Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Ճանապարհը` բարեսիրութիւնը, սէրը եւ եղբայրութիւնն է». Ֆրանչիսկոս Պապը լրագրողներուն։

Դէպի Հռոմ վերադարձի թռիչքի ընթացքին Սրբազան Պապը սովորութեան համաձայն հանդիպում ունեցաւ իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ ու անոնց հետ միասին զրուցեց Իրաք կատարած պատմական այցելութեան մասին անոնց պատմելով իր յուզմունքները։ Քահանայապետը խոստացաւ ապա այցելել Լիբանանը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Եղբայրսիրութիւնը, սէրը, եղբայրութիւնը, ասոնք են ուղին, որուն վրայէն պէտք է քալել։ Քահանայապետը այս մէկը հաստատեց Պաղտատէն դէպի Հռոմ թռիչքի ընթացքին իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումի ժամանակ։

Ֆրանչիսկոս Պապը ներկայացուց Ալ Սիսթանիի հետ ունեցած հանդիպումի մասին իր տպաւորութիւնները, ապա խօսեցաւ իր յուզմունքներու մասին ի տես Մոսուլի կործանուած եկեղեցիներուն, հուսկ նշեց թէ ինք Պշարա Ռայի Պատրիարքին խոստացած է այցելել Լիբանանը։

Ողջոյնի խօսքեր լրագրողներուն

Հանդիպումին սկիզբը Քահանայապետը ողջոյնի խօսք ուղղեց գերապայծառ Տիէօնոննէ Տաթոնույին, քահանայապետական ճամբորդութիւններուն  նորանշանակ կազմակերպողը, զայն որակելով «Նոր շերիֆը»։ Ան ապա խօսքը ուղղելով լրագրողներուն շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց աշխատանքին եւ ընկերութեան համար եւ յիշելով կիներուն տօնը, շնորհաւորեց կին լրագրողները, մատնանշելով թէ Իրաքի նախագահի կնոջ հետ ունեցած խօսակցութեան որուն առթիւ ակնարկուած է թէ պէտք է նաեւ այր մարդոց նուիրուած տօն մը հռչակել։ Ես, ըսաւ Սրբազան Պապը, պատասխանեցի «որ այր մարդիկս միշտ տօնախմբութեան մէջ ենք» մինչ նախագահին  տիկինը  խօսեցաւ կիներու ուժի ու քաջութեան մասին. որով յառաջ կը տանին կեանքն ու պատմութիւնը։

Քահանայապետին ուղղուած առաջին հարցումը կը վերաբերէր Ապու Տապիի մէջ ստորագրուած եղբայրութեան փաստաթուղթին ու Ալ Սիսթանիի հետ հանդիպումին ինչպէս նաեւ Լիբանանին։

Քահանայապետը մատնանշեց թէ Ապու Տապիի փաստաթուղթը կազմուեցաւ ու գաղտնի պատրաստուեցաւ վեց ամիսներու ընթացքին, ու «այդ եղաւ առաջին քայլ մը », ըսաւ Քահանայապետը կարեւորելով եղբայրութեան ուղեւորութիւնը։ «Անոր յաջորդեց “Fratelli tutti” շրջաբերականը որ կ'ընթանայ միեւնոյն ուղղութեամբ» յարեց Սրբազան Քահանայապետը մէջբերելով Ալ Սիսթանիի մէկ խօսքը. «մարդիկը կամ եղբայրներ են կրօնի բերումով կամ հաւասար ստեղծագործութեամբ»։

«Եղբայրութեան մէջ կայ հաւասարութիւնը», ըսաւ Քահանայապետը ու մենք, որպէս մարդիկ բոլորս եղբայրներ ենք ու պէտք է միասին ընթանանք միւս կրօններու հետ միասին։ Այս ուղղութեամբ Սրբազան Պապը մատնանշեց թէ կարելի է նաեւ այլ քայլեր կատարել ու ակնարկեց, թէ ինք որոշ կարեւոր որոշումները կ 'առնէ աղօթելով, երկխօսութեամբ, խորհուրդներ հարցնելով, խորհրդածութեամբ։

Լիբանանը պատգամ մըն է, ծրագիր այցելելու Լիբանանը

Խօսելով ապա Լիբանանի մասին «որ պատգամ մըն է», Քահանայապետը նշեց թէ Ռայի Պատրիարքը իրմէ խնդրած էր Իրաքի ճամբորդութեան առթիւ հանգրուան մը կատարէ Պէյրութ, «բայց այս մէկը ինծի շատ քիչ թուաց…մանրութիւն մը` ի տես Լիբանանին նման Երկրի մը,  որ կը տառապի», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով ` թէ ինք նամակ մը յղած է Ռայի Պատրիարքին խոստանալով ճամբորդութիւն մը կատարել դէպի Լիբանան։

