Ֆրանչիսկոս Պապի հրապարակային ունկնդրութիւնը աղօթքն ու Տիրամայրը։

Սուրբ Կոյս Մարիամը քրիստոնեայի կեանքին ու աղօթքին մէջ կը գրաւէ կարեւոր տեղ, որովհետեւ Յիսուսի մայրն է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 24 մարտին,Վատիկանի առաքելական մատենադարանէն, ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն որուն նիւթը եղաւ Աղօթքն ու Աստուածամայրը 

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւն հրապարակային ունկնդրութիւնը յատկացուց աղօթքին, Մարիամի հաղորդութեան մէջ նշելով, որ Քրիստոնէական աղօթքի գլխաւոր ուղին Յիսուսի մարդկայնացումն է։ Ամէն աղօթք, որ կը բարձրացնենք Աստուծոյ Քրիստոսի համար է , Քրիստոսով է եւ Քրիստոսին հետ է եւ այդ աղօթքը կ՝իրականայ շնորհիւ Քրիստոսի բարեխօսութեան։ Սուրբ Հոգին, Քրիստոսի միջնորդութիւն կը տարածէ ամէն ժամանակներու ու ամէն վայրերուն մէջ։

Աստուածածինը քրիստոնեայի կեանքին առանցն ու կեդրոնը

Սուրբ Կոյս Մարիամը քրիստոնեայի կեանքին ու աղօթքին մէջ կը գրաւէ նախընտրեալ վայր որովհետեւ Յիսուսի մայրն է։ Արեւելքի եկեղեցիները յաճախ զինք պատկերացուցին իբրեւ այն անձը որ ցոյց կու տայ ճանապարհը, այսինքն Որդին Յիսուս Քրիստոսը։ Քրիստոնէական պատկերագրութեան մէջ անոր ներկայութիւն ամէն տեղ է, նաեւ մեծ հեղինակութեան մէջ, սակայն միշտ Որդին հետ ու որդին միջոցաւ։ Անոր ձեռքերը, անոր աչքեր, անոր կեցուածքը կենդանի կաթողիկէ վարդապետութիւն է եւ միշտ ցոյց կու տան առանցքն ու կեդրոնը։ Մարիամը միշտ կեդրոնացած է անոր վրայ։

Այս է դերակատարութիւնը, որ Մարիամը օգտագործեց ամբողջ իր երկրային կեանքի համար եւ միշտ կը պահպանէ, ըլլալ հեզ սպասուհին տիրոջ։

Աւետարաններու մէջ կարծես թէ գրեթէ Մարիամ կ՝անհետանայ, սակայն կը վերադառնայ կարեւոր պահերուն, ինչպէս կանային հարսանիքը, երբ իր որդոյն շնորհիւ կատարեց առաջին նշանը, ապա գողգոթայի վրայ, խաչին տակը։

Յիսուս Մարիամի մայրութիւնը սփռեց համայն եկեղեցւոյ մէջ երբ անոր յանձնեց իր սիրելի առաքեալը՝ խաչին վրայ մեռնելէն առաջ։ Այդ ժամանակէն, բոլորս զետեղուած ենք անոր վերարկուին տակ ինչպէս կը տեսնուի կարգ մը միջնադարեան որմանկարներու մէջ։

Այսպէս սկսանք իրեն աղօթել, իրեն անմիջապէս ուղղուած կարգ մը արտայայտութիւններով, որոնք ներկայ են Աւետարաններուն մէջ,« լի շնորհքով» օրհնեալ ըլլաս կանանց մէջ։

Մարիամ միշտ նեցուկ գտնուեցաւ համաճարակի օրերուն տառապող անձերուն

Եւ ինչպէս կը պատահի, Հայր մեր տէրունական աղօթքին մէջ, գոհաբանութենէ ետք աղերս կը ներկայացնենք, Մայրէն կը խնդրենք որ աղօթէ մեղաւորներու համար, բարեխօսէ իր քնքշութեամբ, այժմ եւ միշտ յաւիտեան ։ Այժմ կեանքի շօշափելի կացութիւններու մէջ, կեանքի աւարտին, որպէսի մեզ ընկերանայ յաւիտենական կեանքի անցքին մէջ։

Մարիամ միշտ ներկայ է իր երեխաներու անկողինին մէջ որ կը մեկնին այս աշխարհէն։ Եթէ մէկ մը մինակ կամ լքուած վիճակի մէջ զգայ, ան մօտիկ է, ինչպէս մօտիկ է էր իր որդոյն երբ մարդիկ լքեցին զայն։

Մարիամ ներկայ եղաւ համաճարակի օրերուն, մօտիկ եղաւ անձերուն որոնք իրենց երկրաւոր կեանքը աւարտեցին մեկուսացումի վիճակի մէջ, առանց սիրելիներուն մօտիկութեան ու սփոփանքին։ Մարիամ միշտ հոն է, իր մայրական քնքշութեամբ։

Անոր ուղղուած աղօթքները երբեք ապարդիւն չեն։ Այո-ին կինը, որ պատրաստակամութեամբ ընկալեց հրեշտակին հրաւէրը, կը պատասխանէ նաեւ մեր աղերսանքներուն, կը լսէ մեր ձայները, նաեւ այն ձայները որոնք սիրտի մէջ են, որոնք ուժ չ՝ունին դուրս գալու, սակայն տէրը լաւ կը ճանչնայ։ Ինչպէս ամէն մայր ու աւելի, Մարիամ մեզ կը պաշտպանէ վտանգներէն, կը մտահոգուի մեզմով, նաեւ երբ մտահոգ ենք մեր գործերով եւ կը կորսնցնենք ուղեւորութեան իմաստը, ու վտանգի կ՝ենթարկենք մեր առողջապահութիւնն ու մեր փրկութիւնը։ Մարիամ հոս է աղօթելու մեզի համար, աղօթելու անոր համար որ չ՝աղօթեր, որովհետեւ ան մեր մայրն է։ ըսաւ Սրբազան Հայրը հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/03/2021, 11:55

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >