Ֆրանչիսկոս Պապին մարտ ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը։

Թշուառութենէն ողորմածութիւն։ Խոստովանանքի խորհուրդը Աստուծոյ անսահման ողորմածութիւնն է ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Պապի աղօթքի համաշխարհային ցանց քահանայապետական կազմակերպութիւնը հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Պապին մարտ ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ մարտ ասմուան աղօթքի դիտաւորութիւնը յոյսի նշան է ինչպէս նաեւ հրաւէր է բացայայտելու անձնական վերանորոգուած ուժը, որ խոստովանանքի խորհուրդը ունի մեր կեանքէն ներս։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը խնդրէ աղօթել խոստովանքի խորհուրդը վերանորոգ խորունկութեամբ ապրելու համար ինչպէս նաեւ համտեսելու Աստուծոյ անսահման ողորմածութիւնը։

Սրբազան Պապը տեսերիզին մէջ կ՝ընդգծէ, թէ Յիսուս մեզ կը սպասէ, մեզի մտիկ կ՝ընէ ու կը ներէ։ Բոլորս կը գտնուինք Աստուծոյ սիրտին մէջ,  նախ քան մեր սխալները ։ 

Մարտ ամուսան աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.

Երբ խոստովանքի կ՝երթամ, բուժուելու եւ հոգիս խնամելու համար կ՝երթամ։ Առողջ հոգեւորականութեամբ դուր գալու համար։ Թշուառութենէն ողորմածութեան անցնելու։

Մեր ըսած մեղքերը, խոստովանքի խորհուրդի կեդրոն չեն, այլ աստուածային սէրը որ կը ստանանք եւ որուն միշտ կարիքը ունինք։

Խոստովանքի կեդրոնը Յիսուսն է,  որ մեզ կը սպասէ, մտիկ կ՝ընէ ու կը ներէ։

Յիշեցէք, մենք Աստուծոյ սիրտին մէջն ենք, մեր սխալներէն առաջ։

Աղօթենք, որպէսզի ապրինք խոստովանանքի  խորհուրդը վերանորոգ խորութեամբ, համտեսելու Աստուծոյ անհուն ողորմածութիւնը։ Եւ Աղօթենք, որպէսզի Աստուած իր եկեղեցիին շնորհէ ողորմած քահանաներ եւ ոչ  խոշտանգողներ։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/03/2021, 17:00