Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Նախագահ Մաքրոն Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Նախագահ Մաքրոն 

Հեռախօսազրոյց ֆրանչիսկոս Պապի եւ Ֆրանսայի նախագահին միջեւ

Քննարկումի նիւթ եղած է ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք կատարած առաքելական այցելութիւնը ինչպէս նաեւ Քովիտ 19 համաճարակին մարտահրաւէրները

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի 21 մարտին, նախաձեռնութեամբ նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի, հեռաձայնային կապ հաստատուած է Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահին միջեւ։ ,

Ունկնդրէ լուրը

Զրոյցի ընթացքին, որ յաջորդեց Նախագահ Մաքրոնի  կողմէ Ֆրանչիսկոս Պապին  քահանայապետ ընտրութեան 8-րդ տարեդարձին առիթով յղած մէկ պատգամին, քննարկումի նիւթ եղան, Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը, աշխարհ յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ Քովիտ 19 համաճարակի  կապուած մարտահրաւէրները։ 

Յայտնենք, թէ Քովիտ 19 համաճարակի սկիզբէն ի վեր, ֆրանչիսկոս Պապ միշտ հրաւիրած է մտածել համաճարակէն ետք եկող աշխարհի մասին եւ այս առնչութեամբ Ան 20 մարտ 2020ին, հիմնեց Քովիտ19 Վատիկանեան յատուկ յանձնախումբ  մը, որ մաս ենթարկուած է Մարդկային համապարփակ զարգացումի ի սպաս ծառայութեան ժողովին։

Առաջին անգամ չէ, որ հեռաձայնային  կապ կը հաստատուի  ֆրանչիսկոս Պապին եւ ֆրանսայի նախագահին  միջեւ։ Այլ մէկ հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցած է նաեւ անցեալ 30 հոկտեմբերին, Նիսի Տիրամօր տաճարին դէմ կատարուած ահաբեկչական արարքէն ետք։ Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահը հուսկ Քահանայապետին հետ առանձնական հանդիպում ունեցած էր նաեւ 26 յունիս 2018ին Վատիկանի մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/03/2021, 15:00