Աբրահամի զաւակներուն աղօթքը։

Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Հայր Ամենակալ, Արարիչն մեր, որ կը սիրես մարդկային ընտանիքը եւ ամէն այն բաները, որ քու ձեռքերդ իրականացուցին, մենք, Աբրահամի զաւակեր եւ դուստրեր, պատկանող հրէութեան, քրիստոնէութեան եւ իսլամութեան, միւս հաւատացեալներուն հետ մասին ու բարի կամք ունեցող բոլոր մարդոց հետ միասին, շնորհակալութիւն  կը յայտնենք մեզի պարգեւած ըլլալուդ համար հաւատքի մէջ միասնական հայր մը՝ Աբրահամը, այս ազնիւ ու հարազատ երկրի ականաւոր զաւակը»: Այս խօսքերով է որ կը սկսի Աբրահամի ծննդավայր Քաղդէացիներու Ուր քաղաքին մէջ, կայացած միջ կրօնական աւարտին արտասանուած  «Աբրահամի զաւակներուն» աղօթքը, զոր կարդացուեցաւ արաբերէն լեզուով ի ներկայութեան Ֆրանչիսկոս Պապին եւ այլ կրօններու ու  կրօնական հասարակութիւններու ներկայացուցիչներուն։

Աղօթքին մէջ շնորհակալութիւն կը յայտնուի Աստուծոյ՝ Աբրահամի հաւատքի ու հնազանդութեան օրինակին համար,   շնորհակալութիւն անոր քաջութեան օրինակին համար, անոր ունեցած վեհանձնութեան եւ հիւրընկալութեան օրինակելի զգացումներուն ու մասնաւորապէս անոր հերոսական հաւաքին համար, որ բացայայտուեցաւ իր միակ զաւակը զոհելու հրահանգին հնազանդելով։

«Ան այդ փորձանքէն դուրս եկաւ յաղթական, որովհետեւ վստահեցաւ Քեզի առանց նախապաշարումներու, Դուն, որ ողորմած ես եւ մշտապէս կը բանաս նոր կարելիութիւններ դարձեալ վերսկսելու համար»։

«Շնորհակալ ենք որովհետեւ օրհնելով Աբրահամը՝ մեր հայրը զայն դարձուցիր օրհնութիւն համայն ժողովուրդներուն համար» նշուած է միշտ Աբրահամի զաւակներուն աղօթքին մէջ, ուր ապա Ամենակալ Աստուծմէ կը հայցուի Աբրահամի նման «զօրեղ հաւատք մը, հաւատք՝ որ մեր սրտերը բանայ Քեզի ու բոլոր մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն. Եւ անընկճելի յոյս մը՝ որ կարող ըլլայ ամենուրէք տեսնել Աստուծոյ խոստումներուն հաւատարմութիւնը։

«Մեզմէ իւրաքանչիւրս դարձուր վկայ քու սիրալիր խնամքին, յատկապէս գաղթականներուն ու տեղահաններուն համար, այրիներուն ու որբերուն համար ու աղքատներուն եւ հիւանդներուն համար» կը նշուի աղօթքին մէջ ուր ապա Աստուծոյ աղերս կը բրաձրանայ  «որպէսզի բանայ մեր սրտերը փոխադարձ ներումին ու մեզ դարձնէ հաշտութեան գործիքներ, աւելի արդար եւ եղբայրական ընկերութեան մը կառուցողներ»։

«Քու խաղաղութեան եւ լոյսի բնակարանիդ մէջ ընկալէ ննջեցեալները, մասնաւորէս պատերազմներու ու բռնութեան զոհերը։

Նեցուկ կանգնէ քաղաքացիական իշխանութիւններուն, որոնելու եւ յայտնաբերելու առեւանգուած անձերը, ու յատուկ կերպով պաշտպանելու կիներն ու մանուկները։

Օգնէ մեզի հոգ տանելու մոլորակին, մեր միասնական տունը, որ Քու անհուն բարութեամբդ եւ առատաձեռնութեամբ պարգեւեցիր մեզի բոլորիս։

Աջակից եղիր մեր ձեռքերուն այս երկրի կառուցման մէջ ու մեզի պարգեւէ պէտք եղած ուժը օգնելու համար անոնց՝ որոնք ստիպուած եղան լքել իրենց տուները, իրենց հողերը, վերադառնալու անվտանգութեան մէջ եւ արժանապատուութեամբ, ու վերսկսելու նոր կեանք մը, համերաշխ եւ բարգաւաճ։ Ամէն.

       

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2021, 10:30