Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց FIDESCO կաթողիկէ կազմակերպութեան կամաւորները

Եկեղեցին քառասնորդաց շրջանի կը խոկայ Տիրոջ չարչարանքներու մասին։ Տառապող Քրիստոսը կը գտնուի աղքատ, բացառուած, հիւանդ, անօթի անձին մէջ, որ Յիսուսի հետ չարչարանքի խորհուրդը կը կրէ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 20 մարտին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը ընդունեց FIDESCO զօրակցութեան կաթողիկէ միջազգային կազմակերպութեան պատասխանատուներն ու կամաւորները, եկեղեցւոյ ծառայութեան եւ զարգացման ի սպաս հիմնադրուած հաստատութեան 40-րդ ամեակի առիթով։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքի մէջ Սրբազան հայրը մաղթեց որ կազմակերպութեան անդամներու Հռոմ կատարած ուխտագնացութիւնը ամրապնդէ հաստատութեան անդամներուն  հոգեւորական կեանքը  ու մատուցած ծառայութիւնը ուրիշներու ի սպաս, դիետլ տալով որ այդ ծառայութեան հիմքը կը կազմէ ուրիշներուն բարիքը՝ հեռու, դժուարութեան մէջ գտնուող եղբայրներու եւ քոյրերուն նկատմամբ։ 

Քրիստոս ներկայ է աղքատ, բացառուած, հիւանդ, անօթի անձերու ներքեւ

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յայտնեց որ եկեղեցին քառասնորդաց շրջանին կը խոկայ Տիրոջ չարչարանքներու մասին, նկատել տալով որ տառապող Քրիստոսը կը գտնուի աղքատ, բացառուած, հիւանդ, անօթի անձին մէջ, որ Յիսուսի հետ չարչարանքի խորհուրդը կը կրէ։

Նորին Սրբութիւն հրաւիրեց  հասատութեան անդամները որ իրենց հաւատոյ կեանքի մէջ միշտ ապրին  եղբայրութեան աւետարանը։ Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպութեան պատասխանատուներուն, կամաւորներուն,  Աստուծոյ 40 տարի տածած առաքելութեան համար, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի տուած վկայութեան համար, Քրիստոս որ աշխարհ եկաւ մարդոց փրկութեան համար։ 

Սրբազան Պապը ապա նշեց, թէ կազմակերպութեան զօրակցութեան աշխատանքը նպատակաուղղուած է անձերու համապարփակ զարգացումին, բուժումին, ոչ միային նիւթական գետնի վրայ, այլ ընկերութեան մէջ ներգրաւման ու մտաւոր, մշակութային եւ հոգեւոր աճումի ի սպաս, իւրաքանչիւր անձին տալով մարդկային արժանապատւութիւն։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ  քաջալերեց շարունակել այդ ուղին, կապուած մնալով եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան, անսալ աղքատներուն ձայնը, տպաւորուիլ ուրիշներուն տառապանքէն եւ երթալ դպչիլ ուրիշներու վէրքերուն, որոնք Յիսուսի վէրքերն են որոնք  ոչ միայն մեզ մասնակից կը դարձնեն կառուցելու աւելի լաւ , գեղեցիկ , եղբայրական աշխարհ մը, այլ կը հզօրացնէ եկեղեցին՝ իր առաքելութեան մէջ՝ Աստուծոյ արքայութեան հզօրացման ի սպաս։

 Ողորմած եղէք ինչպէս ձեր հայրը ողորմած է ։ 

Սրբազան Հայրը ապա նշեց թէ, ան որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ կազմակերպութեան առաքելութիւններուն, ոչ միայն հնարաւորութիւն կը գտնէ բացուելու աշխարհի եւ մշակոյթներուն, այլեւ կը գտնէ միջոցը պատասխանելու Աստուծոյ իրեն տուաւ ողորմածութեան։ Ողորմած եղէք ինչպէս ձեր հայրը ողորմած է ։ Այդ անձը կը գտնէ նաեւ հոգեւորական  ուղին ի պատասխան Աստուծոյ անշահախնդիր նուիրուածութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի ուխտագնացութիւն, ապա հայցելով Տիրամօր հովանին փոխնեց իր առաքելական օրհնութիւնները խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2021, 12:50