Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ֆիլիփինցիներուն քահանայապետական վարժարանի անդամները

Ճանչնալ անցեալը աւելի լաւ ապրելու համար ներկան որ անհրաժեշտ ժամանակն է կազմաւորումին, սրբադասումի, ընկալելով  Տիրոջ հետեւելու ու նմանելու առիթները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 22 մարտին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ֆիլիփինցիներու քահանայապետական վարժարանի մաս կազմող անդամները, քահանաները, կրօնաւորուհիներն ու հաւատացեալները, Ֆիլիփինի մէջ քրիստոնէութեան հռչակման 500- րդ ամեակի առիթով, «ուր առաջին պատարագը մատուցուեցաւ 31 մարտ 1561ին, Սուրբ Զատկուան տօնին օրը» ըսաւ սրբազան Հայրը ողջոյնի խօսքին սկիզբը, յիշելով նաեւ Փիլիպինցիներուն վարժարանի հիմնադրութեան տարեդարձը, որ տեղի ունեցած է 29 յունիս 1961ին, որուն բացումը կատարեց Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ պապը։ 

Ունկնդրէ լուրը

Անցեալին նայիլ վերագտնելու համար առաջին սիրոյ ուժը

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացուց ժամանակին վրայ։ Նախ անդրադարձաւ անցեալ ժամանակին նշելով, որ նայիլ անցեալին կը համապատասխանէ յիշել անոնց որոնք մեզի Յիսուսի սիրցուցին. «Ժողովրդապետութիւնը, մայրապետ մը, մեր մեծ հայրերն ու մայրերը, ծնողքը, որոնց արժանի ենք մեծ պարգեւներ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա քաջալերեց անցեալին նայիլ ամէն անգամ, որ դժուարութեան, կամ յոգնած վիճակի մէջ ենք՝ վերագտնելու համար վստահութիւնն ու առաջին սէրի ուժը։ 

Ապագան դպրոց յոյսի

Եթէ անցեալը մեզի կ՝ընծայէ գիտակցութիւնը մեր հաւատքի ու կոչումին ամրութեան, ապագան կ՝ընդլայնէ հորիզոնները եւ դպրոց կը դառնայ յոյսի։ Քրիստոնէական կեանքը իր բնութեամբ կը ցոլանայ ապագայի մէջ՝ վերջին ժամանակներուն երբ պիտի կարենանք Յարուցեալ Քրիստոսին հանդիպիլ։  Նորին Սրբութիւնը յորդորելով պայքարիլ յառաջ ընդանալու գայթակղութեան դէմ, երբ  ներկան խաղաղ չենք ապրիր։

Սիրելի քահանաներ նաեւ աշխարականներ, մի դառնաք մարդիկ՝ վաղուան յաւիտենականութեան, որոնք միշտ կը փոխեն, բարի բան մը կատարելու հնարաւորութիւնը։ Դրական իմաստով ապագայ, կը նշանակէ ունենալ մարգարէական նայուածք, առաքեալին կարողութիւն, որ հաւատարիմ է վարդապետին, գիտէ գործել իր յատուկ կոչումին համար, իբրեւ հեզ միջոցներ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ։

Ներկայով կանչուած ենք  ապաշխարելու եւ սրբանալու

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա զրուցեց ներկայ ժամանակի մասին նշելով ,որ  ներկան հիմակուան միակ ժամանակն է, որ ունինք մեր ձեռքերուն մէջ, որուն միջոցաւ կանչուած ենք ապաշխարելու եւ սրբանալու։ Ներկան պահն է, որուն մէջ Աստուած կը հրաւիրէ այսօր, եւ ոչ վաղը, հրաւիրուած ենք ապրելու այսօր, ներառեալ դժուարութիւններուն, տառապանքներուն, թշուառութիւններուն, որոնցմէ կարելի չէ բաժնուիլ այլ ընդգրկուած ու սիրուած են, իբրեւ Տիրոջ առիթները, որոնք մեզի կը նուիրեն՝ Քրիստոսի նեցուկ գտնուելու համար նաեւ խաչին վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց վարժարանի անդամները սիրելու իրենց հասարակութիւնը, ծառաելու իրենց եղբայրներուն ու Ճանչնալ անցեալը, աւելի լաւ ապրելու ներկան, որ  անհրաժեշտ ժամանակն է կազմաւորումին , սրբադասումի, ընկաելլով Տիրոջ հետեւելու ու նմանելու հնարաւորութիւնները։ ըսաւ Սրբազան Հայրը պատգամին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/03/2021, 13:00