«Ես ալ ծունկի կու գամ Միանմարի ճամբաներուն վրայ» Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Ես ալ կը ծնկադրեմ Միանմարի ճամբաներուն վրայ եւ կ'ըսեմ. Թող դադրի բռնութիւնը։ Ես ալ բազուկներս կը տարածեմ եւ կ'ըսեմ թող գերակշռէ երկխօսութիւնը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Անգամ մը եւս եւ խոր տխրութեամբ կը զգամ անհրաժեշտութիւնը յիշելու Միանմարի ողբերգական իրավիճակը ուր բազմաթիւ մարդիկ ու մասնաւորապէս երիտասարդներ իրենց կեանքը կը կորսնցնեն յոյս պարգեւելու համար իրենց Երկրին»։ Այս խօսերով է, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը, չորեքշաբթի 17 մարտի հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին ուզեց յատուկէն յիշել Միանմարը, որ անցեալ մէկ փետրուարէն ի վեր, զինուորական յեղաշրջումին պատճառաւ, որ պաշտօնանկ ըրաւ ու կալանաւորութեան մատնեց Երկրին Ղեկավարը ու խաղաղութեան Նոպէլեանի մրցանակակիր տիկին Աուն Սան Սու Քին,  դարձած է  ճնշումներու եւ բռնութիւններու դաշտ խաղաղ ցուցարարներու նկատմամբ, որոնք կը պահանջեն օրէնքի վերահաստատումը։ 

Որոշ տուեալներու համաձայն զոհերուն թիւը հասած է 150ի, մինչ ՄԱԿ-ի «վրդովմունքը» եւ  միջազգային հասարակութեան կոչերը կը միանան Եկեղեցւոյ զօրեղ եւ լռելեան գործունէութեան, որ անցեալ երկուշաբթի օր ձեռնարկած էր «Global Day of Prayer » աղօթքի օրը։

Արիւնը ոչ մէկ հարց կը լուծէ

«Ես ալ կը ծնկադրեմ Միանմարի ճամբաներուն վրայ եւ կ'ըսեմ. Թող դադրի բռնութիւնը։ Ես ալ բազուկներս կը տարածեմ եւ կ'ըսեմ թող գերակշռէ երկխօսութիւնը։ Արիւնը ոչ մէկ հարց կը լուծէ։ Թող գերակշռէ երկխօսութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը  17 մարտին ուղղած իր կոչին մէջ։

Քահանայապետին կոչերը

Անցեալ 3 մարտին եւս Ան կոչ ուղղած էր ի նպաստ Միանմարին, որով միջազգային հասարակութենէն խնդրած էր գործել եւ այնպէս ընել, որ «Միանմարի ժողովուրդին ձգտումները չի սանձուին բռնութիւնով»։

Նոյնը կատարած էր նաեւ Կիրակի` 7 Փետրուարին,  քաղաքական պատասխանատուութիւններ ունեցողներէն խնդրելով, որ իրենք զիրենք դնեն ի սպաս հասարակաց բարիքին, «խթանելով ընկերային արդարութիւնը եւ ազգային կայունութիւնը, ի նպաստ ժողովրդավարական ներդաշնակ համակեցութեան»։

Քոյր Ան Նու Թաունկի զօրեղ ու խօսուն արարքը

Իր այսօրուայ կոչին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ «Միանմարի ճամբաներու վրայ ծունկի գալու» խօսքը մատնանշում մըն էր` Կաթողիկէ Քոյր Ան Նու Թաունկի զօրեղ ու խօսուն արարքին, որ ծունկի եկաւ զինուորներուն դիմաց պատնէշ հանդիսանալով ու փրկելով այն երիտասարդ ցուցարարներու կեանքերը, որոնք խաղաղ ցոյցեր կը կատարեն ի նպաստ ժողովրդավարութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/03/2021, 11:30