Միանմար մէջ ցոյցերու խորհրդանիշ Միանմար մէջ ցոյցերու խորհրդանիշ 

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց մի քանի օրէն Իրաք կատարելիք ճամբորդութիւնը ապա կոչ ուղղեց ազատ արձակելու Միանմարի մէջ ազատազրկուած քաղաքական գործիչները։

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց թէ Միանմարէն տակաւին կը հասնին տխուր լուրեր, արիւնահոսութեա եւ մարդկային կեանքի կորուստներու կապուած տխուր լուրեր։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 3 մարտին, հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց մի քանի օր ետք Իրաք կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւնը ապա կոչ ուղղեց Միանմարի մէջ ազատ արձակելու քաղաքական գործիչները։

Ունկնդրէ Լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց աղօթել Իրաք կատարելիք ճամբորդութեան համար։

Վաղը չէ միւս օր, Աստուծոյ կամքով պիտի ժամանեմ Իրաք երեք օր ուխտագնացութեամբ։ Շատոնց ի վեր կը փափաքիմ հանդիպիլ այդ շատ տառապած ժողովուրդին հետ, հանդիպիլ Աբրահամի երկրի մարտիրոս եկեղեցւոյ հետ։

Այլ կրօնապետերու հետ պիտի կատարենք դէպի յառաջ քայլ ,մը եղբայրութեան հաւատացեալներու միջեւ։ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հայցեց, որ աղօթենք դէպի Իրաք բարի ճամբորդութեան համար։

Նորին Սրբութեան կոչը Միանմարի ի սպաս

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշեց թէ Միանմարէն տակաւին կը հասնին տխուր լուրեր, արիւնահոսութեան, եւ մարդկային կեանքի կորուստներու  կապուած տխուր լուրեր։ 

Արբազան հայըր  կոչ ուղղեց քաղաքական իշխանութիւններուն, որպէսզի երկխօսութիւն գերիշխէ բռնաճնշումներուն վրայ ու համերաշխութիւն անհամաձայնութերուն վրայ։ 

Ան մաղթեց որ Միանմարի մէջ երիտասարդներու ընծայուի ապագայի յոյսը, ուր ատելութիւնն ու անարդարութիւն տեղ կու տան հանդիպումի ու համերաշխութեան։ Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց նաեւ որ դէպի ժողովրդականութիւն ուղեւորութիւնը, ձեռքբերուած մի քանի տարի առաջ Միանմար մէջ, վերագտնէ իր ուղին շօշափելի ժեսթերով եւ բանտարկուած քաղաքական գործիչներու ազատութեամբ։ 

Սրբազան Հայրը ապա  կոչ ուղղեց նաեւ միջազգային ընտանիքին որպէսզի ամէն ջանք թափէ,  որպէսզի Միանմար ժողովուրդին նկրտումները չխեղդուին բռնութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/03/2021, 11:26