Սուրբ Հաղորդութիւնը Սուրբ Հաղորդութիւնը 

Սուրբ Հաղորդութեան 53րդ միջազգային համագումարը Քիթոյի մէջ 2024-ին։

Այս եկեղեցական հաւաքը պիտի բացայայտէ Սուրբ հաղորդութեան պտղաբերութիւնը Լատին Ամերիկայի ցամաքամասին մէջ հաւատքի վերանորոգման եւ աւետարանութեան ծիրէն ներս
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Մինչ հունգարիան կը պատրաստուի հիւրընկալելու Սուրբ Հաղորդութեան 52-րդ համագումարը Քահանայապետի որոշումով յայտարարուեցաւ թէ 53-րդ համագրումը տեղի պիտի ունենայ էքուատորի Քիթոյի թեմին մէջ, 2024 թուականին, Էքուատորին Յիսուսի Սուրբ սրտին նուիրումին 150րդ տարեդարձին առթիւ։

Լուրը կը կարդանք Սուրբ Հաղորդութեան համաժողովներուն Քահանայապետական խորհուրդին հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ ուր ապա կը մատնանշուի, որ «այս եկեղեցական հաւաքը պիտի բացայայտէ Սուրբ հաղորդութեան պտղաբերութիւնը Լատին Ամերիկայի ցամաքամասին մէջ հաւատքի վերանորոգման եւ աւետարանութեան ծիրէն ներս»։

հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ թէ մինչ այդ հունգարիան կը շարունակէ նախապատրաստական գործունէութիւնը տօնախմբելու համար Սուրբ հաղորդութեան 52-րդ միջազգային համագումարը Պուտափեշտ քաղաքին մէջ 5 – 12 սեպտեմբեր 2021-ին, որուն նախատեսուած է նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին մասնակցութիւնը։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2021, 12:30