«Իրաքը սրտիս մէջ է»։ Վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապին 33-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը։

Ուր քաղաքի մէջ Միջկրօնական հանդիպումը եւ Աբրահամի զաւակներուն համատեղ աղօթքը, Իրաքի Ան Սիսթանի Այաթոլլահին հետ պատմական հանդիպումը, Մոսուլի մէջ պատերազմի զոհերուն նուիրուած աղօթքը, Քարաքոշի քրիստոնեաներուն հետ հանդիպումը ապա Էրպիլի մէջ եզրափակիչ Սուրբ պատարագը, երկար տարիներ դրոշմուած պիտի մնան իրաքցիներու մտքին ու սրտին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

Իրաքի քրիստոնեաները եւ ոչ միայն անոնք այլեւ համայն իրաքցիները 22 տարիներ ամբողջ սպասուի մէջ էին հանդիպելու համար Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Սպասում, որ պսակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Աբրահամի հետքերուն վրայ  կատարած երրօրեայ առաքելական պատմական ճամբորդութեամբ, որուն ամէն մէկ հանգրուանը ունեցաւ իր նշանակութիւնը, իր կարեւորութիւնը եւ պիտի ըսենք նաեւ իր իւրայատկութիւնը։

Ճամբորդութեան իւրաքանչիւր հանգրուան դրոշմուեցաւ իրաքցիներու մտքին մէջ

Քաղդէացիներու Ուր քաղաքի մէջ Միջկրօնական հանդիպումը եւ Աբրահամի զաւակներուն համատեղ աղօթքը, Իրաքի Գերագոյն Այաթոլլահ Ալ Սիսթանիի հետ  պատմական հանդիպումը, Մոսուլի մէջ պատերազմի զոհերուն նուիրուած աղօթքը, Քարաքոշի քրիստոնեաներուն հետ հանդիպումը ապա Էրպիլի մէջ եզրափակիչ Սուրբ պատարագը, երկար տարիներ դրոշմուած պիտի մնան իրաքցիներու մտքին ու սրտին մէջ։

Կարելի չէր Իրաքցիները յուսախափ թողուլ

Կարելի չէր արդարեւ անգամ մը եւս յուսախաբ լքել զանոնք, եւ այս ճամբորդութիւնը, ինչպէս ըսաւ նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը, «պարտականութիւն մըն էր՝ տարիներէ ի վեր նահատակ ու մարտիրոս երկրի մը հանդէպ»։

Եղբայրութեան պատգամը

Հակառակ  երկրին մէջ տակաւին ամբողջական ապահովութեան պակասին, հակառակ աշխարհը յուզող առողջապահական ճգնաժամին, Սրբազան Քահանայապետը վճռեց մեկնիլ Իրաք, այն գիտակցութեամբ, թէ իր ներկայութիւնը եւ իր հետ տարած եղբայրութեան պատգամը կարող էին յոյս ներշնչել Իրաքի բնակիչներուն, որպէսզի անոնք կարենան միասին նայիլ ապագային, միասին՝ իսլամ, քրիստոնեայ, եզտի եւ այլ կրօններու պատկան հաւատացեալներ, կերտեն նոր Իրաք մը, հիմնուած եղբայրութեան վրայ, հիմնուած փոխադարձ յարգանքի վրայ, երկխօսութեան, հասկացողութեան, ներումի ու ներդաշնակ ու խաղաղ համակեցութեան վրայ։  

Քահանայապետութեան ամենակարեւոր ճամբորդութիւնը

Իրաքի այս ճամբորդութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետութեան ամենակարեւոր ճամբորդութիւնն է, ուր Ան չի զլացաւ դատապարտել անցեալ տարիներու պատերազմներն ու բռնութիւնները, ծայրայեղականներու իրագործած աւերները, դաժանութիւնները։

Վերջին խօսքը Աստուծոյ կը պատկանի

«Ահաբեկութիւնն ու մահը վերջին խօսքը չունին։ Վերջին խօսքը կը պատկանի Աստուծոյ» հաստատեց իր ճառերուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը շեշտելով, որ «եղբայրութիւնը աւելի հզօր է եղբայրասպանութիւնէն, յոյսը աւլի ուժեղ է մահէն, խաղաղութիւնը աւելի զօրաւոր է պատերազմէն»։ Ան հուսկ հրաւիրեց Ատելութեան աւերակներուն վրայ կառուցել եղբայրական բարեկամութիւններ։

