Բարեկամութիւն Բարեկամութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը ցեղապաշտական խտրականութեան վերացման միջազգային օրուան առթիւ։

Ցեղապաշտական խտրականութեան վերացման համար պայքարի միջազգային օրը կը նշուի ամէն տարի մարտ 21ին։ Այս միջազգային օրը հռչակուած է ՄԱԿ-ի կողմէ 1966 թուականին։

Վազգէն Աբարդեան -  Վատիկան

Կիրակի 21 մարտին, կը նշուի ցեղապաշտական խտրականութեան վերացման միջազգային օրը։ Այս առթիւ քահանայապապետական թուիթըրի կայքին վրայ ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը հրապարակեց նոր թուիթ մը, որուն մէջ նշեց թէ ցեղապաշտութիւնը նման է ժահրի, որ ընդմիշտ կը փոխուի ու թաքնուած կը մնայ։ 

Թուիթին մէջ սրբազան Հայրը գրեց. Ցեղապաշտութիւնը ժահր մըն է, որ դիւրինութեամբ կը փոխուի ու հակառակ անհետանալու կը ծածկուի եւ միշտ թաքնուած է։ Ցեղապաշտութեան արտայայտութիւնները մեր մէջ կը վերանորոգեն ամօթութիւնը, ցոյց տալով որ ընկերութեան յառաջդիմութիւնները ընդմիշտ երաշխաւորուած չեն։» 

Յայտնենք, որ ցեղապաշտական խտրականութեան վերացման համար պայքարի միջազգային օրըկը նշուի ամէն տարի մարտ 21ին։ Այս միջազգային օրը հռչակուած է ՄԱԿ-ի  կողմէ  1966  թուականին (թիւ  2142 բանաձեւով),  ի յիշատակ  հարաւային  Ափրիկէի մէջ տեղի ունեցած ողբերգականիրադարձութիւններուն զոհերուն։ 1960 թուականին այդ օրը խաղաղ ցոյցի  մը ժամանակոստիկանութեան կողմէ սպաննուեցան 69 մարդ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/03/2021, 10:00