Սուրբ Ալֆոնսօ Մարիա Տէ Լիկուորի Սուրբ Ալֆոնսօ Մարիա Տէ Լիկուորի 

Քահանայապետական պատգամ Սուրբ Ալֆոնսօ Մարիա Տէ Լիկուորին Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումին 150 ամեակին առթիւ։

«Մենք ալ կանչուած ենք ընդառաջելու ժողովրդին. ընդառաջելու անոնց ` որոնք զուրկ են հոգեկան օգնութիւններէն, կազմել պատասխանատու եւ ողորմած խիղճեր, որպէսզի ունենանք աւելի հասուն Եկեղեցի մը, կարող կառուցողական կերպով պատասխանելու ընկերային դիւրաբեկութիւններուն, երկնքի թագաւորութեան հեռանկարով»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 23 մարտ 2021-ին հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետին «Սուրբ Ալֆոնսօ Մարիա Տէ Լիկուորին Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումին 150 ամեակին» նուիրուած պատգամը, զոր Ան ուղղեց Ամենասուրբ Փրկիչ միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր` Հայր Միքայէլ Պրէհլին.

Ողորմութեան հայր ու վարդապետ

Արդարեւ 150 տարիներ առաջ 23 մարտ 1871-ին Պիոս Թ Քահանայապետը Եկեղեցւոյ վարդապետ կը հռչակէր Սուրբ Ալֆոնսօ Մարիա Տէ Լիկուորին, որ Խոստովանահայրերու պաշտպան սուրբն է եւ տիպար դէպի դուրս միսիոներական Եկեղեցւոյ մը, որ ցոյց կու տայ մայր ճանապարհը խիղճերը մօտեցնելու համար Հօր հիւրընկալող դէմքին, որովհետեւ «փրկութիւնը, զոր Աստուած կ՛առաջարկէ մեզի, գործն է Անոր ողորմութեան», կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամին սկիզբը ակնարկելով ապա Ալֆոնսեան աստուածաբանութեան որ «ծնունդ կ՛առնէ հոգեպէս աւելիով լքուած մարդոց ու կիներու դիւրաբեկութեան ընկալումէն ու անոր ունկնդրութենէն» կը նշէ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով Սուրբին փորձառութեան ու անոր «հեռուներու» որոնումի աշխատանքին, ըլլայ որպէս Քահանայ, ըլլայ որպէս Եպիսկոպոս, ըլլայ որպէս Ամենասուրբ Փրկիչ միաբանութեան հիմնադիր, դառնալով «ողորմութեան հայր ու վարդապետ» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ան ապա կ՛ ակնարկէ, թէ ինչպէս Սուրբ Ալֆոնսոյին աստուածաբանական եւ իրաւական կազմաւորումը, որ սկզբնական շրջանին դրոշմուած էր որոշակի խստութեամբ փոխուեցաւ ու դարձաւ «ողորմած մօտեցում, աւետարանական ուժականութեամբ, եւ ներգրաւուրմով գործելու ընդունակ»:

Իրականութիւնը ունկնդրելու քաջութիւն

«Ան եղաւ իր ժամանակուայ ընկերութեան վերջիններուն փաստաբանը, պաշտպանելով բոլորին իրաւունքները ու մասնաւորէս իրաւունքներն անոնց, որոնք աղքատ ու լքուած են» կը նշէ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ դիտել տալով, որ Սուրբ Ալֆոնսոն «ոչ անփոյթ է եւ որ ալ խստապահանջ». Ան իրապաշտ է քրիստոնէական իսկական իմաստով, որովհետեւ հասկցաւ, որ Աւետարանին նոյնինք սրտին մէջ են  հասարակաց կեանքը եւ միւսներու հետ յանձնառումը», դիտել կու տայ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, որ Աւետարանի քարոզութիւնը արագօրէն յեղաշրջող ընկերութեան մը մէջ կը պահանջէ իրականութիւնը  ունկնդրելու քաջութիւն, դաստիարակելու համար խիղճերը ու տարբեր ձեւով մտածելու, անցեալի հետ անընդհատութեան մէջ»:

Կեանքը դիտել Աստուծոյ ժողովուրդին տեսանկիւնէն

«Իւրաքանչիւր հովուական գործունէութիւն իր արմատը կը գտնէ կեանքի Աստուծոյ փրկարար հանդիպումին մէջ եւ ծնունդ կ՛առնէ կեանքի ունկնդրութենէն ու կը սնանի աստուածաբանական խորհրդածութենէ մը, որ գիտէ իր վրայ վերցնել մարդոց հարցադրանքները ցոյց տալու համար կարելի ճանապարհները» կը գրէ հուսկ Սրբազան Պապը հրաւէր ուղղելով բոլոր բարոյական աստուածաբաններուն, միսիոնարներուն եւ խոստովանահայրերուն, Սուրբ Ալֆոնսի նման կենսունակ յարաբերութեան մէջ մտնելու Աստուծոյ ժողովրդին հետ ու կեանքը դիտելու անոնց տեսանկիւնէն, հասկնալու համար իրական դժուարութիւնները, որոնց կը հանդիպին, օգնելով զանոնք դարմանելու վէրքերը, որովհետեւ միայն իսկական եղբայրութիւնն է, որ գիտէ նայիլ մերձաւորի Սուրբ Մեծութեան, գիտէ վերագտնել Աստուած ամէն մէկ մարդ արարածի մէջ, գիտէ Աստուծոյ սիրոյն կառչելով դիմանալ համատեղ կեանքի ոտնձգութիւններուն եւ գիտէ սիրտը բանալ Աստուածային սիրոյ առջև ՝ փնտռելու համար ուրիշներու երջանկութիւնը, ինչպէս զայն կը փնտռէ անոնց բարի Հայրը»:

