Ֆրանչիսկոս Պապ «Սիտրա» սուրբ գիրքը յանձնեց Քարաքոշի քրիստոնեայ հասարակութեան Ֆրանչիսկոս Պապ «Սիտրա» սուրբ գիրքը յանձնեց Քարաքոշի քրիստոնեայ հասարակութեան 

Ֆրանչիսկոս Պապ Քարաքոշի քրիստոնեաներուն յանձնեց ԺԳ դարուն պատկան ծիսական Սուրբ Գիրքը։

Սիտրա ծիսական գիրքը ՖրանչիսկոսՊապ յանձնեց Անարատ յղութեան անուան տաճարէն ներս տեղի ունեցած աղօթքի ընթացքին Մուսուլիթեմի արքեպիսկոպոս Եուհաննա Պութրոս Մուշէին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Իրաք կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս հանդիպեցաւ Քարաքաշոշի քրիստոնեայ հասարակութեան հետ, Անարատ Յղութեան եկեղեցիէն ներս։ Հանդիպումի ընթացքին Սրբազան Հայրը հասարակութեան յանձնեց Ասորի եկեղեցւոյ պատկան ԺԳ դարու Ծիսական սուրբ Գիրքը, որ պաշտպանուած  է Տահեհի կողմէ գործադրուած կողոպտումի արարքներէ ու  Իտալիա փոխադրուած է  գործադրուած Focsiv անուան ընկերակցութեան կողմէ։ 

Ունկնդրէ լուրը

«Սիտրա» ծիսական գիրքը Ֆրանչիսկոս Պապ յանձնեց Անարատ Յղութեան անուան տաճարէն ներս տեղի ունեցած աղօթքի ընթացքին, Մուսուլի թեմի արքեպիսկոպոս Եուհաննա Պութրոս Մուշէին։

«Սիտրա Ծիսական» գիրքի վերադարձի մասին, Վատիկանի նիւզի հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Focsiv ընկերակցութեան նախագահ Իվանա Պորսոթոն նշելով որ գիրքի վերադարձը ու յանձնումը  հաւատացեալներու Ֆրանչիսկոս Պապին ձեռքով յուզիչ եւ մեծ արարք է ։ Յայտնենք, որ Տիկին Պորսոթօ վեց տարիէ ի վեր Իրաք կը գտնուի ու կը զբաղի գաղթականներով։։

Տիկին Պորսոթօ անդրադարձաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապի քրիստոնեայ հասարակութեան ուղղած ուղերձին նշելով որ ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը կը հաստատեն նաեւ ընկերակցութեան աշխատանքներու կարեւորութիւնը։ Ընկերակցութեան անդամները կը կ՝աշխատին եղբայրութեան ուղիին վրայ։ Անոնք համոզուած են, որ Իրաքի մշակութային ու կրօնական տարբերութիւնը հարստութիւն  է ու առիթ է փոխ ճանաչողութեան։  Focsiv ընկերակցութիւնը պիտի շարունակէ իր գործերը, ու պիտի աջակցի գաղթականներուն, կազմակերպելով դասընթացքներ ու սորվեցնելով արհեստներ Իրաքի մէջ գտնուող գաղթականներուն։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2021, 19:25