Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Սուրբ Յովսէփ անուան տաճարէն ներս

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, երբեմն մենք մեզ անկարող ու աւելորդ կը զգանք։ եկէք չհաւատանք, որովհետեւ Աստուած կը ցանկայ հրաշքներ գործել մեր թոյլ կողմերու միջոցաւ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 6 մարտին, յետմիջօրէին Իրաքի ժամանակացոյցով 5,30ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, Պաղտատի Առաքելական նուիրակի պալատէն ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ Քաղդէացիներուն Սուրբ Յովսէփ անուան տաճար, որ կը գտնուի Պապական պալատէն 2,5 քմ հեռաւորութեան վրայ։ Տաճարին մէջ Սրբազան Հայրը նախագահեց քաղդէացիներուն ծէսով սուրբ Պատարագին։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը. իմաստութիւն, վկայութիւն եւ խոստումներ

Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց երեք բառերու վրայ, իմաստութիւն, վկայութիւն եւ խոստումներ։

Իմաստութիւն. Իմաստութեան որոնումը  միշտ հրապուրած է մարդը. Ընդհանրապէս ան որ ունի շատ միջոցներ, կրնայ ընկալել ու ստանալ աւելորդ ճանաչումներ, հնարաւորութիւններ, մինչ՝ գիչ ունեցողը մէկի կը դրուի։ Սակայն իմաստութեան գիրքը կը զարմացնէ եւ կը յեղաշրջէ այդ հեռանկարը։

Վերջինները արժանի են ողորմածութեան (Իմաստ 6,6). Աստուծոյ համար ան որ շատ իշխանութիւն ունի ենթարկուած է խիստ քննութեան, մինչ վերջինները նախընտրեալներն են Աստուծոյ։ Յիսուս իմաստութեան անձն է, Ան այս  յեղաշրջումը կ՝ամբողջացնէ Աւետարանին մէջ երանութիւններուն մասին խօսելու ժամանակ։

Աղքատները, հալածուողները երանելիներ են։ Յիսուսի առաջարկը իմաստուն է, որովհետեւ սէրը, որ երանութիւններուն սիրտն է նոյնիսկ եթէ տկար կը թուի աշխարհի աչքերուն, իրականութեան մէջ կը յաղթէ։ Յիսուս խաչին վրայ մեղքէն աւելի հզօր յայտնուեցաւ, գերեզմանին մէջ մահուան յաղթեց։ 

Սէրը մեր ուժն է, ուժն է շատ մը եղբայրներու եւ քոյրերու, որոնք ենթարկուեցան հալածանքներուն, նախապաշարումներուն, Յիսուսի անունին պատճառաւ։

Յիսուսի երանութիւնները ապրելու ու կիրակելու համար, կարիքը կայ առօրեայ վկայութեան։ Երանի է ան որ ողորմածութիւն կ՝ապրի ՝հոն ուր կը գտնուի, ան որ իր սիրտը մաքուր կը պահէ հոն ուր կ՝ապրի։ 

Վկայութիւնը. աշխարհը չփոխուիր ուժի զօրութեամբ, այլ երանութիւններով

Վկայութիւն։ Վկայութիւնը ուղին է Յիսուսի իմաստութիւնը մարմնանալու։ Այսպէս է, որ աշխարհը կը փոխուի, աշխարհը չփոխուիր ուժի զօրութեամբ, այլ երանութիւններով։ Ամէն ինչ կը կայանայ Յիսուսի սէրը վկայելու մէջ, այն միեւնոյն եղբայրսիրութիւնը, որ սուրբ Պօղոս հրաշալի կերպով կը նկարագրէ այսօրուան ընթերցումին մէջ։

Ան առաջինը բանը որ կ՝ըսէ, այն է թէ սէրը մեծահոգութիւն է։ Սէրը կարծես հոմանիշն է բարութեան, վեհանձնութեան, բարի գործերուն, սակայն սուրբ Պօղոս նախ եւ առաջ կ՝ըսէ թէ եղբայրսիրութիւնը մեծահոգութիւն է։ Բառ մը որ Սուրբ Գիրքին մէջ կը պատմէ Աստուծոյ համբերութեան մասին։  

