Ութը տարիներ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ. Աւետարանի ուրախութիւնը համայն աշխարհին համար։

13 մարտ 2013-ին Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոն ընտրուեցաւ Սուրբ Պետրոսին յաջորդ, առաջին Յիսուսեան Քահանայապետը, առաջին Լատին Ամերիկացին եւ առաջինը որ առաւ Ֆրանչիսկոս անունը։ Անոր ութը տարիներու քահանայապետութիւնը յատկանշուեցաւ ձեռնարկներով եւ բարեփոխումներով, որոնք ներգրաւեցին համայն քրիստոնեաները նոր միսիոներական սլացքով մը, որուն նպատակն է Յիսուսի սէրը տանիլ համայն մարդկութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Եւ այժմ, սկիզբ տանք այս ուղեւորութեան.Եպիսկոպոս եւ ժողովուրդ (…)։ Ձեզմէ կը խնդրեմ լաւութիւն մը. Որ դուք աղօթէք Տիրոջ, որպէսզի օրհնէ ինձ»։ Ֆրանչիսկոս Պապը այս խօսքերը կ՛արտասանէ 13 Մարտ 2013-ի ժամը 20.22ին Վատիկանի Սուր Պետրոս Պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն, Սուրբ Պետրոսի 265րդ յաջորդ ընտրուելէն մի քանի րոպէներ անց եւ իր այս առաջին ողջոյնի խօսքին մէջ ներփակուած է անոր Քահանայապետութեան էութիւնը. եպիսկոպոսին ու ժողովուրդին միասին ճանապարհորդութիւնը, որուն համար ան առաջինն է, որ աղօթք կը խնդրէ։

Դէպի դուրս Եկեղեցի

Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան հեռանկարի մեկնարկը սկիզբ կ’առնէ ներքեւէն եւ ուղղուած է գոյութենական եւ աշխարհագրական արուարձաններուն։ Ան հրաւէր է վերագտնելու Աւետարանի սկզբնական թարմութիւնը եւ խնդրանք է հաւատացեալներուն նոր եռանդի եւ ուժականութեան, որպէսզի Յիսուսին սէրը հասնի իսկապէս բոլորին։

Պերկոլիօ Քահանայապետին իղձն է «դէպի դուրս» Եկեղեցի մը, «բաց դռներով», «դաշտային հիւանդանոց» որ վախ չունի  «քնքշութեան յեղափոխութիւնէն»  եւ ոչ ալ «բարութեան հրաշքէն»։

Աւետարանի ուրախութիւնը Քահանայապետութեան ծրագրային հռչակագիր

Ֆրանչիսկոս Պապին ներմուծած նորութիւններէն մին  եղաւ Սանթա Մարթայի մատրան մէջ անոր  մատուցած ամենօրեայ պատարագները հաւատացեալներու մասնակցութեամբ եւ անոր Քահանայապետութեան առաջին տարին՝  2013-ը յատկանշուեցաւ «Evangelii gaudium- Աւետարանի ուրախութիւնը» առաքելական շրջաբերականի հրատարակութեամբ, որ կարելի է նկատել Ֆրանչիսկոսի Քահանայապետութեան ծրագրային հռչակագիրը, որով Սրբազան Պապը կոչ կ’ուղղէ ի նպաստ նոր աւետարանութեան մը՝ բնութագրուած ուրախութեամբ, ինչպէս նաև եկեղեցական կառոյցներու բարեփոխմամբ, որպէսզի անոնք ըլլան  աւելի միսիոներական  և աւելի մօտ Յիսուսին կամքին: Ասոր համար Ան 2013-ին կը ստեղծէ Կարդինալներու Խորհուրդը, որուն պարտականութիւնն պիտի ըլլայ քննարկել եւ իրականացնել 1988-ին որդեգրուած “Pastor bonus” առաքելական սահմանադրութեան վերատեսութեան ծրագիրը։

Ընտանիքը

Ֆրանչիսկոս Պապին 2014 տարուայ հովուական խնամակալութեան առանցքը եղաւ  «ընտանիքը» որուն Ան կը նուիրէ արտակարգ սիւնհոդոս մը, որ իր ամբողջացումը կը գտնէ “Amoris Laetitia”, առաքելական յորդորագիրին մէջ, որ կը հրապարակուի 8 ապրիլ 2016-ին, որուն մէջ Քահանայապետը շեշտը կը դնէ եւ կ’ ընդգծէ ընտանիքին կարեւորութիւնն ու գեղեցկութիւնը, ընտանիք հիմնուած այր մարդու եւ կնոջ միջեւ  ամուսնութեան վրայ։

2014-ն կը հաստատուի նաեւ Անչափահասներու պաշտպանութեան Քահանայապետական յանձնախումբը որուն նպատակն է խթանել եկեղեցիներուն պատասխանատուութիւնը բոլոր անչափահասներու եւ դիւրաբեկ չափահասներու պաշտպանութեան ծիրէն ներս»։

