«Եղէք Սուրբ Յովսէփին նման իմաստուն». «Եղէք Սուրբ Յովսէփին նման իմաստուն».  

«Եղէք Սուրբ Յովսէփին նման իմաստուն». Ֆրանչիսկոս Պապին յորդորը Սուրբ Յովսէփի տօնին առթիւ.:

«Կեանքին, աշխատանքին, ընտանիքին եւ ուրախութեան ու ցաւի պահերուն, Սուրբ Յովսէփը յարատեւօրէն փնտռեց եւ սիրեց Տէրը, արժանանալով «արդար» եւ «իմաստուն» մարդ անուանումի մեծարանքին Սուրբ Գրութիւններուն մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

 Չորեքշաբթի 17 մարտին Առաքելական Պալատէն  ներկայացուցած հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը տարբեր լեզուներով ողջունելով ուղիղ եթերով ունկնդրութեան հետեւող հաւատացեալները խրախուսեց զանոնք օրինակ առնելու Սուրբ Յովսէփէն, որուն ծիսական տօնը պիտի յիշատակուի յառաջիկայ 19 մարտին.

Սուրբ Յովսէփին օրինակը` արդար եւ իմաստուն մարդ

«Միւս օր պիտի տօնենք Սուրբ Յովսէփին ծիսական տօնը։ Յատուկէն ուրախութիւնը ունիմ ձեզի ցոյց տալու այս մեծ սուրբին օրինակը ու ձեր կեանքը վստահելու Անոր» ըսաւ Սրբազան Պապը յորդորելով նաեւ ըլլալու «Անոր նման իմաստուն» եւ «պատրաստ հասկնալու եւ ի գործ դնելու Աւետարանը»։

Ողջունելով ապա տարեցները, երիտասարդները, հիւանդներն ու նորապսակները Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Կեանքին, աշխատանքին, ընտանիքին եւ ուրախութեան ու ցաւի պահերուն, Սուրբ Յովսէփը յարատեւօրէն փնտռեց եւ սիրեց Տէրը, արժանանալով «արդար» եւ «իմաստուն» մարդ անուանումի մեծարանքին Սուրբ Գրութիւններուն մէջ։  Զայն հայցեցէք մշտապէս, մասնաւորապէս ձեր հանդիպած դժուար պահերու ընթացքին։ Բոլորիդ կ'ուղարկեմ օրհնութիւնս» ըսաւ ապա Քահանայապետը Հայր մեր աղօթքով եզրափակելով հրապարակային ունկդրութիւնը ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/03/2021, 10:05