Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Փորթուկալի հանրապետութեան նախագահը։ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Փորթուկալի հանրապետութեան նախագահը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Փորթուկալի հանրապետութեան նախագահ Տիար Մարչելօ Տէ Սուսան։

Փորթուկալի նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ ընկերակցութեամբ Պետութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ Կալլակերին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 12 մարտին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը տեղեկացնելով որ, այսօր Վատիկանի Առաքելական պալատին իր գրասենեակի մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդունեց Փորթուկալի հանրապետութեան նախագահ, տիար Մարչելօ Տէ Սուսան։ Նախագահ ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ ընկերակցութեամբ Պետութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ Կալլակերին։

Ունկնդրէ լուրը

Հանդիպումի ընթացքին, որ արտասահմանի մէջ առաջին հանդիպումն է Փորթուկալի հանրապետութեան վերընտրուած նախագահին, գոհունակութեամբ արտայայտուած են Փորթուկալի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ բարի յարաբերութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ սատարած նպաստին, յատուկէն ներկայի առողջապահական  ճգնաժամի կառավարման, կեանքի պաշտպանութեան եւ ընկերային խաղաղ համակեցութեան  մարզերէն ներս։

Փորթուկալի Եւրոմիութեան Նախագահութեան շրջագիծէն ներս, անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցերուն, որոնց շարքին բազմակողմնութիւնը, համաճարակային արտակարգ իրավիճակի յաղթահարումը եւ խաղաղութեան յանձնառումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2021, 13:44