Ալ Սիսթանի այաթոլլահը իմաստուն մարդ

Անդրադառնալով Ալ Սիսթանիի Այաթոլլահին հետ հանդիպումին Քահանայապետը զայն որակեց «Իմաստուն եւ խոհեմ մարդ մը», որուն հետ հանդիպելով «ինքզինքս պատուած զգացի», յարեց Քահանայապետը պատմելով` թէ Ալ Սիսթանին իր հետ ունեցաւ ջերմ ու յարգալիր վերաբերմունք…«նոյնիսկ հրաժեշտի պահուն ան ուզեց ոտքի կանգնիլ թէեւ ընդհանրապէս չընէր այդ մէկը, բայց առ ի յարգանս ինծի ոտքի կանգնեցաւ, երկու անգամ, հեզ մարդ մըն է որուն հետ հանդիպիլը շատ բարի տպաւորութիւն թողուց իմ վրաս։ Անիկա լոյս մըն է, եւ այս իմաստունները ամենուրէք են, որովհետեւ անիկա Աստուծոյ իմաստութիւնն է, որ տարածուած է աշխարհին վրայ։ Անիկա նման է այն քովի դռան սուրբերուն, որոնց մասին կը խօսիմ ընդհանրապէս, մարդիկ եւ կիներ, որոնք իրենց հաւատքը կ 'ապրին հետեւողականութեամբ, անոնք մարդկային արժէքները ու եղբայրութիւնը կ'ապրին հետեւողականութեամբ։ Մենք պէտք է այսպիսի մարդիկ ի այտ դնենք, որովհետեւ տիպարներ են» ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը։

Նատիա Մուրատին գիրքը պատճառ այցելելու Իրաքը

Պատասխանելով ճամբորդութիւններու հայող հարցումի մը, Սրբազան Քահանայապետը նշեց թէ 2017-ին մտադիր էր այցելել Արժանթինը բայց այդ մէկը կարելի չեղաւ զանազան պատճառներու եւ անհարմարութիւններու բերումով մինչ Իրաքի ճամբորդութեան պատճառները թուելով Նորին Սրբութիւնը հաստատեց, թէ ինք կարելիութիւն ունեցաւ Եզտի ցեղախումբի պատկան եւ խաղաղութեան նոպելի մրցանակակիր Նատիա Մուրատին գիրքը կարդալ, «որ կը պատմէ ահռելի բաներ», ըսաւ Քահանայապետը, «եւ այդ գիրքը պատճառներէն մին եղաւ, որպէսզի ես որոշեմ Իրաքի ճամբորդութիւնը» աւելցուց Ան։

Քահանայապետը ակնարկեց ապա իր տարիքին ու խոստովանեցաւ թէ այս ճամբորդութեան ընթացքին ինք շատ յոգնեցաւ ի բաղդատութիւն միւս ճամբորդութիւններուն։

Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաները եւ գաղթականութիւնը

Խօսելով Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու մասին Սրբազան Պապը ընդգծեց անոնց կեանքի դժուարութիւնները, այս ծիրէն ներս մատնանշելով գաղթականութեան հարցին ու գաղթականներու իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ երիտասարդներու կեանքին ու անոնց ապագային։ Ան ապա յատուկէն անդրադարցաւ Ալան Քիւրտի գաղթական խեղդամահ եղած մանուկին հօր հետ հանդիպումի մասին, այդ մանուկը նկատելով խորհրդանիշ մը, «անիկա խորհրդանիշն է քաղաքակրթութիւններուն, որոնք կը մեռնին, որոնք չեն կրնար ապրիլ, անիկայ մարդկայնութեան խորհրդանիշն է» ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով, թէ հարկաւոր է շտապ միջոցներ որդեգրել, որպէսզի մարդիկը աշխատանք ունենան եւ կարիքը չունենան դիմելու գաղթականութեան ու միւս կողմէն  նշեց թէ բաւարար չէ գաղթականները հիւրընկալելը,  «պէտք է նաեւ անոնց ընկերանալ, ընդելուզել» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտը դնելով ընդելուզման կարեւորութեան վրայ։ Ան ապա յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնեց վեհանձն երկիրներուն, որոնք կը հիւրընկալեն գաղթականները, որոնց շարքին «Լիբանանը` որ ընդունած է 2 միլիոն սուրիացիներ եւ Յորդանանը, ուր կան մէկ ու կէս միլիոն գաղթականներ» նշեց Սրբազան Քահանայապետը։

