Ֆրանչիսկոս Պապին ընտանիքի մը հետ հանդիպումը (Արխիւ) Ֆրանչիսկոս Պապին ընտանիքի մը հետ հանդիպումը (Արխիւ) 

«Պաշտպանենք ընտանիքը անոր գեղեցկութիւնը ապականող բաներէն». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Ընտանիքին նուիրուած տարւոյն սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապը իր պատգամը ուղղեց այդ առթիւ կազմակերպուած հաւաքին, անգամ մը եւս վերահաստատելով թէ ընտանիքին նուիրուած որեւէ հովուական ծրագիր պէտք է «մարմնանայ» իսկական կեանքին մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հռոմի Թեմին եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի անուան աստուածաբանական հաստատութեան համագործակցութեամբ, Աշխարհականներու, Ընտանիքին եւ Կեանքի ժողովին կողմէ կազմակերպուած յատուկ մէկ հաւաքին առթիւ, նուիրուած Ֆրանչիսկոս Պապին «Ամորիս Լեթիցիա» յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրի հրատարակման հինգերորդ տարեդարձին ու  Քահանայապետին կողմէ հռչակուած «Ընտանիք՝ սիրոյ ուրախութիւն» տարուան սկիզբին, Նորին Սրբութիւնը յատուկ պատգամ մը ուղղեց ուղիղ եթերով ծրագրուած հաւաքին մասնակիցներուն, անգամ մը եւս շեշտը դնելով «Amoris laetitia» յորդորագիրին մէջ պարունակուած վարդապետութեան վրայ։  

Անկեղծութիւն եւ քնքշութիւնը։

«Amoris laetitia» յորդորագիրը՝ «ընդգծեց  ուղեւորութեան մը սկիզբը ջանալով քաջալերել ընտանիքին իրականութեան նկատմամբ նոր հովուական մօտեցում մը» ըսաւ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ, նկատել տալով՝ թէ այդ փաստաթուղթը ջանաց ունենալ «նոր հայեացք», «խորապէս փոխուած ժամանակի և մշակոյթի ժամանակաշրջանին», ուր ընտանիքին գեղեցկութիւնը կարելի չէ անջատել անոր հոգ տանելու իրականութիւնէն։

Իւրաքանչիւր Ընտանեկան հովուական խնամակալութիւն կը փայլի երկու ոլորտներով «Աւետարանի հռչակումին անկեղծութիւնը» եւ «ընկերանալու քնքշութիւնը» հաստատեց Սրբազան Պապը։

Վարդապետութիւնը եւ կեանքի մարմինը

Ան ապա ակնարկեց պատճառաբանութեան երկու կողմերուն։ Մէկ կողմէն կայ «Աւետարանի մշտապէս նորոգուած Խօսքին կարեւորութիւնը, որուն հիման վրայ կը ձեւաւորուի ամէն մէկ վարդապետութիւն, ներառեալ ընտանիքին հայող վարդապետութիւնը։ 

«Խստապահանջ խօսք, որ կը ցանկանայ ազատել մարդկային յարաբերութիւնները ստրկութիւններէն, որոնք յաճախ կ՛ապականեն այդ յարաբերութիւններուն  դիմագիծը և զանոնք կը  դարձնեն անկայուն» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը  ներկայացնելով արագ ցուցակ մը.  «հոյզերու բռնատիրութիւն, ժամանակաւորի վեհացումը, որ կը վհատեցնէ  կենաքի յանձնառումները, անհատականութեան գերակշռումը եւ ապագայէն վախը»:

Միւս կողմէն ապա կայ Եկեղեցին, որ «նման իր Վարդապետին» կանչուած է մարմնանալու եւ մխրճուելու «իրական կեանքին մէջ, մօտէն ճանչնալով ամուսնացեալներու եւ ծնողներուն առօրեայի յոգնութիւնները»  եւ այս մէկը, նշեց միշտ Սրբազան Պապը, «որովհետեւ Աւետարան մը, որ ինքզինք կ՛առաջարկէ որպէս վերէն իջած վարդապետութիւն եւ չի մխրճուիր առօրեայի մարմնին մէջ, վտանգուած է մնալ լոկ գեղեցիկ տեսութիւն մը եւ երբեմն ալ նկատուած բարոյական պարտականութիւն»։

Գեղեցկութեան քերականութիւն

Քահանայապետը առ այդ հրաւիրեց «ընկերանալ, ունկնդրել, եւ օրհնել ընտրանքներուն ուղեւորութիւնը» ամուսնացեալներուն ըսելու համար, որ Եկեղեցին ձեր հետն է, Տէրը ձեզի մօտիկ է, կ՛ուզենք ձեզ օգնել պահպանելու համար ձեր ընկալած պարգեւը»։ 

Եւ այսպէսով Եկեղեցին քրիստոնեայ պսակեալներուն կը վերահաստատէ ամուսնութեան արժէքը, որպէս Աստուծոյ ծրագիր, որպէս պտուղ Անոր շնորհքին եւ որպէս կոչ՝ ապրելու ամբողջութեամբ, հաւատարմութեամբ եւ ձրիութեամբ» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ   «այս է արդարեւ ճանապարհը», որպէսզի փոխյարաբերութիւնները, «նոյնիսկ ձախողութիւններով, անկումներով եւ փոփոխութիւններով յատկանշուած ուղեւորութեան մը միջոցաւ բացուին ուրախութեան լիութեան եւ մարդկայնութեան իրագործումին ու դառնան ընկերութեան համար  եղբայրութեան եւ սիրոյ թթխմոր»։

 «Այս փորձառութիւնը ունի իր քերականութիւնը, ոճ մը, որ չէ կազմուած միայն բառերէ, այլ նաեւ  ըլլալու ձեւերէն, թէ ինչպէս կը խօսինք, ինչպէս կը նայինք, մեր շարժուձեւերը, մեր ժամանակներն ու տարածքները», որոնք առանձնայատուկ են  ընտանիքի զօրութենականութեան» յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Ընտանիքը երաշխաւոր եղբայրութեան։

Իրականութեան հաւատարիմ մնալու համար, Ֆրանչիսկոս Պապը  հայեացքը կը սեւերէ այժմէական իրականութեան վրայ, որուն մէջ համաճարակը՝ «հոգեբանական, ու նաև տնտեսական և առողջական բազում խնդիրներ» յառաջացնելուն հանդերձ եւ հակառակ, որ ան մեծապէս ազդեց  ընտանեկան կապերուն վրայ, յարաբերութիւնները կը մնան «ամենահաստատուն ուղենիշը, ամենաուժեղ աջակցութիւնը, մարդկային և ընկերային  համայն համայնքի կայունութեան անփոխարինելի կայազօրը»:

«Թիկունք կանգնինք ուրեմն ընտանիքին» կոչ ուղղեց Քահանայապետը։ Պաշտպանենք զայն այն բաներէն, որոնք կը վտանգեն անոր գեղեցկութիւնը։ Հիացումով մօտենանք այս սիրոյ խորհուրդին, հայեցողութեամբ և քնքշութեամբ։ Ապա յանձնառու ըլլանք պաշտպանելու անոր արժէքաւոր եւ նուրբ կապերը, զաւակներ, ծնողք, մեծ հայրիկ ու մեծ մայրիկներ։ Այս կապերը անհրաժեշտ են ապրելու և լաւ ապրելու համար, որպէսզի մարդկութիւնը  դարձնենք աւելի եղբայրական» եզրափակեց Սրբազան Քահանայապետը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2021, 07:52