Պատմական հանդիպում ընդմէջ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Այաթոլլահ Ալ Սիսթանիին։

Սրբազան Պապը ընդգծեց կրօնական հասարակութիւններուն միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը եւ բարեկամութիւնը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ «այսօր առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Նաժաֆ քաղաքին մէջ հանդիպեցաւ Աւագ Այաթոլլահ Սայիտ Ալի Ալ Հուսայնի Ալ Սիսթանիի հետ» հանդիպումը մաս կը կազմէր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Եղբայրութեան անունով Իրաք կատարած առաքելական ճամբորդութեան եւ կայացաւ 6 մարտի առաւօտեան Աբրահամի ծննդավայր Ուր քաղաքի մէջ նախատեսուած միջ կրօնական հանդիպումէն առաջ։

Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհակալութիւնը  Ալ Սիսթանի Այաթոլլահին

«Քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին, որ տեւեց 45 վայրկեան, Սրբազան Պապը ընդգծեց կրօնական հասարակութիւններուն միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը եւ բարեկամութիւնը որպէսզի, փոխադրած յարգանքի եւ երկխօսութեան մշակումով, կարելի ըլլայ սատարել Իրաքի բարօրութեան, տարածաշրջանի ու համայն մարդկութեան բարօրութեան» նշած է Տիար Պրունի հաղորդագրութեան մէջ ուր ապա կը բացայայտէ, թէ «հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ Ֆրանչիսկոս Պապին համար շնորհակալութիւն յայտնելու Ալ Սիսթանի Այաթոլլահին, որովհետեւ շիիթ հասարակութեան հետ միասին, ի տես անցեալ տարիներու բռնութիւններուն  եւ մեծ դժուարութիւններուն, իր ձայնը բարձրացուց ի պաշտպանութիւն տկարներուն եւ հալածուածներուն, հաստատելով մարդկային կեանքին սրբութիւնը եւ իրաքի ժողովուրդին միութեան կարեւորութիւնը»։

Աղօթք Իրաքի ու մարդկութեան խաղաղութեան եւ եղբայրութեան ապագայի համար

«Հրաժեշտի պահուն Քահանայապետը Աւագ Այաթոլլահին հաւաստիացուց իր աղօթքները Աստուծոյ, բոլորին Արարիչը, սիրելի Իրաքեան հողին Միջին Արեւելքին ու համայն աշխարհին խաղաղութեան եւ եղբայրութեան ապագայի մը համար» հաստատած է Մաթթէօ Պրունին իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։ 

Ալ Սիսթանիի յայտարարութիւնը

Հանդիպումի ընթացքին Այաթոլլահ Ալ Սիսթանի խօսեցաւ անարդարութիւններու, ճնշումներու. աղքատութեան ու կրօնական եւ մտային հալածանքներու մասին ու հիմնական իրաւունքներու վերացումի եւ ընկերային արդարութեան բացակայութեան մասին մասնաւորէս պատերազմներու ու բռնութեան արարքներու մասին ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ժողովուրդներուն տեղահանութեան մասին, որոնց շարքին Պաղեստինցիները։  

Այաթոլլահ ընդգծեց կրօնական ու հոգեւոր ղեկավարներուն այս աղէտները կանգնեցնելու ուղղութեամբ որդեգրելիք դերակատարութեան կարեւորութիւնը ինչպէս նաեւ անոնց հետապնդելիք նպատակակէտը՝  կողմերը մղելու առաջնահերթութիւն տալու իմաստութեան եւ բանականութեան եւ մերժելու պատերազմին ոճը, անձնական իրաւունքը չի գերակայելու ժողովուրդներու իրաւունքին ու ապրելու ազատութեամբ եւ արժանապատուութեամբ։ Ան ապա ընդգծեց ջանքեր գործադրելու կարեւորութիւնը՝  ի նպաստ ներդաշնակութեան արժէքներու ամրացումին, խաղաղ համակեցութեան եւ մարդկային զօրակցութեան ամրապնդումին՝ բոլոր ընկերութիւններուն մէջ, հիմնուելով իրաւունքներու խթանման վրայ ու փոխադարձ յարգանքի վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2021, 09:00