Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ «Իրաքի եկեղեցին կենդանի է, Քրիստոս կ՝ապրի ու կը գործէ իր այս սուրբ ու հաւատարիմ ժողովուրդին մէջ։»

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Էրպիլի Ֆրանսօ Հարիրդի մարզադաշտին մէջ մատուցած ճամբորդութեան եզրափակիչ սուրբ Պատարագի ընթացքին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, 7 մարտին, Իրաքի ժամանակացոյցով, կէսօրին 1,10ին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ կէսօրուան ճաշը կատարեց, Քաղդէացիներուն համայնքի պատկան Սան Փիթըր անուան նորընծայարանէն ներս, որ կը գտնուի Անքավա շրջանի մէջ  եւ միակ գործող նորընծայարանն է Իրաքի մէջ, ուր կը պատրաստուին, քաղդէացիներու համայնքին ապագայի քահանաները՝ ըլլայ Իրաքի համար, ըլլայ արտասահմանի համար։ Առայսօր, Նորընծայարանի մէջ կան 14 նորընծաներ եւ այլ կաթողիէ նորընծաներ, որոնց ընտանիքները զոհ եղան Տահեշի յարձակումներուն։  

Սան Փիթըր անուան նորընծայարանին մէջ կատարած ճաշէն ետք ու փոքրիկ դադարէ ետք ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը  փոխադրուեցաւ Ֆրանսօ Հարիրի մարզադաշտ, ուր նախագահեց ճամբորդութեան եզրափակիչ Սուրբ Պատարգին։

Սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած յաւուր պատշաճի խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը  նշեց, որ Սուրբ Պօղոսը յիշեցուց, որ Քրիստոս Աստուծոյ զօրութիւնն ու իմաստութիւնն է։ Յիսուս այդ իմաստութիւնն ու զօրութիւնը յայտնեց յատուկէն ողորմածութեամբ եւ ներողամտութեամբ։ Ան չ՝ուզեց ցոյց տալ ուժի  զօրութեամբ կամ բարձունքէն պարտադրելով իր ձայնը։ Յիսուս կատարեց տալով իր կեանքը խաչին վրայ։  

Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ Աստուծոյ ուղին, որուն վրայէն ընթացաւ

Ինչքան թիւրին է իյնալ այն ծուղակին մէջ, ցոյց տալով որ զօրեղ ու իմաստուն ենք։ Իրականութեան մէջ պէտք է հակառակը ըլլայ, բոլորս Աստուծոյ իմաստութեան ու զօրութեան կարիքը ունինք յայտնուած Յիսուսի կողմէ խաչին վրայ։ Գողգոթային մէջ Յիսուս Իր Հօր նուիրեց վէրքերը, որոնցմէ բուժուեցանք։ Հոս Իրաքի մէջ քանի եղբայրներ ու քոյրեր, բարեկամներ կը կրեն պատերազմի ու բռնութեան վէրքերը, տեսանելի ու անտեսանելի վէրքեր։ Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ Աստուծոյ ուղին, որուն վրայէն ընթացաւ եւ  կը հրաւիրէ անոր վրայէն ընթանալու։ 

Աւետարանին մէջ տեսանք, թէ ինչպէս Յիսուս Երուսաղէմի տաճարէն վտարեց լումայափոխները։ Ան այդպէս ըրաւ որովհետեւ հայրը զինք ուղարկեց՝ տաճարը մաքրելու համար, ոչ միայն պատէ շինուած տաճարը, այլ մեր սիրտը։ Յիսուս չփափաքիր որ մեր սիրտը խանգարումի, անորոշութեան վայր դառնայ։ Մեր սիրտը պէտք է մաքրուի կեղծաւորութենէն, ստախօսութենէն։ Բոլորս կարիքը ունինք ։Անոնք հիւանդութիւններ են որոնք  սիրտին ցաւ կը պատճառեն։ 

