Երջանկութեան միջազգային օր Երջանկութեան միջազգային օր 

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը միջազգային երջանկութեան օրուան առիթով

ՄԱԿ-ը, երջանկութեան միջազգային օր հռչակեց  20 մարտ 2012-ին, ունենալով որպէս նպատակ ամրապնդել այն գաղափարը, որ երջանկութեան ձգտումը համամարդկային է։ 

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

ՄԱԿի կողմէ հռչակուած երջանկութեան միջազգային օրուան առիթով, շաբաթ, 20 մարտին, քահանայապետական թուիթրեան կայքին վրայ, ֆրանչիսկոս Սրաբզան Պապը հրապարակեց նոր թուիլ որուն մէջ նշեց 

Ունկնդրէ լուրը

«Ամէն օր որ կը սկսուի, եթէ աղօթքով ընդունուած է, քաջութեամբ ընկերացուած է,, այսպէսով մեր առջեւ ծանրացած դիմագրաւելիք հարցերը խոչընդոտներ չեն հանդիսանար երջանակութեան համար, այլ Աստուծոյ կոչերը կը դառնան, առիթներ մեր հետ հանդիպելու համար։»  #WorldHappinessDay։ Գրած է թուիթին մէջ Սրբազան Հայրը 

Յայտնենք, թէ ՄԱԿ-ը, երջանկութեան միջազգային օր հռչակեց  20 մարտ 2012ին,ունենալով որպէս նպատակ  ամրապնդել այն գաղափարը, որ երջանկութեան ձգտումը համամարդկային է։  

Միջազգային երջանկութեան օրը հրաւէր մէն է, ցոյց տալու թէ երջանկութիւնը մարդկութեան հիմնական նպատակներէն մէկն է եւ այս նպատակով աշխարհի բոլոր երկիրները կոչուած  իրենց ջանքերը դափելու իւրաքանչիւր մարդու բարեկեցութեան ապահովումին համար։ 

Երջանկութեան միջազգային օր հիմնելով, ՄԱԿ համաշխարհային հանրութեան ուշադրութեան հրաւիրեց  այն հարցը թէ տնտեսական զարգացումը պէտք է հաւասարակշռուած, համապարփակ ըլլայ, տնտեսական կայուն աճի ու աղքատութեան կրճատման համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2021, 13:30