Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Մօտիկ հեռաւորութեան մէջ. Մէկ տարի առաջ Քահանայապետին ուղիղ եթերով պատարագները Սանթա Մարթայէն։

Ամէն օր քաջալերանքի խօսքեր։ Ամէն օր աղօթք առ Աստուած. որպէսզի ներէ մեզի ու մեր վրայ զեղու իր ողորմածութիւնը։ Վատիկանէն պատուհան մը` բացուած աշխարհին եւ հաւատացեալներուն առջեւ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

9 մարտ 2020ին, համաճարակի օրերուն, Վատիկանի լրատուամիջոցները Քահանայապետին կամքով, ամէն օր առաւօտեան ժամը 7-ին, սկսան Ֆրանչիսկոս Պապին Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած ամէնօրեայ պատարագները սփռել ուղիղ եթերով։ Երկու ամսուայ երկարութեամբ համաճարակին պատճառաւ փակուած աշխարհի մը մէջ ֆրանչիսկոս Պապը չուզեց զլանալ իր մօտիկութիւնը։ Այդ մէկը դարձաւ կարեւոր առօրեայ ժամադրութիւն մը, աշխարհի համայն հաւատացեալներուն համար։

Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը

Համաճարակի այդ տագնապալի օրերուն, երբ մարդիկ վրդովումի մէջ էին, մոլորած, մեռեալներուն ամենօրեայ հաշուետուութիւնը  խոցելի կը դարձնէր մարդոց հոգեբանական իրավիճակը, շատերը մատնելով վախի եւ յուսալքումի, Սրբազան Քահանայապետը կ'որոշէ, որպէս Հայր մը, իր մօտիկութիւնը արտայայտել հեռաւորութեան մէջ, առիթ ընծայելով բոլոր հաւատացեալներուն մասնակից դառնալու իր աղօթքին։

«Այս օրերուն Պատարագը պիտի մատուցեմ քորոնավիրուսի համաճարակի հիւանդներուն համար, բժիշկներուն, հիւանդապահերուն, ու կամաւորներուն համար, ընտանիքներուն, տարեցներուն` որոնք կը գտնուին հանգստեան տուներուն մէջ ու բանտարկեալներուն համար, որոնք կալանաւորուած են» ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապը այդ առիթով ու հրաւիրած էր դիմելու աղօթքին։ Աղօթելու մէկ ու միացած ձայնով, որպէսզի չի յանձնուինք եւ յուսալքումի չի մատնուինք։

Յատուկ աղօթքի դիտաւորութիւններ

Առօրեայ ամէն մէկ պատարագին սկիզբը Քահանայապետը յատուկ աղօթքի դիտաւորութիւն մը կը ներկայացնէր, սկսեալ ինչպէս ըսինք հիւանդներէն, անոնց ընտանեկան պարագաներէն, բժիշկներէն, հիւանդապահներէն, բժշկական մարզին մէջ ներգրաւած անձերէն, մինչեւ զաւակ սպասող մայրերը, ուսուցիչները, դպրոցներէն հեռու մանուկներն ու պատանիները, արուեստի աշխարհին գործիչները, դժուարութեան մէջ ապրող ընտանիքներն ու անհատները, մոռցուած տարեցները, ու աշխատանքի եւ օրուայ հացի կարօտ անձերը, ու նաեւ Քահանաները որոնք հերոսաբար կը շարունակէին ստեղծագործ կերպով ծառայել իրենց յանձնուած հոտին։

Ամէն օր մէկ դիտաւորութիւն։ Ամէն օր քաջալերանքի խօսքեր։ Ամէն օր աղօթք առ Աստուած, որպէսզի ներէ մեզի, գթայ մեր վրայ ու մեր վրայ զեղու իր ողորմածութիւնը։

Վատիկանէն մօտիկութեան պատուհան մը` բացուած աշխարհին եւ հաւատացեալներուն առջեւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/03/2021, 10:24