մէկը իր կեանքը տուաւ։

Կարդինալ Քանդալամեսա քարոզը աւարտեց նշելով «Յիսուս ըսաւ նաեւ, ես Յարութիւնն ու կեանք եմ, ով որ ինծի հաւատայ պիտի չմեռնի։ Աւետարանիչը աւելի ուշ քրիստոնեաներուն գրեց, այս ձեզի գրեցի, որպէսզի գիտնաք որ յաւիտենական կեանք ունիք, դուք որ կը հաւատաք Աստուծոյ Որդիին։ Ան ճշմարիտ Աստուածն ու յաւիտենական կեանքն է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2021, 09:34