Օժանդակել, ուղեկցիլ և աջակցիլ անոնց , որոնք զրկուած են հոգևոր օգնութենէն

Բարոյական աստուածաբանութիւնը չի կարող կայանալ միայն սկզբունքներու եւ կանոններու ձևաւորման վրայ, որովհետեւ տեսական սկզբունքներու լոկ իմացութիւնը, բաւարար չէ աջակցելու խիղճերուն կատարելիք զատորոշումին բարիքը հասկանալու մէջ։

«Բարոյական աստուածաբանութիւնը փոխակերպող Սուրբ Ալֆոնսի օրինակին հետեւելով ցանկալի է և, հետևաբար, անհրաժեշտ` օժանդակել, ուղեկցիլ և աջակցիլ անոնց , որոնք առաւելագոյնս զրկուած են հոգևոր օգնութենէն դէպի փրկութիւն տանող ճանապարհին վրայ» կը գրէ առ այդ Սրբազան Պապը հարկաւոր նկատելով գտնել ճանապարհներ «որոնք չեն հեռացնէր, այլ կը մօտեցնեն Աստուծոյ», այնպէս ինչպէսս ըրաւ Սուրբ Ալֆոնսոն։

«Մենք ալ կանչուած ենք ընդառաջելու ժողովրդին. ընդառաջելու անոնց ` որոնք զուրկ են հոգեկան օգնութիւններէն, կազմել պատասխանատու եւ ողորմած խիղճեր, որպէսզի ունենանք աւելի հասուն Եկեղեցի մը, կարող կառուցողական կերպով պատասխանելու ընկերային դիւրաբեկութիւններուն, երկնքի թագաւորութեան հեռանկարով» կը գրէ Քահանայապետը դիտել տալով, թէ «այս մէկը հնարաւորութիւն կու տայ պայքարելու «մրցակցութեան եւ աւելի հզօրի օրէնքի» տրամաբանութեան դէմ, որ «մարդս կը համարէ որպէս մսխումի առարկայ» սկիզբ տալով «մնացորդացի մշակոյթին»։

Աղքատներուն ճիչը աբնժան երկրի ճիչէն

Սրբազան Պապը կ՛ ակնարկէ հուսկ վերջին ժամանակներուն ընկերութեան դիմագրաւած բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն, սկսեալ համաճարակէն եւ այս ուղղութեամբ կը հաստատէ «Վայ մեզի եթէ աւետարանութեան յանձնառումին մէջ աղքատներուն ճիչը բաժնենք երկրի ճիչէն» այս ծիրէն ներս անգամ մը եւս Սուրբ Ալֆոնսը ներկայացնելով , որպէս տիպար` որ գիտցաւ իր ժամանակուայ ընկերութեան մարտահրաւէրներուն տալ կառուցողական պատասխաններ, ժողովրդային աւետարանութեան մը միջոցաւ, ցոյց տալով բարոյական աստուածաբանութեան մը ոճը, որ կարող է միասին պահել Աւետարանին պահանջները եւ մարդկային դիւրաբեկութիւնները» կը գրէ Սրբազան Պապը եւ հրաւէր կ՛ուղղէ լրջօրէն դիմագրաւելու Աստուծոյ մեր բոլորիս ուղղուած հարցումին հարցը «Ո՞ւր է քու եղբայրդ» ապա կ՛առաջարկէ խիղճերու կազմաւորում ի նպաստ բարիին, որպէս անհրաժեշտ նպատակ ամէն մէկ քրիստոնեայի համար, այս ծիրէն ներս Բարի Սամարացին ներկայացնելով որպէս օրինակ։

Կառուցողական երկխօսութիւն

«Բարոյական աստուածաբանութիւնը պէտք չէ վախ ունենայ ընկալելու երկրին վերջիններուն ճիչը ու զայն իւրացնելու։ Աւելիով դիւրաբեկներուն արժանապատւութիւնը բարոյական պարտականութիւն մըն է. որ կարելի չէ զանց ընել։ հարկաւոր է վկայել` որ օրէնք կը նշանակէ զօրակցութիւն» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա հրաւէր կ՛ուղղէ Սուրբ Ալֆոնսին նման ընդառաջելու մեր ընկերութիւններուն դիւրաբեկ եղբայրներուն եւ քոյրերուն, քաջալերելով միաբանութեան կառոյցները կառուցողական երկխօսութեան մէջ դնելու իրենք զիրենք ամէն տեսակ մշակոյթէն յառաջացած առաջարկներուն հետ, որոնելու համար առաքելական, բարոյական եւ հոգեւոր պատասխաններ, ի նպաստ մարդկային դիւրաբեկութեան։

Քահանայապետը պատգամը կ՛աւարտէ հայցելով Սուրբ Ալֆոնոոյի եւ Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/03/2021, 12:24