Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ Հռոմ ժամանումին այցելեց Տիրամօր նուիրուած մայր տաճարը։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Պապին օդանաւը վայրէջք կատարեց ժամը 12,20ին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական 33-րդ ճամբորդութիւնը իր աւարտին հասաւ, Իտալիոյ ժամանակացոյցով 12,20ին։ Նորին Սրբութիւնը Պաղտատէն փոխադրող օդանաւը Հռոմի Չիամփինօ միջազգային օդակայան վայրէջք կատարեց ժամը 12,20ին։

Նորին Սրբութեան ընկերացած էին, 70 լրագրողներ, որոնք փաստագրեցին նորին Սրբութեան խօսքերն ու այցելութիւնները՝ Պաղտատ ժամանումէն մինչեւ երեկ՝ յետմիջօրէին Էրպիլի մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագը։

Չամփինօ օդակայան ժամանումին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած տեղեկատւութեան համաձայն, Սրբազան Հայրը այցելեց Սանթա Մարիա Մաճորէ տաճար, ուր կանգ առաւ եւ Իրաքէն իր հետ բերած  փունջ մը ծաղիկ զետեղե , Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերին առջեւ ։

Ռատիօ Վատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Քաղդէացիներուն պատրիարք Լուիս Ռաֆաէլ Սաքօ, ֆրանչիսկոս Պապին իրաք ճամբորդութիւնը նկատեց Բարի Գալուստ ըլլայ քրիստոնեայ ըլլայ մահմետականներու համար։

Նշենք, որ դէպի Իտալիա թռիչքի ընթացքին Սրբազան Հայրըը  օդանաւէն հեռագիրներ ուղղեց Իրաքի, Թուրքիոյ, Յունաստանի, Ալպանիոյ եւ Իտալիոյ նախագահներուն փոխանցելով իր ողջոյնները ու ապահովուելով իր աղօթքը  նախագահներուն ու անոնց ղեկաւարած երկիրներուն ժողովուրդներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/03/2021, 13:10