Պատմութեան երկարութեան մարդը շարունակեց դաւաճանել Աստուծոյ հետ կնքած ուխտը, շարունակեց իյնալ մեղքին մէջ, եւ Տէրը փոխանակ յոգնելու, ամէն անգամ հաւատարիմ մնաց, ներեց  ու վերսկսաւ։ Վերսկսելու համբերութիւնը սիրոյ առաջին յատկութիւն է,  որովհետեւ սէրը միշտ կը վերսկսի։ Ան որ կը սիրէ, միշտ բարիով կը պատասխանէ չարին, յիշելով խաչին յաղթական իմաստութիւնը։

Դժուարութիւններուն դէմ  միշտ կան երկու փորձութիւններ։ Առաջինը փախուստ տալն է, երես դարձնելն է,  երկրորդը ուժով զայրանալն է։ Սակայն ոչ փախուստը եւ ոչ  իսկ սուրը կը լուծեն հարցերը։ Յիսուս պատմութիւնը փոխեց։  Հեզութեան ու սիրոյ ուժով ու համբերատար վկայութեամբ։ Այսպէս կանչուած ենք ընելու, այսպէս Տէրը կ՝իրականացնէ իր խոստումները։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, երբեմն մենք մեզ անկարող ու աւելորդ կը զգանք։ եկէք չհաւատանք, որովհետեւ Աստուած կը ցանկայ հրաշքներ գործել մեր թոյլ կողմերու միջոցաւ։

Խոստումներ։ Յիսուսի ամէն մէկ երանութեան կը հետեւի խոստում մը։ Ան որ զանոնք կ՝ապրի երկինքի արքայութիւնը պիտի ունենայ, պիտի մխիթարուի ու յագենայ եւ Աստուած պիտի տեսնէ։ Աստուծոյ խոստումները ուրախութիւն կ՝ապահովուեն։Աստուած երանի կ՝ընէ անոնք որոնք կը հետեւին ներքին աղքատութեան ուղիին։ Աբրահամ նահապետը այպէս ըրաւ։ Աստուած անոր խոստացաւ մեծ սերունդ, հակառակ որ Սարան ծեր էր ու զաւակ չ՝ունէին։

Անոնց ծերութեան մէջ Աստուած հրաշալիքներ կը կատարէ եւ անոնց զաւակ կու տայ։ Նայինք Տիրամօր, երբ օրէնքին համաձայն չէր կրնար զաւակ ունենալ, կանչուեցաւ մայր դառնալու։ Նայինք Պետրոսին, որ դաւաճանեց Տէրը, եւ Յիսուս զինք կը հրաւիրէ եղբայրները հաստատելու համար։ 

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, երբեմն մենք մեզ անկարող ու աւելորդ կը զգանք։ եկէք չհաւատանք, որովհետեւ Աստուած կը ցանկայ հրաշքներ գործել մեր թոյլ կողմերու միջոցաւ։ Ան այպէս կը սիրէ գործել եւ այս իրիկուն, ութը անգամ ըսաւ երանի, մեզի հասկցնելու համար, որ իր հետ իսկապէս երանիներ ենք։

Սիրելի եղբայրս ու քոյրս թերեւս քու ձեռքերուդ նայիս ու պարապ զգաս։ Թերեւս քու սիրտին մէջ անվստահութիւն կայ եւ կեանքիդ մէջ պարգեւատրուած չես զգար։ Եթէ այդպէս է  մի վախնար։ Երանութիւնները քեզի համար են քեզի որ յոգնած, անօթի եւ արդարութեան ծարաւ ունիս  ու հալածուած ես։ Տէրը կը խոստանայ որ քու անունդ գրուած է իր սրտին ու երկինքի մէջ։ 

Եւ ես, այսօր, ձեր հետ ու ձեզի համար Անոր շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, որովհետեւ հոս, ուր ժամանակին իմաստութիւնը ծագած է եւ այս ժամանակներու այնքան վկաներ յառաջացած են, յաճախ անտեսուած են տարեգրութեան պատճառաւ , սակայն թանկարժէք են Ատուծոյ աչքերուն, վկաներ որոնք ապրելով երանութիւնները, Աստուծոյ կ՝օգնեն իրականացնելու իր խաղաղութեան խոստումները։ Ըսաւ Ֆրաչսիկոս Սրբազան Քահանայապետը քարոզին մէջ։

Յայտնենք թէ Սուրբ Պատարագի աւարտին, ողջոյնի խօսքը ուղղեց քաղդէացիներուն պատրիարք, Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2021, 16:56