Որոնել

ֆրանչիսկոս Պապ ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Իրաքի մէջ Եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, նորընծաներուն հետ

Իրաքի եկեղեցիները կը նմանին գունաւոր թելերով հիւսուած գորգի մը, որուն արուսէտագէտը Աստուած է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 5 մարտին, Իրաքի ժամանակացոյցով, յետմիջօրէին ժամը 4,40ին, Պաղտատի Կաթողիկէ Ասորիներու եկեղեցւոյ պատկան  Փրկութեան Տիրամօր անուան տաճարին մէջ, ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Իրաքի մէջ գտնուող եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, նորընծաներուն եւ կրօնուսոյցներուն հետ։ 

Ունկնդրէ լուրը

Իրաքի կղերական դասի անդամները օրհնուած են նահատակերու արիւնով

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին սկիզբը Սրբազան Հայրը յայտնեց նշեց, թէ կղերի դասի անդամները միացած  են փրկութեան Տիրամօր տաճարին ներս, օրհնուած այն եղբայրներու եւ քոյրերուն արիւնով, որոնք միեւնոյն տաճարին մէջ վճարեցին իրենց Տիրոջ ու եկեղեցւոյ հաւատարմութեան գինը։ Սրբազան Հայրը ապա մաղթեց, որ այդ նահատակներուն յիշատակածն ու զոհաբերութիւնը ներշնչէ կղերականները վերանորոգելու իրենց վստահութիւնը խաչին ուժին ու ներումի ու փրկութեան նկատմամբ ։ «Քրիստոնեան կանչուած է վկայելու Քրիստոսի սէրը ամենուրէք եւ ամէն ժամանակ։ Սա է աւետարանը հռչակելու եւ մարմնանալու նաեւ այս սիրելի երկրին մէջ։» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը։

Համաճարակի եւ քորոնա ժահրի պաստուաստանիւթը յոյսն է յառաջացած աղօթքէն։

Ան ապա անդրադարձաւ համաճարակի հետ կապուած  խնդիրներուն նշելով, որ եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն ու բոլոր կղերական դասին, հովուական ծառայութեան մարտահրաւէրները ծանրացած են համաճարակի ժամանակամիջոցին, նկատել տալով, որ երբեք պէտք չէ պակսի ու նուազի առաքելական եռանդը յառաջացած այս հողերու եկեղեցիէն՝ վաղուց ի վեր։

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ  համաճարակի եւ ժահրի վարակումի հարցերուն ի տես,  Տէրը  տուած է արդիւնաբեր պատուաստանիւթ ժահրի դէմ, որ է աղօթքէն  ու հաւատարմութենէն ծնած յոյսն է։ 

Իրաքի մէջ վերջին տասնեակ տարիներուն, կղերականներն ու քաղաքացիները պայաքարեցան պատերազմի եւ հալածանքներուն դէմ, հիմնական կառոյցներու դիւրաբեկութիւնը եւ տնտեսական ու անձնական անվտանգութեան պայքարը ստէպ առաջնորդեցին դէպի ներքին գաղթականութիւն, նաեւ քրիստոնեաներուն միջեւ։

Շնորհակալ եմ եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, որոնք նեցուկ կանգնեցան ժողովուրդին, աջակցեցան  ու ջանք թափեցին յագեցնելու համար անոնց   կարիքները ։

Քրիստոսի սէրը կը խնդրէ մէկդի դնել անձնասիրութիւնն ու շահաւէտութիւնն, կը մղէ տիեզերական հաղորդութեան եւ կը հրաւիրէ կազմելու եղբայրներու ու քոյրերու հասարակութիւն մը, որոնք իրարու խնամք կը տանին։

Իրաքի եկեղեցիները կը նմանին գունաւոր թելերով հիւսուած գորգի մը, որուն արուսէտագէտը Աստուած է։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա Իրաքի մէջ գտնուող եկեղեցիները պատկերացուց իբրեւ գորգի մը նշելով որ, Իրաքի մէջ ներկայ գտնուող տարբեր եկեղեցիները, իւրաքանչիւր եկեղեցին իր պատմական աւանդութեամբ կը նմանին տարբեր գոյնով թելերով հիւսուածքին մը, որ կը կազմեն մէկ գեղեցիկ գորգը մը։ Աստուած ինքն է արուեստագէտը որ յղացաւ այդ գորգը, որ համբերութեամբ հիւսեց ու խնամքով հոգաց։Թող միշտ ձեր սիրտերու մէջ մնայ Սուրբ Իգնատիոս Անտիոքացիի յորդորը, թող ոչ մէկ բան ձեզ բաժանէ, թող ըլլայ միակ մէկ աղօթք, մէկ հոգի, մէկ յոյս ուրախութեան եւ սիրոյ մէջ։ 

Յորդոր եպիսկոպոսներուն մօտիկ կանգնելու ժողովուրդին

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը ուղղելով եպիսկոպոսներուն, խնդրեց  որ նեցուկ կանգնին հաւատացեալներուն, քահանաներուն, ըլլան հայրեր եւ ոչ թէ մատակարարներ, մտահգուին իրենց զաւակներու բարիքին  համար։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա քահանաներէն, կրօնաւորներէն, կղերականներէն, նորընծաներէն խնդրեց որ ամէն օր վերանորոգեն իրենց պատասխանը Յիսուսին, եւ խանդավառութեամբ կիսեն բարի լուրը,, ապրելով եւ քալելով միշտ Աստուծոյ խօսքի լոյսի ներքեւ որուն աւետելու շնորհքի ունին։

Ան յորդորեց քահանաները որ նեցուկ կանգնին իրենց հօտին, ընկերանան հաւատացեալներուն, քաղաքներու ու գիւղերուն մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց տաճարին մէջ նահատակուած հաւատացեալները

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց, թէ պիտի այցելէ  եղբայրներու ու քոյրերու, որոնք մահացան տաճարին մէջ ահաբեկչական արարքին  պատճառաւ տասը տարի առաջ եւ որոնց երանացումը ընթացքի մէջ է։ Անոնց մահը կը յիշեցնեն որ պատերազմի դրդումը, ատելութեան կեցուածքները, բռնութիւնը անհամատեղելի են կրօնական ուսմունքներուն հետ։

Կրօնը կը ծառայէ խաղաութեան դատին, եւ Աստուծոյ զաւակներու միութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց բռնութեան, հալածանքներու զոհերը, նշելով որ վաղը Ուրի մէջ պիտի հանդիպի երկրի մէջ գտնուող տարբեր կրօնապետերու հետ, անգամ եւս հռչակելու  այն համոզումը, որ է կրօնը կը ծառայէ խաղաութեան դատին, եւ Աստուծոյ զաւակներու միութեան։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց երիտասարդները նշելով որ անոնք ամենուրէք խոստումի եւ յոյսի պատգամաւորներ են։Անոնք հարստութիւն են ու պէտք է հոգ տանիլ անոնց, սնանելով անոնց երազները։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով սոյն հանդիպումի համար, ապա Սուրբ Թովմաս առաքեալին ու Փրկութեան Տիրամօր բարեխօսութիւնը յայտնեց կղերականներու պաշտպանութեան համար։ Շնորհելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2021, 15:48