Դիւանագիտական գետնի վրայ 2014 յատկանշուեցաւ Վատիկանի պարտէզներուն մէջ կայացած Սուրբ Երկրի խաղաղութեան ի նպաստ հանդիպումով` 8 Յունիսին, Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեսի եւ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասի ներկայութեամբ։ Ապա երկրորդ յիշարժան եղելութիւնը եղաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Քուպայի միջեւ դիւանագիտական կապերու վերահաստատումը։

Արարչագործութեան պաշտպանութիւնը

2015-ն կեդրոնացաւ Արարչագործութեան պաշտպանութեան վրայ։ 24 Մայիսին Քահանայապետը ստորագրեց, «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականը, որ կոչ մըն է խնամք տանելու արարչագործութեան ու նաեւ յանձնառու ըլլալու պաշտպանելու համար աղքատները։  Այս ուղղութեամբ Քահանայապետը կը հաստատէ նաեւ «Արարչագործութեան խնամքի աղօթքի համաշխարհային օրը» որ կը յիշատակուի ամէն տարուայ մէկ սեպտեմբերին։

Բարեփոխումներու ծիրէն ներս մինչ կը շարունակուին Կարդինալական Խորհուրդին ժողովները  առաջարկ կը ներկայացուի նոր Առաքելական Սահմանադրութեան որպէս տիտղոս ընտրել «Քարոզեցէք Աւետարանը»։ 2015-ը եղաւ նաեւ «Վաթիլիքս2» հարցի տարին, հայող Վատիկանեան գաղտնի փաստաթուղթերու անօրէն կերպով տարածումին։

Ողորմութեան տարին

«Եղէք ողորմած ինչպէս Հայրը», 2016-ը  եղաւ Ողորմութեան նուիրուած Յոբելենական տարին։ Առաջին անգամ ըլլալով Քահանայապետը առիթ տուաւ այդ Յոբելեանը տօնախմբել աշխարհի զանազան թեմերուն մէջ,  բանալով Սուրբ Դռներ, եւ ինք անձամբ կը գլխաւորէ Կեդրոնական Ափրիկէի Պանկիի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ  Սուրբ Դռան բացման արարողութիւնը, 2015-ին, Ափրիկեան այդ երկիրը կատարած առաքելական այցելութեան առթիւ, ողորմութեան տարւոյն սկիզբ տալով աշխարհի արուարձանային մէկ քաղաքէն։

2016-ի Փետրուարի 12-ն եղաւ նաեւ պատմական թուական։ Ֆրանչիսկոս Պապը Քուպայի մէջ հանդիպում կ’ունենայ համայն Ռուսիոյ Պատրիարք Քիրիլի հետ ստորագրելով միասնական յայտարարութիւն մը, որուն միջոցաւ անոնք իրենց յանձնառութիւնը կը յայտնեն պատասխանելու ժամանակակից աշխարհի մարտահրաւէրներուն, որոնց շարքին նաեւ վերջ դնել քրիստոնեաներուն դէմ մղուած հալածանքներուն եւ պատերազմներուն, խթանել միջ կրօնական երկխօսութիւնը, օգնել գաղթականներուն եւ պաշտպանել կեանքն ու ընտանիքը։

Աղքատներուն նուիրուած համաշխարհային օր

2017 տարին եւս դիւանագիտական գետնի վրայ եղաւ կարեւոր. 20 սեպտեմբեր 2017-ին Սուրբ Աթոռը եղաւ առաջին այն Պետութիւններէն որոնք ստորագրեցին «Հիւլէական զէնքերու կանխարգիլման համաձայնագիրը»։ Մինչ հովուական գետնի վրայ տարին յատկանշուեցաւ  Աղքատներու համաշխարհային օրուան առաջին յիշատակութեամբ։

Չինաստանի հետ համաձայնագիրը։

2018-ն յատկանշուեցաւ  Երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսով եւ անոր յաջորդող «Քրիստոս Կ’ապրի» յետ սիւնհոդոսական  յորդորագիրով։ 2018-ն եղաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի միջեւ ստորագրուած ժամանակաւոր համաձայնագիրի  տարին։

Նոյն տարուան մէջ ապա ի յայտ եկան եկեղեցւոյ մէջ անչափահասներու դէմ գործուած ոտնձգութիւններու գայթակղութիւնները, որոնց ուղղութեամբ Սրբազան Քահանայապետը Իռլանդա կատարած առաքելական ճամբորդութեան աւարտին ներում կը հայցէ յանուն եկեղեցւոյ ապա կը յանձնարարէ աւելի վճռակամութեամբ պայքար մղել այդ ախտին դէմ ու արմատախիլ ընել զայն եկեղեցւոյ կեանքէն։ Այդ առնչութեամբ Սրբազան Քահանայապետը ինքնագիր նամակով մը կը վերացնէ սեռային ոտնձգութիւններու պարագային «Քահանայապետական գաղտնիքը»։