Կարիքը ունինք որ մեր սիրտէն ու եկեղեցիէն վտարուին դրամի եւ զօրութեան փափաքները։ Մեր սիրտը մաքրելու համար կարիքը ունինք մեր ձեռքերը աղտոտելու, կարիքը ունինք պատասխանատու զգալու։

Յիսուսին կարողութիւնը ունի յաղթելու մեր ցաւերը,

Մեր սիրտերը մաքրելու համար կարիքը ունինք Յիսուսին։ Ան կարողութիւն ունի յաղթելու մեր ցաւերը, ամոքելու մեր հիւանդութիւնները եւ վերանորոգելու մեր սիրտի տաճարը։ Յիսուս ըսաւ, քանդեցէք այս տաճարը եւ ես երեք օրէն յարութիւն պիտի տամ։ Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Աստուած չի ձգեր որ մեռնինք մեր մեղքին մէջ։ Ան մեզի կը հետեւի մեզ կը հրաւիրէ դարձի գալու եւ մաքրուելու։ 

Յիսուս ոչ միայն մեզ կը մաքրէ մեր մեղքերէն այ՝լ մեզի մասնակից կը դարձնէ իր զօրութեան եւ իմաստութեան։ ։ 

Յարուցեալը մեզ կը դարձնէ Աստուծոյ խաղաղութեան ու ողորմածութեան միջոցներ, նոր ընկերային կարգի համբերատար եւ քաջարի արուեստագէտներ։

Տէրը մեզի կը խոստանայ, որ Իր յարութեան զօրութեամբ կրնայ մեզ ու մեր հասարակութիւնները յարուցել տապալումներէն՝ պատճառուած անարդարութենէն ու ատելութենէ ու բաժանումէն։ 

Յիսուսի վէրքերէն բուժուեցանք, անոր  վէրքերուն մէջ կը գտնենք ողորմած սիրոյ անուշահոտը, որովհետեւ Ան՝ մարդկութեան բարի սամարացին կ՝ուզէ օծել ամէն վէրք, ամոքել ամէն ցաւալի յիշատակ ու ներշնչել խաղաղութեան ապագայ մը այս հողին վրայ։

Իրաքի մէջ եկեղեցին, Աստուծոյ շնորհքով գործեց հռչակելու համար խաչին իմաստութեան հրաշալիքը

Իրաքի մէջ եկեղեցին, Աստուծոյ շնորհքով, ըրաւ եւ շատ կը կատարէ հռչակելու համար այս խաչին իմաստութեան հրաշալիքը, սփռելով  քրիստոսի ներողամտութիւնն ու ողորմածութիւնը, յատուկէն կարիքաւորներուն։

Նաեւ աղքատութեան եւ դժուարութեան մէջ ձեզմէ շատեր վեհանձնութեամբ շօշափելի  օգնութիւն ցուցաբերեց աղքատներուն ու տառապողներուն։ Այս է պատճառներէն մէկը ,որ զիս մղեց ուխտագնացութիւն կատարելու ձեր միջեւ, ձեզի շնորհակալութիւն յայտնելու ու հաստատելու հաւատքի ու վկայութեան մէջ։ Այսօր կրնամ  տեսնել ու ձեռքով դպչիլ որ Իրաքի եկեղեցին կենդանի է, Որ Քրիստոս կ՝ապրի ու գործէ այս սուրբ ու հաւատարիմ իր ժողովուրդին մէջ։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր,  ձեզ, ձեր ընտանիքները, ձեր հասարակութիւնները կը յանձնեմ Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական հովանիին, որ ընկերացաւ իր որդոյն մահուան ու չարչարանքին եւ մասնակցեցաւ անոր Յարութեան ուրախութեան։ 

Յայտնենք թէ Սուրբ Պատարագի աւարտին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ինքնաշարժով կը փոխադրուի Էրպիլի օդակայան, ապա թռիչքով կը վերադառնայ Պաղտատի միջազգային օդակայան, որմէ ետք կ՝ուղղուի Պապական Առաքելական նուիրակի պալատը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2021, 15:20