Սուրիան սրտիս մէջ է

Այն հարցումին թէ արդեօք կարելի պիտի ըլլայ դէպի Սուրիայ առաքելական ճամբորդութիւն մը, Քահանայապետը պատասխանեց թէ իր մտքին մէջ այդպիսի ծրագիր չկայ. «Առ այժմ կայ Լիբանանի ծրագիրը ե խոստումը» ըսաւ Ան իր մօտիկութիւնը յայտնելով նահատակ Սուրիային ու մատնանշելով Սուրիոյ խաղաղութեան համար Սուրբ Պետրոսին մէջ կազմակերպուած աղօթքին, որուն առթիւ, ըսաւ Սրբազան Պապը, բազմաթիւ էին նաեւ մահմետականները, որոնք մեր հետ, աղօթեցին կասեցնելու համար ռմբակոծումները։ «Ես սրտիս մէջ կը կրեմ Սիրիան» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Այս ճամբորդութիւնը ինծի համար եղաւ վերապրում

Քահանայապետը` որ 18 ամիսներ ետք առաջին անգամն ըլլալով այս ճամբորդութեան ընթացքին կարողացաւ դարձեալ մօտէն հանդիպիլ մեծաթիւ մարդոց, խոստովանեցաւ, թէ իրեն համար այս ամիսները եղան բանտարկութիւն։ Ես ինքզինքս տարբեր կը զգամ երբ հեռու եմ մարդոցմէ,  ըսաւ Ան, յոյս յայտնելով շուտով վերսկսիլ նաեւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ հրապարակային ունկնդրութիւնները, թէեւ դիտել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, պէտք է առ այժմ սպասենք ու յարգենք պատասխանատուներուն որոշումները։

Քարաքոշի եւ Մոսուլի այցելութեան տպաւորութիւններ եւ յուզմունքներ

«Այս ճամբորդութիւնը ինծի համար եղաւ վերապրում։ Քահանան եղած է ծառայելու համար, ծառայելու Աստուծոյ ժողովրդին, մօտիկ ըլլալու անոր եւ ասոր համար ես ապրեցայ այդ մօտիկութիւնը» յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը  մատնանշելով, որ ժողովրդին հետ շփումը կ'օգնէ Քահանային, կը փրկէ զայն, «մեզի կը պարգեւէ պատկանելիութիւն», ըսաւ Սրբազան Պապը, հուսկ խօսելով Քարաքոշ եւ Մոսուլ քաղաքներու այցելութեան ընթացքին իր ապրած յոյզերու մասին, նշեց` թէ իրեն սրտին խօսեցաւ ու յուզմունք յառաջացուց առաջին ռմբակոծումներու ընթացքին իր փոքրիկ զաւակը կորսնցուցած մօր մը վկայութիւնը։ «Ան օգտագործեց ներում բառը» ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով, որ «մենք մոռցած ենք այդ բառը, գիտենք նախատինք կարդալ, գիտենք դատապարտել, ես ալ առաջինն եմ, բայց ներերը մոռցած ենք»։

Ներել թշնամիներուն

«Ներել թշնամիներուն ասիկա Աւետարանն է եւ այս մէկը իմ սրտիս խօսուն էր Քարաքոշի մէջ» ըսաւ Ֆրաչիսկոս Պապը նշելով նաեւ, թէ Մոսուլի աւերակ եկեղեցիներու դիմաց ինք պապանձումի մէջ էր։ «Անհաւատալի տեսարան էր, անհաւատալի որքան մարդկային դաժանութիւն կայ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը այդ բոլորը վերագրելով  զէնքի վաճառքին։

Կիները յառաջ կը տանին պատմութիւնը

Սրբազան Պապին վերջին մտածումը եղան կիները։ «Անոնք աւելի քաջ են մարդոցմէ։ Բայց կիները այսօր եւս անարգուած են» ըսաւ Նորին Սբութիւնը ու ակնարկեց Տահեշի ծայրայեղականներուն կիներուն դէմ գործած արարքներուն ու վերաբերմունքին…«կիները կը վաճառուին ու կը ստրկացուին» ըսաւ Սրբազան Պապը նկատել տալով, թէ այս մէկը կը պատահի նաեւ հռոմի մէջ։ Պէտք է պայքար մղել ի նպաստ կիներու արժանապատւութեան։ Անոնք յառաջ կը տանին պատմութիւնը, մինչ ստրկութիւնը կիներու մերժում է ու պէտք է պայքարինք ասոր դէմ» ըսաւ Քահանայապետը բարի ճանապարհորդութիւն մաղթելով լրագրողներուն եւ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/03/2021, 15:00