Եղբայրութիւն, խաղաղութիւն, քրիստոնեաներու միութիւն։

2019 մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթի տարին է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը ստորագրեց Ապու Տապի կատարած առաքելական այցելութեան առթիւ 4 փետրուարին Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Ահմատ ալ Թայեպին հետ միասին։ Հիմնական ու կարեւոր պատմական փաստաթուղթ մը, որ կը քաջալերելէ միջ կրօնական երկխօսութիւնը ընդմէջ քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն ու կը դատապարտէ ահաբեկութիւնն ու բռնութիւնները։ Նոյն տարուայ ընթացքին  Քահանայապետը Վատիկան հրաւիրեց Հարաւային Սուտանի քաղաքական Ղեկավարները, որոնք ապրիլ ամսուայ ընթացքին մասնակցեցան հոգեւոր կրթութեան մը։ Այդ առթիւ Քահանայապետը անոնց յանձնարարեց գործել ի սպաս խաղաղութեան։ Իսկ երրորդ կարեւոր եւ յիշարժան իրադարձութիւններէն մին եղաւ նաեւ  Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան  Սուրբ Պետրոսի մասունքներէն մի քանի բեկորներու նուիրումը։

Քովիտ19 համաճարակը եւ Քահանայապետին մօտիկութիւնը

2020 տարին յատկանշուեցաւ դժբախտաբար Քովիտ 19 համաճարակով, որուն ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը իր մօտիկութիւնը արտայայտեց աղօթքի զօրութեամբ։ Աշխարհի յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ է ու մի գուցէ շատ տարիներ այդպէս ալ պիտի մնայ Սրբազան Քահանայապետին 2020-ի 27 մարտին Սուրբ Պետրոսի դատարկ հրապարակին վրայ առանձին կատարած աղերսական աղօթքը։ Անոր հետ միասին պէտք է յիշել նաեւ հրապարակային ունկնդրութիւններու եւ Մարեմեան աղօթքներու ու այլ արարողութիւններուն ուղիղ եթերով սփռումները, որոնց շարքին նաեւ Սանթա Մարթայի մատուռէն առօրեայ պատարագները։

2020-ի փետրուարին հրապարակուեցաւ «Querida Amazonia” յետ սիւնհոդոսական առաքելական յորդորագիրը, որ պտուղն էր 2019-ին գումարուած Համա-Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին։ Ապա 2020ի հոկտեմբերին Սրբազան Պապը Ասսիզիի սրբավայրին մէջ ստորագրեց Քահանայապետութեան երրորդ շրջաբերականը՝ «Fratelli tutti»ին, որ կոչ մըն է եղբայրութեան եւ ընկերային բարեկամութեան, ուր կը վերահաստատուի պատերազմին դէմ ոչը՝ կառուցելու համար աւելի լաւ աշխարհ մը բոլորի յանձնառութեամբ։

2020 տարին աւարտեցաւ դէպի Իրաք առաքելական ճամբորդութեան լուրի յայտարարութեամբ։ Ճամբորդութիւն մը զոր Քահանայապետը իրագործեց 2021-ի Մարտին սկիզբը, հանդիսանալով առաջին Քահանայապետը, որ կ՛այցելէ Աբրահամի երկիրը իր հետ տանելով եղբայրութեան եւ յոյսի պատգամ մը

Որոշ վիճակագրական տուեալներ

Մինչեւ օրս Ֆրանչիսկոս Պապը կատարած է 25 ճամբորդութիւններ Իտալիոյ մէջ ու 33 այլ ճամբորդութիւններ Իտալիոյ սահմաններէն դուրս։ Ան ապա գլխաւորած է 340 Հրապարակային Ունկնդրութիւններ, 540 Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքներ, 790ի մօտ քարոզներ Սանթա Մարթայի մատուրէն։ Ան հռչակած է 900 նոր սուրբեր ներառեալ Օթրանթոյի 800 մարտիրոսները։ Ֆրանչիսկոս Պապը գլխաւորած է 7 Կարդինալական Ժողովներ, ստեղծելով 101 Կարդինալներ։ Ան ապա հաստատած է տարբեր «Օրեր» որոնց շարքին վերջինը՝ Տարեցներու եւ Մամիկ Պապիկներու համաշխարհային օրը, որուն առաջին յիշատակումը տեղի պիտի ունենայ 2021-ի Յուլիսին՝ Յիսուսին մեծ մօր ու մեծ հօր Սուրբ Յովակիմի եւ Սրբուհի Աննայի ծիսական տօնին մօտիկ կիրակին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/03/2021, 08:26