Ոչ ահաբեկութեան եւ կրօնի շահագործումին

Խօսքը ուղղելով քրիստոնեաներուն յանձնարարեց «չի յանձնուիլ, չի կորսնցնել յոյսը»։ «Աստուած կարող է խաղաղութիւն բերել այս երկրին։  Եւ Անոր վստահելով  բոլոր բարի կամք ունեցող անձերուն հետ միասին ոչ կ՛ըսենք ահաբեկչութեան եւ կրօնի շահագործումին» ընդգծեց Սրբազան Պապը, որ  Իրաք մեկնած էր եղբայրութեան պատգամով եւ հակառակ իր շուրջ տակաւին ակնյայտ աւերներուն եւ պատերազմի ու ահաբեկութեան նշաններուն, ան կարողացաւ ականատես ըլլալ եղբայրութեան բազմաթիւ վկայութիւններուն, սկսեալ իրեն վերապահուած ջերմ ընդունելութիւնէն։

Ներումը բանալի բառ

Որպէս բանալի բառ Սրբազան Պապը առաջարկեց Ներում բառը եւ որպէս խաղաղութեան ճանապարհ թելադրեց մերժել թշնամիներ ունենալ ու որոնել միայն բարեկամներ։ «Որովհետեւ Աստուծոյ աչքերուն առջեւ բոլորս ալ հաւասար ենք, որպէս միակ հօր զաւակներ»։

Մարդկային ընտանիքը դառնայ հիւրընկալ բոլորի նկատմաբ

«Մենք տարբեր կրօններու եղբայրներ եւ քոյրեր համախմբուեցանք այստեղ եւ այստեղէն, միասին, կ՛ուզենք յանձնառու ըլլալ, որպէսզի իրականանայ Աստուծոյ երազը. Մարդկային ընտանիքը դառնայ հիւրընկալ հանդէպ իր բոլոր զաւակներուն ու նայելով նոյն երկնքին՝ քալէ խաղաղութեամբ միեւնոյն երկրին վրայ» ըսաւ իր խօսքին մէջ Քահանայապետը Ուր քաղաքի մէջ կայացած Միջկրօնական հանդիպումին ընթացքին։

Խաղաղութան պարգեւը

Քարաքոշի Անարատ Յղութեան աթոռանիստ եկեղեցւոյ ոսկեմատեանին մէջ Ան արձանագրեց հետեւեալ գրութիւնը «Այս կործանուած եւ վերակառուցուած եկեղեցիէն, Քարաքոշի ու համայն իրաքի յոյսի խորհրդանիշ, Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ, Աստուծմէ կը հայցեմ խաղաղութեան պարգեւը»։

Իրաքը սրտիս մէջ

Իրաքէն չի մեկնած, Էրպիլի մէջ մատուցած եզրափակիչ Պատարագի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց թէ «այժմ ժամանակը հասաւ Հռոմ վերադառնալու, սակայն Իրաքը միշտ իմ հետս կը մնայ, իմ սիրտիս մէջ է» եւ ահա այս խոստումով է, որ Ան այսօր՝ 8 մարտի առաւօտեան տեղական ժամով 7-ին, (Հռոմի ժամով 5-ին) Պաղտատի Վատիկանի դեսպանատան մէջ մատուցած սուրբ պատարագէն ետք հրաժեշտ առաւ դեսպանատան անձնակազմէն, ու դեսպանատան նուիրատուներէն եւ բարեկամներէն եւ ուղղուեցաւ Պաղտատի օդակայան ուր տեղի ունեցաւ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը Իրաքի նախագահի ներկայութեամբ, որուն աւարտին Սրբազան Քահանայապետը բարձրացաւ օդանաւ վերադարձ կատարելով դէպի Հռոմ, ուր ժամանումը նախատեսուած է գրեթէ հինգ ժամ տասնհինգ վայրկեան տեւող թռիչքէ մը ետք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/03/2021, 08:07