«Կ`ուզեմ ի սրտէ շնորհակալութիւն ըսել բոլոր կիներուն, մասնաւորապէս Իրաքի կիներուն, քաջ կիներ, որոնք կը շարունակեն կեանք պարգեւել հակառակ չարաշահումներուն ու վէրքերուն։ Թող` որ կիները յարգուին եւ պաշտպանուին։ Թող` որ անոնց յատկացուի ուշադրութիւն եւ հնարաւորութիւններ»։
Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 8 մարտ 2021ին հրապարակած թուիթը, կիներու համաշխարհային օրուան առթիւ, որուն պարունակութիւնը քաղուած է Նորին Սրբութեան Իրաքի մէջ արտասնած մէկ ճառէն։